Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ըստ «Թարաֆ»-ի. Էրտողան Հրահանգած Է Բանալ Թուրքիա-Հայաստան Սահմանը

July 5, 2014
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

0407AlicanԹրքական «Թարաֆ» օրաթերթին մէջ երէկ լոյս տեսած յօդուած մը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան նախագահական թեկնածու, վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան մտադիր է շարունակել Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու կարգաւորման հոլովոյթը եւ այս ուղղութեամբ կատարել երկրորդ քայլը` բանալ Հայաստանի հետ սահմանը: Կայքը գրած է, որ 23 ապրիլին Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերեալ հայերուն ուղղուած` Էրտողանի ուղերձը առաջին քայլն էր, որուն յաջորդած է քայլ մը եւս:

«Էրտողանը պատրաստ է բանալու 1993-ին Ղարաբաղի ճգնաժամին պատճառով փակուած Ալիջան սահմանային անցքի կէտը: Վարչապետը տուած է իր հրամանը», գրած է «Թարաֆ»` աւելցնելով, թէ կ՛ակնկալուի, որ Հայաստան-Թուրքիա սահմանը բացուի սեպտեմբերին:

«Թարաֆ» գրած է, որ Թուրքիան այս պահուս ունի սահմանային գործօն 30 անցակէտեր. հայ-թրքականը պիտի ըլլայ 31-րդը:

«Թուրքիոյ կողմէ սահմանը բանալու պարագային հայկական կողմը նոյնպէս պիտի բանայ սահմանը: Այս հարցին շուրջ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ տեղի ունեցած են հանդիպումներ, որոնք սկսած էին 2012-ին: Այս ընթացքին դէպի Ալիջանի սահմանակէտը երկարող շուրջ 7 քիլոմեթր ճամբան վերանորոգուած եւ ասֆալթապատուած է: Սահմանակէտը թեքնիք գետնի վրայ վերազինուած է մաքսային ծառայութեան համար անհրաժեշտ սարքաւորումներով», եզրափակած է օրաթերթը:

Թուրքիոյ Արտաքին Գործոց
Նախարարութիւնը Կը Հերքէ

Միւս կողմէ, ազրպէյճանական ԱՓԱ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութենէն տեղեկացած է, թէ տարածուած լուրերը Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ սահմանային անցքի բացումին մասին, չեն համապատասխաներ իրականութեան` աւելցնելով, որ նախարարութեան անունով այս մասին պաշտօնական յայտարարութիւն չկայ:

Սահմանի Բացման Լուրը
Ապատեղեկատուութիւն Է

Tert.am-ին հետ զրոյցի մը ընթացքին, ՀՅԴ Բիւրոյի, Հայ դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեան անդրադառնալով հայ-թրքական սահմանի բացման մասին տրուած տեղեկութիւններուն, ըսաւ, որ «Թարաֆ» օրաթերթին կողմէ տրուած տեղեկութեան պատճառը, հաւանաբար, վարչապետը վարկաբեկել է, որովհետեւ նշեալ թերթը խնդիր ունի ներկայ իշխանութիւններուն հետ:

Իսկ պատասխանելով այն հարցումին, թէ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի տարելիցին սպասելի՞ է, որ Թուրքիոյ կողմէ սահմանի բացման հարց ծագի, Կիրօ Մանոյեան ըսաւ. «Ամէն ինչ կարելի է»:

Նախորդը

Կիրօ Մանոյեան. «Էրտողանէն Անակնկալներ Ակնկալելի Են»

Յաջորդը

«Լիբանան Գալը Ինծի Համար Հրաշալի Հոգետօն Է, Լիբանանահայը Ապրելու Հզօր, Կենսական Ու Վարակիչ Ուժ Ունեցող Է» «Ազդակ»-ին Կ՛ըսէ Ռոպերթ Ամիրխանեան

RelatedPosts

Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը  Պիտի Հրապարակուի Յառաջիկայ Օրերուն
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Յիշելով «ՈՉ»-ի Շարժումին Յաջողութիւնը

November 24, 2026
Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.