Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայաստան Նշեց Սահմանադրութեան Օրը

July 7, 2014
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

0607sahmana5 յուլիսին Հայաստան նշած է Սահմանադրութեան օրը: Սահմանադրութեան օրուան առիթով շնորհաւորական ուղերձով հանդէս եկած է Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան: Հանրապետութեան նախագահին ուղերձը հրապարակուած է Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի հասարակութեան եւ տեղեկատուութեան միջոցներու հետ կապերու վարչութեան կողմէ: Հանրապետութեան նախագահը իր ուղերձին մէջ կ՛ըսէ. «Մեր երկրին մայր օրէնքը արտայայտիչն է մեր ժողովուրդի ընտրած ուղիին` ազատ, ժողովրդավարական հասարակութիւն եւ ընկերային ու իրաւական պետութիւն կառուցելու ուղի: Անկախութեան ձեռքբերումէն ի վեր կատարուած է հսկայական աշխատանք, մենք իբրեւ հասարակութիւն հասունցած ենք, իբրեւ պետութիւն` զօրացած»:

«Երկրի քաղաքական կեանքին մէջ եղած են նոյնիսկ ճգնաժամային իրավիճակներ, բայց սահմանադրութիւնը դրսեւորած է իր կենսունակութիւնը եւ բացայայտած է մարտահրաւէրները յաղթահարելու կարելիութիւնները», նշած է նախագահ Սարգսեան:

«Այս ընթացքին հասունցած է նաեւ երկրին մէջ համակարգային փոփոխութիւններ իրականացնելու անհրաժեշտութիւնը: Առանց սահմանադրական նոր բարեփոխումներու անոնք չեն կրնար ամբողջական ըլլալ: Այսօր սահմանադրական բարեփոխումներու նոր առաջարկները աշխուժօրէն կը քննարկուին մասնագէտներու եւ կազմակերպութիւններու կողմէ», նշուած է ուղերձին մէջ:

Նախագահ Սարգսեան մաղթած է, որ «Հայաստանի Հանրապետութեան սահմանադրութիւնը ամէն օր սրբութեամբ իրականացուի եւ անշեղօրէն ծառայէ քաղաքակիրթ ապրելակերպի եւ զարգացման նպատակներուն»:

Հայաստանի գործող սահմանադրութիւնը ընդունուած է 5 յուլիս 1995-ին տեղի ունեցած ժողովրդական հանրաքուէով: 2005-ին կարգ մը փոփոխութիւններէ եւ լրացումներէ ետք կրկին ընդունուած է հանրաքուէով:

Յայտնենք, որ այժմ նոր փոփոխութիւններ կը պատրաստուին, անոնք կը մշակուին երկրին նախագահին հրամանագիրով ստեղծուած մասնագիտական յանձնախումբի մը կողմէ:

Նախորդը

Լեռնային Ղարաբաղի Բանակի Հրամանատարական Կազմի Խորհրդակցութիւններ` Հատրութի Մէջ

Յաջորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

RelatedPosts

Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը  Պիտի Հրապարակուի Յառաջիկայ Օրերուն
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Յիշելով «ՈՉ»-ի Շարժումին Յաջողութիւնը

November 24, 2026
Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.