Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Աշխատանքի Ոլորտի Խնդիրներու Համակարգային Լուծումները Պէտք Է Ըլլան Հետագայ Բարեփոխումներու Հիմնական Օրակարգ

July 18, 2019
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան Բիւրոյի տնտեսական հետազօտութիւններու գրասենեակը երէկ` 17 յուլիսին նախաձեռնած էր կլոր սեղան-քննարկում` «Հայաստանի մէջ աշխատանքային իրաւունքներու պաշտպանութիւն. բացայայտուած խնդիրներ եւ մտահոգիչ դրսեւորումներ, հնարաւոր լուծումներ» նիւթով: Քննարկումին ներկայ էին ՀՅԴ վերոնշեալ գրասենեակի մասնագէտներ, Հայաստանի նախագահի, վարչապետի, մարդու իրաւունքներու պաշտպանի աշխատակազմերէն  ներկայացուցիչներ, պատգամաւորներ, փաստաբաններ եւ այլ հիւրեր:

Գրասենեակի կատարած հետազօտութիւնը ներկայացուց ՀՅԴ Բիւրոյի տնտեսական հետազօտութիւններու գրասենեակի համակարգող, տնտեսագէտ Թադեւոս Աւետիսեան: Անոր ելոյթէն ետք մասնակիցները հարցուպատասխանի ձեւաչափով ծաւալեցին քննարկում, որ անցաւ բաւական կառուցողական մթնոլորտի մէջ:

Նշենք, որ ՀՅԴ Բիւրոյի տնտեսական հետազօտութիւններու գրասենեակը Հայաստանի աշխատանքային օրէնսդրութեան մասնագիտական համակողմանի ուսումնասիրութիւններու արդիւնքներով առանձնացուցած է առարկայական շարք մը խնդիրներ` անոնց հաւանական լուծումներով: Այդ խնդիրները ուղղակիօրէն կը վերաբերին աշխատանքի ոլորտի շարք մը բնագաւառներու մէջ Հայաստանի ստանձնած միջազգային պարտաւորութիւններու թերի կատարման, աշխատողներու եւ գործատուներու իրաւունքներու եւ պարտականութիւններու ոչ հաւասարակշիռ ապահովման, օրինական եւ արժանապատիւ  աշխատանքի համար անհրաժեշտ նուազագոյն պայմաններու  բացակայութեան:

Վեր հանուած խնդիրները կը ներառեն աշխատանքային իրաւունքներու  պաշտպանութեան ոլորտին մէջ օրէնսդրական լուծման բացերը:

Ըստ գրասենեակի ներկայացուցած վերլուծութեան, նախկին զինուորներու եւ անոնց ընտանիքներու անդամներուն, ինչպէս նաեւ զոհուած զինուորներու ընտանիքներու անդամներուն համար Աշխատանքային օրէնսգիրքով նախատեսուած չեն լուծման անհրաժեշտ առանձնայատկութիւններ (արտօնութիւններ), որոնք կը գործեն, օրինակ, Ռուսիոյ, Պիելոռուսիոյ, Թուրքմենիստանի եւ Տաճիկիստանի մէջ: Անվիճելի է նմանատիպ լուծման առարկայական անհրաժեշտութիւնը նաեւ մեր երկրին մէջ:

Իր ելոյթին մէջ Աւետիսեան անդրադարձաւ Հայաստանի մէջ օտարերկրացիներու աշխատանքին:

Անդրադառնալով աշխատանքային ժամերուն եւ դրութեան` ան նշեց, որ 2014 թուականին օրական 24-ժամեայ աշխատանքը արգիլող օրէնքի նախագիծ դրուած էր շրջանառութեան մէջ, սակայն հետագային անիկա  չընդունուեցաւ, ու գերադասուեցաւ գործատուներու շահը: Բայց միջազգային իրաւունքի չափանիշներով` որեւէ պարագայի օրական աշխատանքային ժամանակը պէտք չէ գերազանցէ 16 ժամը:

ՀՅԴ տնտեսական հետազօտութիւններու գրասենեակի առաջարկուող լուծումները միտուած են աշխատանքի ոլորտին մէջ Հայաստանի վաւերացուցած միջազգային պարտաւորութիւններու կատարման, ներքին օրէնսդրական առկայ հակասութիւններու վերացման, միջազգային դրական փորձով ապացուցուած արդիւնաւէտ լուծումները մեր երկրին մէջ տեղայնացնելուն, ինչպէս նաեւ աշխատանքային յարաբերութիւններու մէջ ընկերային երկխօսութեան եւ գործընկերութեան կայացման ու զարգացման համար անհրաժեշտ հիմքերու ամբողջականացման:

Նախորդը

Փաշինեան. «Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի Միջեւ Թէժ Գիծը Կ՛աշխատի, Բայց Ատիկա Չ՛երաշխաւորեր, Որ Մենք Զոհեր Չունենանք»

Յաջորդը

Ռէալ Մատրիտ Պատրաստ Է Ծախելու Ռոտրիկեզը

RelatedPosts

Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակի Հերթական Առցանց Նիստ
Գաղութային

«Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակ»ի հերթական առցանց նիստ

February 2, 2026
Թրամփ Յայտարարած Է, Որ Իրան Կը Բանակցի Միացեալ Նահանգներու Հետ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Յայտարարած Է, Որ Իրան Կը Բանակցի Միացեալ Նահանգներու Հետ

February 2, 2026
Միացեալ Նահանգներու Մասնակցութեամբ Ուքրանիոյ Եւ Ռուսիոյ Բանակցութիւնները Տեղի Պիտի Ունենան Յաջորդ Շաբաթ Ապու Տապիի Մէջ
Գլխաւոր լուրեր

Միացեալ Նահանգներու Մասնակցութեամբ Ուքրանիոյ Եւ Ռուսիոյ Բանակցութիւնները Տեղի Պիտի Ունենան Յաջորդ Շաբաթ Ապու Տապիի Մէջ

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.