Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ազգային Պետական Վիճակախաղը Յաջող Ընթացք Եւ Լաւ Արդիւնքներ Ունի

July 9, 2014
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter
Արթուր Աղաբեկեան
Արթուր Աղաբեկեան

Անցեալ տարի սկսած Ազգային պետական վիճակախաղ ծրագիրը բաւական յաջող ընթացք ու լաւ արդիւնքներ ունի: 2013 թուականին ծախուած է 260 հազարէ  աւելի վիճակախաղի տոմս, 340-էն աւելին շահած են: Իբրեւ նուէր տրամադրուող գորգերը արդէն գտած  են իրենց տէրերը, իսկ Քաշաթաղի շրջանի Իշխանաձոր գիւղին մէջ այսօր կը կառուցուի 10 տուն:

Այս տուեալները տրամադրեց Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան փոխվարչապետ Արթուր Աղաբեկեան:

Փոխվարչապետը ներկայացուց Ազգային պետական վիճակախաղի նպատակները, ընթացքն ու ձեռքբերումները:

«Ազգային պետական վիճակախաղը երկու ռազմավարական ծրագիրի իրականացման նպատակ ունի: Առաջինը աշխատատեղերու ստեղծումն է: Մենք այս նախաձեռնութեամբ կը խրախուսենք արցախեան այն արտադրութիւնները, որոնք մշակոյթի մաս կը կազմեն եւ կրնան դառնալ շահի իրեր` մասնաւորապէս արցախեան գորգերը կամ թութի օղիի տակառը: Անով կը խրախուսենք ե՛ւ տեղական արտադրութիւնը, ե՛ւ մշակութային արժէքները, ե՛ւ աշխատատեղերու ստեղծումը: Ազգային պետական վիճակախաղի միայն առաջին խաղարկութեամբ գորգագործութեան մարզին մէջ 2013 թուականին ստեղծուած է 146 աշխատատեղի: Երկրորդ ռազմավարական ծրագիրը, որ կեանքի կը կոչենք` վերաբնակեցման կարեւոր ծրագիրն է: Այդ մեծ, պատասխանատու գործին մէջ վիճակախաղը ստանձնած է գիւղեր ընտրելու, այնտեղ առանձնատուներ կառուցելու պատասխանատուութիւն:

«Նպատակն է` ունենալ համայնքներ, ուր կ՛ապրի 1000 եւ աւելի բնակիչ: Վիճակախաղի օրէնքով վիճակախաղին մէջ  ձեւաւորուած պաշարի` ծախուած տոմսերէն եկած գումարի առնուազն 50 առ հարիւրը պէտք է հանդիսանայ շահումային ֆոնտ, իսկ մնացած 50 առ հարիւրը` այլ ծախսեր: Ազգային պետական վիճակախաղը մեծ ծախսեր չունի, մենք ընդամէնը ունինք 10 առ հարիւր  միջնորդավճար այն առանձին անհատներու կամ իրաւաբանական անձերու համար, որոնք կը ծախեն մեր տոմսերը, եւ քանի մը տոկոս կազմակերպչական ծախսեր: Մնացած գումարը պետական պիւտճէին մէջ կը գրուի եւ կ՛ուղղուի վերաբնակեցման ծախսերուն:

2014 թուականի նախաձեռնութիւնը արդէն կեանքի կոչուած է այսօր: Հայ մամուլի մէջ ծախուած են վիճակախաղի տոմսերը, իսկ խաղարկութիւնը կը կայանայ այս տարուան 28 դեկտեմբերին` Արցախի համար խորհրդանշական օր` Առաջին գերագոյն խորհուրդի ընտրութիւններու օրը: Անիկա շրջանառութեան դրուած է մէկ այլ խորհրդանշական օր` 9 մայիսին:

«Հաւաքուած գումարով նորէն պէտք է շարունակենք Իշխանաձորի մէջ առանձնատուներու կառուցումը: Մէկ վիճակախաղի տոմսը կ՛արժէ 2000 դրամ: Այսինքն` փոքր ներդրումով հաւաքական   պատասխանատուութեան կը հրաւիրենք մեր հայրենակիցները: Մարդը, գնելով վիճակախաղի տոմս, իր մասնակցութիւնը կ՛ունենայ թէ՛ վերաբնակեցման, թէ՛ մշակութային արժէքներու պահպանման», ընդգծեց Արթուր Աղաբեկեան:

Նախորդը

Ալիեւ. «Ղարաբաղեան Տագնապի Հարցին Մէջ Բանակցութիւններու Ներուժը Տակաւին Չէ Սպառած»

Յաջորդը

Նամակ Քեթրին Էշթընէն` Եւրոպայի Հայ Դատի Յանձնախումբին

RelatedPosts

Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը  Պիտի Հրապարակուի Յառաջիկայ Օրերուն
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Յիշելով «ՈՉ»-ի Շարժումին Յաջողութիւնը

November 24, 2026
Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.