Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կիրօ Մանոյեան. «Էրտողանէն Անակնկալներ Ակնկալելի Են»

July 5, 2014
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter
Կիրօ Մանոյեան
Կիրօ Մանոյեան

Թուրքիոյ մէջ օգոստոսին տեղի ունենալիք նախագահական ընտրութիւններէն եւ նախագահի հիմնական թեկնածուի` գործող վարչապետին ընտրուելէն ետք Հայաստանի հետ յարաբերութիւններուն մէջ ոչ մէկ փոփոխութիւն կարելի է ակնկալել: Այս մասին երէկ լրագրողներուն յայտնեց ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեան: Ան մանրամասնեց, որ յատկապէս ընտրութիւններու նախօրեակին հաստատ ոչինչ պիտի ըլլայ, իսկ 2015-ի նախօրեակին Թուրքիոյ կողմէ որեւէ լուրջ քայլ պիտի չկատարուի Հայաստանի հետ յարաբերութիւնները կարգաւորելու առումով: «Բայց պէտք չէ զարմանալ, որ պիտի ըլլան շատ աւելի ձեւական քայլեր` ցոյց տալու, թէ որոշ հոլովոյթ կայ, որ իբրեւ թէ Թուրքիա կը փորձէ որոշ դրական քայլեր ցոյց տալ հայութեան եւ Հայաստանի նկատմամբ: Բայց անոնք ընդամէնը շղարշներ են եւ ոչ մէկ լուրջ փոփոխութիւն պէտք է ակնկալել: Ընդհակառակն` մենք պատրաստ պէտք է ըլլանք այսպիսի անակնկալներու հակադարձելու, որպէսզի աշխարհը ճիշդ հասկնայ, թէ Թուրքիա իրականութեան մէջ ի՛նչ կ՛ընէ», նշեց Մանոյեան: Անդրադառնալով այն հարցումին, որ այսինքն Էրտողան 24 ապրիլին Երեւան պիտի չգա՞յ, ընդառաջելով Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի հրաւէրին` Ցեղասպանութեան 100-ամեայ տարելիցին այցելելու Ծիծեռնակաբերդ, Մանոյեան յայտնեց հետեւեալը. «Չեմ կրնար վստահ ըսել` ոչ, որովհետեւ Էրտողանէն կամ այս իշխանութիւններէն անակնկալներ ակնկալելի են: Բայց եթէ նոյնիսկ ընդունի Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահին հրաւէրը` այցելելու Ծիծեռնակաբերդ, ապա ոչ այն ձեւով, ինչպէս Սերժ Սարգսեան կը ցանկար, որ ընդունի»: Մանոյեան իր միտքը պարզեց պատմութեան այն օրինակով, երբ մինչեւ 90-ականներու սկիզբը աշխատանք կը տարուէր, որ Թուրքիոյ ազգայնականներու` Գորշ քայլերու ղեկավար Արփասլան Թուրքեշը այցելէ Ծիծեռնակաբերդ եւ ծաղկեպսակ զետեղէ, բայց ինք այդ ծաղկեպսակը պէտք է նուիրէր Համաշխարհային Ա. պատերազմի բոլոր զոհերու յիշատակին: «Եթէ Թուրքեշը այդ մօտեցումը ունեցած է, ես չեմ զարմանար, որ Էրտողանն ալ նոյն ձեւով փորձէ վարուիլ եւ այցելէ եւ ծաղկեպսակ զետեղէ ոչ թէ ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին համար, այլ այսպէս ըսած, «միացեալ ցաւի», «հասարակաց ցաւի», «արդար յիշողութեան» համար` շատ կեղծ եւ անարդար մօտեցումներով: Անոր համար չեմ կրնար հաստատել, որ պիտի չգայ, բայց որ ցեղասպանութիւնը չճանչնայ, որ Հայաստանի հետ յարաբերութիւններ չհաստատէ, անոր համոզուած եմ», շեշտեց Կիրօ Մանոյեան: Ինչ կը վերաբերի Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեայ տարելիցին նուիրուած ձեռնարկներուն օտարերկրեայ նախագահները եւ բարձրաստիճան հիւրերը Հայաստան հրաւիրելու հոլովոյթներուն, ապա Մանոյեան նշեց, որ պէտք չէ, որ բոլորը իմանան, թէ ո՛ր նախագահները հրաւիրուած են եւ պիտի հրաւիրուին, որովհետեւ այդ պարագային մեր դրացի երկու երկիրներուն մէջ անոր մասին կ՛իմանան եւ կը սկսին համապատասխան աշխատանքներ տանիլ` այդ այցելութիւնները կանխելու ուղղութեամբ: ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեան նշեց, որ 100-ամեայ տարելիցի նախօրեակին թէ՛ Հայաստանի կողմէ տարուող աշխատանքը, թէ՛ սփիւռքի համայնքներու, թէ՛ ընդհանուր մթնոլորտը (օրինակ` երեք նախագահներ յայտարարած են եւ կոչ ուղղած են Թուրքիոյ, որ պէտք է առերեսուի իր պատմութեան հետ եւ այլն) յոյս կու տան կարծելու, որ Հայաստան պիտի գտնուին բաւական պատկառելի թիւով նախագահներ կամ վարչապետներ ու բարձրաստիճան հիւրեր:

 

Նախորդը

Արցախի Փոխվարչապետը Ընդունեց «Հայաստան» Հիմնադրամի Ֆրանսայի Մասնաճիւղէն Խումբ Մը Անդամներ

Յաջորդը

Ըստ «Թարաֆ»-ի. Էրտողան Հրահանգած Է Բանալ Թուրքիա-Հայաստան Սահմանը

RelatedPosts

Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը  Պիտի Հրապարակուի Յառաջիկայ Օրերուն
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Յիշելով «ՈՉ»-ի Շարժումին Յաջողութիւնը

November 24, 2026
Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.