Ուաշինկթընի մէջ ընթացող Խորհրդարանական ղեկավարութեան ֆորումի ծիրին մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նախագահ Արարատ Միրզոյեան 16 յուլիսին հանդիպում ունեցած է Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան նախագահ Նենսի Փելոսիի հետ, կը տեղեկացնէ Հայաստանի Ազգային ժողովին մամլոյ ծառայութիւնը:
Խորհրդարանի ղեկավարը ներկայացուցած է Հայաստանի մէջ տեղի ունեցող զարգացումները եւ շնորհակալութիւն յայտնած Նենսի Փելոսիին` հայ-ամերիկեան յարաբերութիւններուն մէջ տարիներ շարունակ ունեցած աւանդին համար:
Ներկայացուցիչներու տան նախագահը կարեւոր նկատած է Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած ժողովրդավարական փոփոխութիւնները:
Հանդիպումի ընթացքին կողմերը քննարկած են երկուստեք հետաքրքրութիւն ներկայացնող հարցեր: