Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նամակ Քեթրին Էշթընէն` Եւրոպայի Հայ Դատի Յանձնախումբին

July 9, 2014
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

logo-EAFJDՀՅԴ Եւրոպայի Հայ դատի յանձնախումբը երէկ նամակ մը ստացաւ Եւրոպական Միութեան յանձնաժողովի փոխնախագահ, միութեան արտաքին յարաբերութիւններու եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան բարձր ներկայացուցիչ Քեթրին Էշթընէն, ի պատասխան յանձնախումբի 6 յունիս 2014 թուակիր նամակին, ուր յանձնախումբը մտահոգութիւն յայտնած էր Սուրիոյ հայ համայնքի ճակատագիրին, Քեսապի դէմ յարձակումին, Սուրիոյ տագնապին մէջ Թուրքիոյ ունեցած դերակատարութեան եւ պատերազմին մէջտեղ գտնուող կրօնական, ազգային խոցելի համայնքներու իրավիճակին մասին:

Ստորեւ` նամակին բովանդակութիւնը:

0807EEASԵւրոպայի արտաքին գործերու ծառայութիւն

Հիւսիսային Ափրիկէի, Միջին Արեւելքի, Արաբական թերակղզիի, Իրանի եւ Իրաքի գլխաւոր տնօրէնութիւն
Միջին Արեւելքի բաժանմունք 1. Եգիպտոս, Յորդանան, Լիբանան, Սուրիա

Բաժնի տնօրէն
Պրիւքսէլ, 03.07.2014

Սիրելի՛ պրն. Կարապետեան,

Շնորհակալութիւն ձեր 6 յունիսի նամակին համար` ուղղուած բարձր ներկայացուցիչ տիկին Էշթընին, ուր անդրադարձած էք սուրիահայութեան կացութեան: Ան իր անունով ինձմէ խնդրեց պատասխանել ձեզի:

Եւրոպական Միութիւնը կը կիսէ ձեր մտահոգութիւնը սուրիահայութեան ծանր կացութեան վերաբերեալ, յատկապէս անմեղ քաղաքացիներու, որոնք ծայրայեղ ուժերու թիրախը դարձած են:

Ես նոյնպէս տեղեակ եմ Քեսապի եւ շարք մը այլ բնակավայրերու վրայ կատարուած  յարձակումներու մասին: Ես միշտ աջակցած եմ Եւրոպական Մութեան հետեւողական քաղաքականութեան, որ ներկայացուած է Եւրոպական Միութեան բազմաթիւ արտաքին գործերու խորհուրդի Սուրիոյ մասին եզրակացութիւններու մէջ` դատապարտելով իւրաքանչիւր յարձակում Սուրիոյ քաղաքային բնակչութեան վրայ: Վերջերս, Եւրոպական Միութիւնը անգամ մը եւս յիշեցուց իր խստացող անհանգստութեան մասին` Սուրիոյ խոցելի խումբերուն, ազգային եւ կրօնական փոքրամասնութիւններուն վատացող իրավիճակին մասին:

Եւրոպական Միութիւնը բազմիցս մատնացոյց ըրած է Քայիտայի եւ անոր յարակից խմբաւորումներու վտանգաւոր ըլլալը Միջին Արեւելքի կայունութեան համար: Եւրոպական Միութիւնը կ’աշխատի շրջանի բոլոր կողմերուն հետ, որպէսզի սահմանափակէ նման խմբաւորումներու ազդեցութիւնը` կոչ ուղղելով դադրեցնելու անոնց ցուցաբերուած օժանդակութիւնը: Մենք յստակ որոշած ենք` համագործակցիլ երրորդ երկիրներու հետ, նպատակադրելով ահաբեկչութեան դէմ արդիւնաւէտ պայքարը:

Խնդրենք վստահ եղէ՛ք, որ մենք պիտի շարունակենք մեր ունեցած միջոցներով մեր բոլոր ջանքերը գործադրել` պայքարելու համար ծայրայեղականութեան դէմ, եւ մեծ եռանդով օժանդակելու Սուրիոյ մէջ տարբեր ազգային եւ կրօնական խումբերու միացեալ եւ խաղաղ գոյատեւումին:

Յարգանքներով`
Վասիլիս Պոնտոսօղլու

 

Նախորդը

Ազգային Պետական Վիճակախաղը Յաջող Ընթացք Եւ Լաւ Արդիւնքներ Ունի

Յաջորդը

Ուորլիք. «Սթաթիւս Քոն Հետզհետէ Աւելի Վտանգաւոր Կը Դառնայ»

RelatedPosts

Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը  Պիտի Հրապարակուի Յառաջիկայ Օրերուն
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Յիշելով «ՈՉ»-ի Շարժումին Յաջողութիւնը

November 24, 2026
Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.