Գլխաւոր լուրեր

7172_b-(Sargsian_Boudou)

Նախագահ Սարգսեան Սկսաւ Լատինական Ամերիկա Իր Պաշտօնական Այցելութեան Առաջին Կանգառը` Արժանթին

Պաշտօնական այցելութեամբ Արժանթին գտնուող նախագահ Սերժ Սարգսեան հանդիպում ունեցաւ Արժանթինի Հանրապետութեան փոխնախագահ, Ծերակոյտի նախագահ Ամատօ Պոտուի հետ: Նկատի առնելով, որ Արժանթինի նախագահ Քրիսթինա Ֆերնանտես Տը Քիրչներ առողջական խնդիրներու պատճառով յետաձգած էր իր մասնակցութեամբ բոլոր պաշտօնական ձեռնարկները, որոնց շարքին` 9 յուլիսին երկրի ազգային տօնին առիթով կազմակերպուած ձեռնարկները, արժանթինեան կողմին հետ բանակցութիւնները տեղի ունեցան Արժանթինի Հանրապետութեան փոխնախագահ Պոտուի գլխաւորած բարձրաստիճան պատուիրակութեան հետ:...

0807Ashton

Նամակ Քեթրին Էշթընէն` Եւրոպայի Հայ Դատի Յանձնախումբին

ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ դատի յանձնախումբը երէկ նամակ մը ստացաւ Եւրոպական Միութեան յանձնաժողովի փոխնախագահ, միութեան արտաքին յարաբերութիւններու եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան բարձր ներկայացուցիչ Քեթրին Էշթընէն, ի պատասխան յանձնախումբի 6 յունիս 2014 թուակիր նամակին, ուր յանձնախումբը մտահոգութիւն յայտնած էր Սուրիոյ հայ համայնքի ճակատագիրին, Քեսապի դէմ յարձակումին, Սուրիոյ տագնապին մէջ Թուրքիոյ ունեցած դերակատարութեան եւ պատերազմին մէջտեղ գտնուող կրօնական, ազգային խոցելի համայնքներու իրավիճակին մասին: Ստորեւ`...

0807Arthur-Aghapekian

Ազգային Պետական Վիճակախաղը Յաջող Ընթացք Եւ Լաւ Արդիւնքներ Ունի

Արթուր Աղաբեկեան Անցեալ տարի սկսած Ազգային պետական վիճակախաղ ծրագիրը բաւական յաջող ընթացք ու լաւ արդիւնքներ ունի: 2013 թուականին ծախուած է 260 հազարէ  աւելի վիճակախաղի տոմս, 340-էն աւելին շահած են: Իբրեւ նուէր տրամադրուող գորգերը արդէն գտած  են իրենց տէրերը, իսկ Քաշաթաղի շրջանի Իշխանաձոր գիւղին մէջ այսօր կը կառուցուի 10 տուն: Այս տուեալները տրամադրեց Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան փոխվարչապետ Արթուր Աղաբեկեան: Փոխվարչապետը ներկայացուց...

0807Aliyev-f

Ալիեւ. «Ղարաբաղեան Տագնապի Հարցին Մէջ Բանակցութիւններու Ներուժը Տակաւին Չէ Սպառած»

Իլհամ Ալիեւ ԻԹԱՐ-ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ իր երկրի դիւանագիտական ծառայութեան մարմիններու ղեկավարներուն խորհրդակցութեան ընթացքին յայտարարած է, որ Ազրպէյճան կ՛օգտագործէ քաղաքական եւ տնտեսական գործօնները` ղարաբաղեան տագնապի խաղաղ լուծման համար: Ազրպէյճանի ղեկավարը ընդգծած է, որ իր երկիրը` մեծցնելով իր ներուժը, ընդունակ է խնդիրը լուծելու զինուորական միջոցով:                                   «Սակայն մենք կը կարծենք, որ բանակցութիւններուն ներուժը տակաւին չէ սպառած:...

Լաւրով Եւ Չաւուշօղլու Ընդգծած Են Սուրիոյ Հարցով Նոր Վեհաժողովի Կարեւորութիւնը

Ռուսիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը Կը Յայտարարէ. «Հռետորաբանութիւնը Չի Նպաստեր Լեռնային Ղարաբաղի Տագնապի Խաղաղ Լուծման»

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը` պատասխանելով Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հակահայկական հռետորաբանութեան վերաբերեալ Հայաստանի պետական պատկերասփիւռի կայանի հարցումին, ըսած է, որ անիկա չի նպաստեր Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի խաղաղ լուծման: «Մեկնելով անկէ, որ ռազմատենչ հռետորաբանութիւնը, որմէ ալ որ կը հնչէ, չի նպաստեր տագնապի խաղաղ լուծման, այլ ընդհակառակն` կը բարդացնէ լուծումը: Ատիկա համանախագահ երկիրներու ընդհանուր դիրքորոշումն է: «Այս կապակցութեամբ կը յիշեցնենք, որ անցեալ...

0707Sahakian_naryshkin-f

Մոսկուայի Մէջ. Գալուստ Սահակեան Հանդիպում Ունեցաւ Ռուսիոյ Պետական Տումայի Նախագահին Հետ

Սահակեան եւ Նարիշքին Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահ Գալուստ Սահակեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը կը շարունակէ պաշտօնական այցելութիւնը Ռուսիա: Երէկ Ազգային ժողովի նախագահին գլխաւորած պատուիրակութեան անդամները Մոսկուայի Ալեքսանտրեան այգիին մէջ ծաղկեպսակ եւ ծաղիկներ դրած են Անյայտ զինուորի յուշակոթողին: Այնուհետեւ պատուիրակութիւնը մեկնած է ռուսական խորհրդարան, ուր Գալուստ Սահակեան դռնփակ հանդիպում ունեցած է Ռուսիոյ Պետական տումայի նախագահ Սերկէյ Նարիշքինի հետ: Հանդիպումը շարունակուած է ընդլայնուած կազմով:...

0707Vandalism

Ֆրանսայի Մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան Նուիրուած Յուշարձանը Պղծուած Է

Լիոնէն ոչ հեռու գտնուող Վիլորպան քաղաքի` 1915 թուականի Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին նուիրուած յուշարձանը բարբարոսութեան ենթարկուած է: Հանուած են յուշարձանին վրայ տեղադրուած գրութեան տառերէն մի քանին, ինչ որ անկարելի դարձուցած է կարդալ այդ գրութիւնը, որ կը վերաբերի Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման: Յուշարձանը կանգնեցուած էր 23 ապրիլ 2005 թուականին` ցեղասպանութեան 90-րդ տարելիցին առիթով Վիլորպանի քաղաքապետ Ժան-Փոլ Պրտէի կողմէ: Ասիկա բարբարոսութեան երկրորդ դէպքն...

0707bundestag

Գերմանիոյ Խորհրդարանին Մէջ Յիշատակած Են Հայոց Ցեղասպանութիւնը

Գերմանիոյ խորհրդարանին մէջ 3 յուլիսին Համաշխարհային Ա. պատերազմի 100-ամեակի տարելիցին նուիրուած յատուկ նիստ մը տեղի ունեցած է: Բացման խօսքը արտասանած է խորհրդարանի նախագահ Նորպերթ Լամմերթ: Լամմերթ իր խօսքին մէջ նշած է, որ Համաշխարհային Ա. պատերազմը յատկանշական դարձած է Հապսպուրկեան եւ Օսմանեան կայսրութիւններու մայրամուտով եւ ազդարարած նոր դարաշրջանի սկիզբը, ինչպէս նաեւ անիկա միաժամանակ պատերազմական նոր օճախներ ստեղծած է Պալքաններու եւ Կովկասի...

0707zruyts

Հարցազրոյց Դոկտ. Մհեր Յովհաննիսեանի Հետ

Երկուշաբթի, 7 յուլիս 2014-ին «Ազդակ»-ի «Արսէն Չաղլասեան» ժողովասենեակին մէջ տեղի ունեցաւ հարցազրոյց Երեւանի պետական համալսարանի Հայագիտական հետազօտութիւններու հիմնարկի փոխտնօրէն դոկտ. Մհեր Յովհաննիսեանի հետ: Զրուցավարն էր «Ազդակ»-ի միջազգային լուրերու խմբագիր Վահրամ Էմմիեան: Հարցազրոյցին ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ Երեւանի պետական համալսարանի` սփիւռքի եւ Լիբանանի հետ գործակցութեան վերաբերող հարցերուն: Դոկտ. Յովհաննիսեան նշեց, որ իրողութեան մէջ Երեւանի պետական համալսարանի լիբանանահայութեան հետ գործակցութիւնը սկիզբ առած է...

0707sheykh

Սուրիահայութեան Առօրեայէն. Բուռն Բախումներ Հալէպի Տարբեր Շրջաններուն Մէջ

Հալէպի Շէյխ Նաժժար շրջանը Ըստ «Բերիոյ Նիուզ»-ի, Հալէպի տարբեր ճակատներուն վրայ բախումները կը շարունակուին: Սուրիական բանակը վերջին քանի մը օրերուն ընթացքին յառաջխաղացք արձանագրեց Հալէպ քաղաքի եւ շրջակայքի կարգ մը գիւղերուն մէջ: Սուրիական բանակը զինուորական ծանր գործողութիւններ կը կատարէ ընդդիմադիր զինեալ խմբաւորումներու վերահսկողութեան տակ գտնուող շրջաններու դէմ: Հալէպի մէջ մարտերը կ’ընթանան Շըղէյեֆ, Թել Շհիր, Պապիս, Շէյխ Սայիտ, Հրէյթան, Հանանօ, Քաֆար Տաէլ,...

0607sahmana

Հայաստան Նշեց Սահմանադրութեան Օրը

5 յուլիսին Հայաստան նշած է Սահմանադրութեան օրը: Սահմանադրութեան օրուան առիթով շնորհաւորական ուղերձով հանդէս եկած է Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան: Հանրապետութեան նախագահին ուղերձը հրապարակուած է Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի հասարակութեան եւ տեղեկատուութեան միջոցներու հետ կապերու վարչութեան կողմէ: Հանրապետութեան նախագահը իր ուղերձին մէջ կ՛ըսէ. «Մեր երկրին մայր օրէնքը արտայայտիչն է մեր ժողովուրդի ընտրած ուղիին` ազատ, ժողովրդավարական հասարակութիւն եւ ընկերային ու իրաւական...

0607Մովսես-Հակոբյան

Լեռնային Ղարաբաղի Բանակի Հրամանատարական Կազմի Խորհրդակցութիւններ` Հատրութի Մէջ

Լեռնային Ղարաբաղի բանակի հրամանատարական կազմի, սպայակոյտի բաժիններուն եւ ծառայութիւններու պետերուն մասնակցութեամբ Հատրութի մէջ տեղի ունեցած է արտակարգ զինուորական խորհրդակցութիւն` նուիրուած բանակի հարաւարեւելեան ուղղութեամբ տեղակայուած միաւորումներէն մէկուն մէջ իրականացուած եւ իրականացուող հոլովոյթներուն քննարկումին: Լեռնային Ղարաբաղի պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ ծառայութեան փոխանցումով` խորհրդակցութեան ընթացքին միաւորումի հրամանատարը նախ ներկայացուցած է ենթակայ զօրամասերուն եւ առանձին ստորաբաժանումներուն մէջ կատարուած աշխատանքներու ընդհանուր բնութագիրը, ապա անդրադարձած է առկայ...

0607latakia-f

Քեսապահայերը Նիւթական Օժանդակութիւն Պիտի Ստանան

Յառաջիկայ օրերուն քեսապահայերը նիւթական օժանդակութիւն պիտի ստանան: «Արմէնփրես»-ին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին այս մասին յայտնած է քեսապահայ Կարօ Մանճիկեան` աւելցնելով, որ բնակիչներուն ցանկը արդէն պատրաստ է, եւ յառաջիկայ 4-5 օրերուն պիտի սկսի օգնութեան բաշխումը: Անոր համաձայն, օգնութիւնը տրամադրած է Համահայկական բարեգործական ընկերութիւնը: «Սուրիոյ մէջ Հայաստանի դեսպան Արշակ Փոլատեան շօշափելի գումար փոխանցած է առաջին անգամ Քեսապ կատարած իր այցելութեան ընթացքին», նշած...

0407Arxangelsk

Արխանկելսքի Մէջ. Հայկական Խաչքարի Բացման Հանդիսաւոր Արարողութիւն

Արխանկելսքի մարզի նահանգապետ Իկոր Օռլովի հրաւէրով վերջերս Ս. Փեթերսպուրկի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան գլխաւոր հիւպատոս Հրայր Կարապետեան եւ հիւպատոսութեան կցորդ Մանուէլ Աւետիսեան Արխանկելսք կը գտնուէին: Անխարկելսք կը գտնուէր նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան Վայոց Ձորի մարզպետ Էտկար Ղազարեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը: Հայաստանեան պատուիրակութիւնը հանդիպում ունեցաւ Արխանկելսքի նահանգապետ Իկոր Օռլովի եւ նահանգային իշխանութեան ներկայացուցիչներուն հետ: Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Ռուսիոյ տարածքային կապերու ամրապնդման,...

0607amir3

«Հայի Աչքեր»-ուն Հեղինակը Շուրջ Երկու Ժամ Իր Վրայ Անշարժացուց Լիբանանահայութեան Աչքերը` Թափանցելով Անոր Հոգիին Խորերը

Ն. Բ.    Լիբանանահայութիւնը հարազատ երգին ու երաժշտութեան իր ծարաւը յագեցուց երէկ` 6 յուլիս 2014-ի երեկոյեան ժամը 8:30-ին, «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ` աւելի քան երկու ժամ վայելելով տաղանդաւոր երգահան ու երաժիշտ, հայաստանեան եւ սփիւռքեան երաժշտական մարզին մէջ իր ուրոյն դրոշմն ու արժէքը, պատգամն ու խորքայնութիւնը ունեցող Ռոպերթ Ամիրխանեանը: «Երազ իմ երկիր հայրենի, Հոգսերդ շատ, յոյսդ մեծ, Քարքարոտ երկիր»: Ռոպերթ...

.AraratborderwithTurkey2665

Ակնարկ. «2-րդ Ժեսթ»-ը

Թուրքիոյ գործող վարչապետ, նախագահութեան թեկնածու եւ գէթ այժմու տուեալներով  յառաջիկայ հաւանական նախագահ Էրտողանին վերագրուող քարոզչական գործողութիւնները հայկական հարցերուն նկատմամբ աշխուժ ընթացքի մէջ կը թուին ըլլալ: Թէկուզ ապատեղեկատուութեան կարգով: Պարզ էր, որ ցաւակցական գործողութեան պիտի հետեւէին այլ «ժեսթ»-եր: ժեսթային այս քաղաքականութիւնը կրնայ տարբեր շարժառիթներ ունենալ: Իր այսօրուան կարգավիճակին նկատառումով Էրտողան, բնականաբար շատ կարեւոր պիտի նկատէ ներքին սպառման շուկան: Ամբոխային տրամադրութիւններու վրայ...

0407Alican

Ըստ «Թարաֆ»-ի. Էրտողան Հրահանգած Է Բանալ Թուրքիա-Հայաստան Սահմանը

Թրքական «Թարաֆ» օրաթերթին մէջ երէկ լոյս տեսած յօդուած մը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան նախագահական թեկնածու, վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան մտադիր է շարունակել Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու կարգաւորման հոլովոյթը եւ այս ուղղութեամբ կատարել երկրորդ քայլը` բանալ Հայաստանի հետ սահմանը: Կայքը գրած է, որ 23 ապրիլին Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերեալ հայերուն ուղղուած` Էրտողանի ուղերձը առաջին քայլն էր, որուն յաջորդած է...

0407Manoyan-f

Կիրօ Մանոյեան. «Էրտողանէն Անակնկալներ Ակնկալելի Են»

Կիրօ Մանոյեան Թուրքիոյ մէջ օգոստոսին տեղի ունենալիք նախագահական ընտրութիւններէն եւ նախագահի հիմնական թեկնածուի` գործող վարչապետին ընտրուելէն ետք Հայաստանի հետ յարաբերութիւններուն մէջ ոչ մէկ փոփոխութիւն կարելի է ակնկալել: Այս մասին երէկ լրագրողներուն յայտնեց ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեան: Ան մանրամասնեց, որ յատկապէս ընտրութիւններու նախօրեակին հաստատ ոչինչ պիտի ըլլայ, իսկ 2015-ի նախօրեակին Թուրքիոյ կողմէ որեւէ լուրջ...

0407Arthur-Aghapekian

Արցախի Փոխվարչապետը Ընդունեց «Հայաստան» Հիմնադրամի Ֆրանսայի Մասնաճիւղէն Խումբ Մը Անդամներ

Արթուր Աղաբեկեան Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան փոխվարչապետ Արթուր Աղաբեկեան հանդիպում ունեցաւ «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի Ֆրանսայի մասնաճիւղէն խումբ մը անդամներու հետ: 3 յուլիսին տեղի ունեցած հանդիպումին ընթացքին Արթուր Աղաբեկեան ողջունելէ ետք բարերարները ամփոփ ներկայացուց Արցախի զարգացման գործին մէջ հիմնադրամին կատարած աշխատանքները, նշելով,  որ 21-րդ դարուն հայապահպանութեան թիւ մէկ խնդիրներէն է զարգացած ու հզօր հայրենիք կառուցելը, որուն պէտք է ուղղուած ըլլան համահայկական ջանքերը:...

0307arthur-nazarian

Հայաստանի Հանրապետութեան Սփիւռքի Նախարարը Պարգեւատրեց Լիբանանահայ Քաղաքական Գործիչ Արթիւր Նազարեանը

Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան 3 յուլիսին լիբանանահայ քաղաքական, հասարակական գործիչ Արթիւր Նազարեանը պարգեւատրեց «Պօղոս Նուպար» մետալով: Այս մասին կը տեղեկացնէ սփիւռքի նախարարութիւնը: Հայկական երեսփոխանական պլոքի անդամ, նախարար Նազարեան Լիբանանի վարչապետ Թամամ Սալամի ձեւաւորած կառավարութեան կազմին մէջ ստանձնած է ուժանիւթի եւ ջուրերու հարցերու նախարարի պաշտօնը: «Մենք հիւրընկալել ենք հայազգի ամենանշանաւոր զաւակներից մէկին, ով հայի այն տեսակն է, որ յոյսի...

Page 841 of 885 1 … 840 841 842 … 885