Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայաստան Կը Մասնակցի Ուաշինկթընի Կրօնական Ազատութիւններուն Նուիրուած Համաժողովին

July 19, 2019
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ուաշինկթընի մէջ շուրջ հարիւր երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներ` կրօնական հետապնդումներէ եւ յարձակումներէ վերապրածներու հետ միասին, կը մասնակցին Կրօնական ազատութիւններուն նուիրուած համաժողովին: Մասնակիցներուն շարքին է նաեւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Զոհրապ Մնացականեան:

17 յուլիսին Զոհրապ Մնացականեան հանդիպում ունեցած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի եւրոպական եւ եւրասիական հարցերով տեղակալ Ֆիլիփ Ռիքըրի հետ: Անոնք քննարկած են Միացեալ Նահանգներու եւ Հայաստանի միջեւ յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ կրօնական փոքրամասնութիւններու` մասնաւորապէս Միջին Արեւելքի քրիստոնեաներու պաշտպանութեան հետ կապուած հարցեր:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէօ եւ կրօնական ազատութիւններու հարցերով Միացեալ Նահանգներու դեսպան Սեմ Պրաունպեք ընդգծած են, որ Ուաշինկթընի` կրօնական ազատութիւններու վերաբերեալ համաժողովի հիմնական նպատակն է համախմբել տարբեր դաւանանքի գործիչներ` ընդդէմ կրօնական հետապնդումներու եւ յարձակումներու:

«Աշխարհի մէջ մարդիկ պէտք է ազատօրէն դաւանին իրենց նախընտրած հաւատքը` իրենց տան, սրբատեղիներուն, հանրային վայրերուն մէջ», նշած է Փոմփէօ:

Կրօնական հետապնդումներէ եւ յարձակումներէ վերապրածները հանդէս եկան վկայութիւններով: Խօսք առած է եզիտի իրաւապաշտպան Նատիա Մուրատ, որ ՏԱՀԵՇ ծայրայեղական խմբաւորման կողմէ գերի առնուած էր հիւսիսային Իրաքի մէջ:

«Պատմութիւնն ու հետազօտութիւնները մեզ կը սորվեցնեն, որ ժամանակ առ ժամանակ տեղի կ՛ունենան ցեղասպանական գործողութիւններ»,  յայտարարած է Մուրատ:

Սրի Լանքայի մէջ Ս. Զատիկի տօներու օրերուն քրիստոնէական եկեղեցւոյ վրայ յարձակումէն վերապրած Եամինի Ռաւիտրա կը նշէ, որ յարձակումէն ետք իրենց քրիստոնեայ համայնքը կ՛ապրի վախի մթնոլորտի մէջ: Այլ վերապրած մը` Ֆարիտ Ահմետ, որուն կինը զոհուած է Նոր Զելանտայի մէջ մզկիթի մը վրայ յարձակման ժամանակ, նշած է, որ իր կրօնը իրեն սորվեցուցած է ներել մարդասպաններուն:

Կրօնական հողի վրայ յարձակումներէ վերապրածները կ՛ընդգծեն, որ ողբերգութիւնը միաւորած է զիրենք ատելութեան ու անհանդուրժողականութեան դէմ:

Նախորդը

Իջեւանի Դէպքերուն Անդրադառնալով. Արթուր Վանեցեան. «Անընդունելի Է Որեւէ Իրավիճակ, Երբ Իրաւապահ Մարմիններու Ներկայացուցիչներու Նկատմամբ Կը Կիրարկուի Ուժ»

Յաջորդը

Նախագահ Արմէն Սարգսեան Ընդունած Է Նիւ Սաութ Ուէյլզ Նահանգի Վարչապետ Կլատիս Պերեճիքլեանը

RelatedPosts

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին Հետ  Զրոյց-Հանդիպում Լիբանանի Ազգային Առաջնորդարանին Մէջ
Գաղութային

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին Հետ Զրոյց-Հանդիպում Լիբանանի Ազգային Առաջնորդարանին Մէջ

October 30, 2026
Ազգային Ժողովին Մէջ Բուռն Ծեծկռտուք`  Իշխանական Եւ Ընդդիմադիր  Պատգամաւորներու Միջեւ
Գլխաւոր լուրեր

Ազգային Ժողովին Մէջ Բուռն Ծեծկռտուք` Իշխանական Եւ Ընդդիմադիր Պատգամաւորներու Միջեւ

October 30, 2026
Լեւոն Մնացականեան Պաքուի Դատարանին Մէջ Հերքած Է Ազրպէյճանցիի Մեղադրանքը
Հայկական

Ըստ Հայաստանի Իշխանութիւններուն Գերիներու Հարցի Լուծման Ուղին Կ՛անցնի Ազրպէյճանի Հետ Երկխօսութեան Ընդմէջէն

October 30, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.