Գլխաւոր լուրեր

28.08.12-6392սուրբ-աստվածածին-f

Բողոք` Սասնոյ Մէջ Հայկական Եկեղեցիները Ախոռի Վերածելու Քայլերուն Դէմ

«Էրմենիհապեր» կը հաղորդէ, որ Սասնոյ հայերու միութեան ղեկավար Ազիզ Տաղճը Պաթման նահանգի Սասուն շրջանի Արվիզինք եւ Շէնգալիք գիւղերուն մէջ հայկական եկեղեցիները ախոռի վերածելու հարցով բողոք ներկայացուցած է Պաթմանի հանրապետական դատախազութեան: Ան ցաւ յայտնած է, որ հայկական եկեղեցիներն ու գերեզմանոցները հետզհետէ անճանաչելի կը դառնան, եւ կոչ ուղղած է եկեղեցիները անյապաղ պահպանութեան տակ առնելու: Ըստ թրքական «Պաթմանչաղտաշ» կայքին, Տաղճը ըսած է, որ...

0307Psaki

Մինսքի Խմբակի Համանախագահ Երկու Երկիրները Կոչ Կ՛ուղղեն Զերծ Մնալու Բորբոքիչ Յայտարարութիւններէն

Ճեն Փսաքի Միացեալ Նահանգները` իբրեւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահ երկիր, յանձնառու են օգնելու երկու կողմերուն` հասնելու համար Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի խաղաղ լուծման: Այս մասին չորեքշաբթի օր յայտարարեց Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Ճեն Փսաքի: «Յոյսով ենք, որ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի նախագահները ընդունին ըստ կարելւոյն շուտ Փարիզի մէջ վեհաժողով գումարելու Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտի հրաւէրը եւ  համաձայնին կառուցուածքային բանակցութիւններու, որոնք...

The-Provincial-Parliament-of-Overijssel-f

Հոլանտայի Օվերեյսել Մարզի Խորհրդարանը Ճանչցաւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը

Հոլանտայի Օվերեյսել մարզի խորհրդարանը 2 յուլիս 2014-ի նիստին ընթացքին ընդունեց բանաձեւ մը, ուր արտայայտուած է խորհրդարանի դիրքորոշումը նախորդ 1 յունիսին թրքական կազմակերպութիւններու բողոքի ցոյցին նկատմամբ, որ ուղղուած էր Ալմելոյի հայկական եկեղեցւոյ սեփական բակին մէջ տեղադրուած հայոց ցեղասպանութեան յուշարձանին դէմ: Այս մասին կը հաղորդէ Հոլանտայի հայկական կազմակերպութիւններու դաշնակցութիւնը: Այդ ցոյցին ընթացքին հայ ժողովուրդի հասցէին եղած են անարգալից, զրպարտական եւ վիրաւորական արտայայտութիւններ,...

0307Nazarian_Aprahamian

Վարչապետ Աբրահամեան Ընդունեց Արթիւր Նազարեանը

Հայաստանի վարչապետ Յովիկ Աբրահամեան երէկ ընդունեց Լիբանանի ուժանիւթի եւ ջուրերու հարցերու նախարար Արթիւր Նազարեանը: Բարձր գնահատելով Հայաստանի եւ Լիբանանի միջեւ աւանդական բարեկամական կապերը` վարչապետ Աբրահամեան ընդգծեց. «Իբրեւ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ պիտի ընեմ ամէն ինչ, որպէսզի մեր երկու երկիրներու յարաբերութիւններուն մէջ ակնյայտ դրական տեղաշարժ արձանագրուի եւ բազմաոլորտ համագործակցութիւնը աւելի աշխուժանայ ու ամրապնդուի»: Զրուցակիցները կարեւոր նկատեցին երկկողմ առեւտրական-տնտեսական գործակցութեան զարգացումը եւ առկայ...

0307Gov-electricity

105 Հազար Ընտանիք Ամսական 1000-ական Դրամ Պիտի Ստանայ Ելեկտրականութեան Համար

Հայաստանի կառավարութիւնը երէկ հաստատեց ելեկտրականութեան սղումին վերաբերեալ ընկերային առումով անապահով 105 հազար ընտանիքներու ամսական լրացուցիչ 1000-ական դրամ օգնութիւն յատկացնելու որոշումը: Կառավարութեան հաշուարկներով` իւրաքանչիւր ընտանիք ամսական կը ծախսէ շուրջ 200 քիլովաթ/ժամ ելեկտրականութիւն, եւ ըստ այնմ ալ որոշուած է օգնութեան չափը: Նշենք, որ Հայաստանի մէջ ելեկտրականութիւնը պիտի սղի 1 օգոստոսէն:

Caliphate_Map

Ակնարկ. Իրողական Եւ Վիրթուալ Պետութիւններու Ստեղծման Առնչութիւնները

Տարածաշրջանի իրադարձային թէժ կէտը կը թուի, որ Սուրիայէն արագ անցում կատարած է դէպի Իրաք: Իսլամականութեան անունին տակ բազմազգի մահիկակիրներու  արշաւանքը հետզհետէ ձեւ կը ստանայ` յայտարարելու համար իսլամական խալիֆայութեան կազմութիւնը, անոր աշխարհագրական սահմաններու գծումը եւ նոյնիսկ խալիֆաներու նշանակման հրամանագիրները: Մեծ խալիֆայէն մինչեւ մահիկակիր զինուորները ամէն առիթի կը խօսին կրօնական գաղափարախօսութեան եւ անոր ներշնչումին տակ արձանագրուող  եւ տեղի ունենալիք գործընթացներուն մասին: Իրադրութիւնները...

0207armen

Ըստ Արմէն Ռուստամեանի. Այսօր Հասարակութեան Շահը Կը Ստորադասուի Մենաշնորհ Ունեցող Ընկերութիւններուն

Երէկ Ազգային Ժողովին մէջ, երբ ոչ իշխանական չորս ուժերուն ներկայացուցիչները լրագրողներուն հետ հանդիպման ժամանակ ներկայացուցին իրենց դիրքորոշումները ելեկտրականութեան սղութեան վերաբերեալ, Ազգային Ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Ռուստամեան ստեղծուած վիճակը վերլուծեց քաղաքական տեսանկիւնէ: Այսօր, երբ երկրին մէջ կը յառաջանան ընկերային հնչեղութեան սուր հարցեր, անոնք ցոյց կու տան համակարգի ամբողջ սնանկութիւնը, եւ ականատես կ՛ըլլանք քանդուող տնտեսութեան: Ըստ Արմէն Ռուստամեանի, բնականաբար իշխանութիւնները այսօր...

0207OSCE-PA-Session

Պաքուի Հռչակագիրին Մէջ Ներառուած Են Հայկական Պատուիրակութեան Բոլոր Առաջարկները

Երէկ աւարտեցաւ ԵԱՀԿ-ի Խորհրդարանական վեհաժողովի 23-րդ տարեկան նստաշրջանը, որ տեղի կ՛ունենար Պաքուի մէջ: Հայաստանեան պատուիրակութեան անդամ, Ազգային Ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան քարտուղար Աղուան Վարդանեան «Երկիր»-ին տեղեկացուց, որ արդէն ընդունուեցաւ վեհաժողովի եզրափակիչ` Պաքուի հռչակագիրը, որուն մէջ ընդգրկուած են հայկական պատուիրակութեան բոլոր նախկին ընդունուած առաջարկները: Ան յայտնեց, որ հռչակագիրին մէջ քանի մը կէտեր կային մարդու իրաւունքներու վերաբերեալ եւ այլն, որոնց Ազրպէյճան դէմ էր,...

0207mgrdich

Հարցազրոյց Մկրտիչ Մկրտիչեանի Հետ

Չորեքշաբթի, 2 յուլիս 2014-ին, «Ազդակ» օրաթերթի «Արսէն Չաղլասեան» ժողովասենեակին մէջ տեղի ունեցաւ հարցազրոյց ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Մկրտիչ Մկրտիչեանի հետ: Զրուցավարն էր «Ազդակ»-ի միջազգային լուրերու խմբագիր Վահրամ Էմմիեան: Հարցազրոյցին ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ միջազգային քաղաքականութեան մէջ չճանչցուած պետութիւններու երեւոյթին եւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնահարցին վրայ անոր ազդեցութեան, ինչպէս նաեւ հայ-թրքական յարաբերութեանց եւ Հայաստանի մէջ ընկերային հարցերով բողոքի ցոյցերու երեւոյթին: Խօսելով չճանչցուած պետութիւններու երեւոյթին...

DSC09471

Ռոպերթ Ամիրխանեանի «Ազդակ» Այցելութիւնը

Վաստակաշատ երգահան, Հայաստանի քոմփոզիթորներու միութեան երկարամեայ նախագահ եւ հեղինակային երգերու մեկնաբան Ռոպերթ Ամիրխանեան երէկ այցելեց «Ազդակ»-ի խմբագրատուն եւ մօտէն ծանօթացաւ թերթին առօրեայ աշխատանքներուն եւ ապագային ծրագիրներուն: Այս հանդիպումը առիթ մը եղաւ, որ հարցազրոյց մը ունենանք վաստակաշատ արուեստագէտին հետ: Ռ. Ամիրխանեան ամենայն պատասխանատուութեամբ եւ իր հայրենիքին ու ժողովուրդին ցաւերով ու երազներով ապրող հայ արուեստագէտի յանձնառութեամբ խօսեցաւ հայրենի մեր առօրեայ հարցերուն, բայց...

0107Pr-Sargsian

Սարգսեան. «Հայաստան Հաւատարիմ Է Կանխիչ Դիւանագիտութեան»

Նախագահ Սերժ Սարգսեան Միջազգային կազմակերպութիւններու խաղաղարարական գործողութիւնները էական դեր կը խաղան արդի աշխարհին մէջ. անոնք խաղաղ միջոցներով հակամարտող կողմերուն միջեւ երկխօսութեան յարուցման եւ հաստատման ճամբով, ներքին եւ միջազգային տագնապներու սրումը կանխող կարեւոր գործիք են: Այդ մասին ըսուած է «ՄԱԿ-ի սկզբունքներու եւ չափանիշներու հիման վրայ ազգային եւ շրջանային խաղաղարարական ներուժերուն համարկումը խաղաղ գործողութիւններու համընդհանուր համակարգին մէջ» միջազգային գիտաժողովի կազմակերպիչներուն, մասնակիցներուն եւ...

0107Giro-Manoyan-f

Ըստ Կիրօ Մանոյեանի. Տաւութօղլու Խեղաթիւրած Է Պատմութիւնը

Կիրօ Մանոյեան ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեան անդրադարձաւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլուի յայտնի յօդուածին, որուն մէջ վերջինս նշած է, որ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ նոր եւ աւելի հաստատուն դարաշրջան պիտի հաստատուի, եթէ մտաւորականները եւ քաղաքական գործիչները գործեն երկու կողմերուն հոգեբանական արգելքները յաղթահարելու եւ «արդարացի յիշողութիւն» կառուցելու համար` յայտնելով, որ «այն հիմնաւորումները, զորս...

0107Aghvan

Ըստ Աղուան Վարդանեանի. Պաքուի Մէջ Արտաշէս Գեղամեանի Յայտարարութիւնը Զուտ Անձնական Տեսակէտէ

Երէկ Պաքուի մէջ շարունակուեցան ԵԱՀԿ-ի խորհրդարանական վեհաժողովի աշխատանքները: Այսօր պիտի հրապարակուի Խորհրդարանական վեհաժողովի եզրափակիչ հռչակագիրը, եւ պիտի աւարտի վեհաժողովին 23-րդ տարեկան նստաշրջանը: Պաքուի հռչակագիրը պիտի հանդիսանայ 28 յունիսէն 2 յուլիս ընթացող` ԵԱՀԿ-ի Խորհրդարանական վեհաժողովին մէջ արձանագրուած արդիւնքներուն ամփոփիչ փաստաթուղթը, որուն նախագիծը պատուիրակները այսօր պիտի ստանան: Հայաստանեան պատուիրակներէն Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան քարտուղար Աղուան Վարդանեան «Երկիր»-ին տեղեկացուց, որ երբ ստանան նախագիծը...

0107handznajoxov1

Ելեկտրականութիւնը Պիտի Սղի 1 Օգոստոսէն Սկսեալ. Հասարակական Ընդվզումը Կը Սաստկանայ

Հայաստանի Հանրապետութեան Հանրային ծառայութիւնները կարգաւորող յանձնախումբը երէկ քննարկեց ելեկտրականութեան սղումի հարցը, իսկ անոր զուգահեռ, յանձնախումբի կեդրոնի մուտքին մօտ շարունակուեցան բողոքի ցոյցերը` ընդդէմ սղումին: Յանձնախումբի նիստին մասնակցեցան նաեւ Ազգային ժողովի ոչ իշխանական քառեակի ներկայացուցիչները: Յանձնախումբի նիստին մտնելէն առաջ, ՀՅԴ-ի պատգամաւոր Արծուիկ Մինասեան յայտարարած է, որ իրենք ժողովուրդի կողքին են, պիտի պայքարին ելեկտրականութեան սղումին դէմ եւ պատրաստ են անգամ մը եւս դիմելու...

3006hay-tad

Շուէտի մէջ Հայ Դատի յանձնախումբի կազմութիւն

29 յունիս, 2014-ին Սթոքհոլմի հայկական կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ Շուէտի մէջ Հայ դատի յանձնախումբի կազմութեան պաշտօնական յայտարարութիւնը: Ձեռնարկը իրենց ներկայութեամբ պատուած էին, Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Արտակ Աբիդոնեան, հիւպատոս Դաւիթ Մանուկեան, Հայկական միութիւններու համադրող կեդրոնի նախագահ Կարլէն Մանսուրեան, ՀՅԴ Շուէտի կոմիտէի ներկայացուցիչ Արմենակ Մահտէսեան եւ միութիւններու ներկայացուցիչներ: Նախ խօսք առաւ Արմենակ Մահտէսեան, որ Հայ դատի յանձնախումբի կազմութիւնը Շուէտի հայկական համայնքին համար...

3006kilicdaroglu

Գերմանիոյ Հայոց Առաջնորդարանը Մերժած Է Ժխտողական Քըլըճտարօղլուի Հայկական Եկեղեցի Այցելութեան Դիմումը

Քեմալ Քըլըճտարօղլու` յունական եկեղեցւոյ մը մէջ Թրքական «Տեմոքրաթհապեր» կայքը կը հաղորդէ, որ Գերմանիոյ մէջ բնակող հայերը մերժած են հանդիպում ունենալ Թուրքիոյ գլխաւոր ընդդիմադիր կուսակցութեան ղեկավար Քեմալ Քըլըճտարօղլուի հետ, որ կ՛այցելէ Քէօլն քաղաքը: Քըլըճտարօղլու, որ Գերմանիա մեկնած էր իր ղեկավարած Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութեան կողմէ Թուրքիոյ նախագահի պաշտօնին առաջադրուած թեկնածուին համար ձայներ ապահովելու նպատակով, այցելած է Ալեւիական միութիւններու դաշնակցութիւն, յունական եւ ասորական...

3006aleppo

Սուրիահայութեան Առօրեայէն. Հալէպի Բնակչութիւնը` Կենցաղային Ծանր Պայմաններու Մէջ

Հալէպի մէջ կը շարունակուի կենցաղային էական տարրերու` ջուրի եւ ելեկտրականութեան տագնապը, իսկ ջերմաստիճանը կը հասնի մինչեւ 40-ի: Ապահովական վիճակը եւս ցարդ չէ բարելաւուած, զինեալ խմբաւորումներուն կողմէ արձակուող հրասանդներն ու հրթիռները կը շարունակեն վտանգել խաղաղ բնակչութեան կեանքը:

10479825_10152536216794429_1186080078_o

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ Անթիլիաս Բաժակակիր` Առաջին Անգամ Ըլլալով

ՀՄԸՄ Անթիլիասի Աղջիկները` Տիտղոսակիր Երէկ գիշեր ՀԲԸՄ-ի «Տեմիրճեան» կեդրոնին մէջ (Նաքքաշ) տեղի ունեցաւ Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց բաժակի մրցաշարքի աւարտական ճակատումը, որուն ընթացքին իրարու դէմ մրցեցան քանի մը օրեր առաջ Լիբանանի ախոյեան հանդիսացած Ռիատի Պէյրութ եւ ՀՄԸՄ Անթիլիաս: ՀՄԸՄ Անթիլիասի աղջիկները արգելք հանդիսացան, որ Ռիատի տուպլէ մը իրագործէ` նկատի ունենալով, որ իրենք բարձրացուցին բաժակը` առաջին անգամ ըլլալով, արձանագրելով 52-39 արդիւնքով յաղթանակ մը:...

2906maraton

Խմբագրական. Մեր Վազքը

Երէկ Պուրճ Համուտի փողոցները ականատես դարձան քարոզչական ձեռնարկի մը համար օգտագործուած իւրայատուկ եղանակի, որ ուղերձ ունէր, որ նպատակ կը հետապնդէր: Միջազգային կառոյցները, երիտասարդութեան հարցերով զբաղող ընկերաբանական- մասնագիտական կազմակերպութիւնները համաշխարհային մակարդակի վրայ կը շարունակեն հնչեցնել թմրեցուցիչի օգտագործման վտանգը, անոր մահացու հետեւանքները, սերունդներու փճացման արհաւիրքը: Սակայն համաշխարհային այս աղէտը, հակառակ զգուշացումներուն, միջպետական համաձայնութիւններով համակարգուող հետապնդումներուն, կտրուկ մագլցողականութեամբ կը զարգանայ, իր ոլորտին մէջ...

2906davoush

Ազրպէյճան Ռմբակոծեց Այգեպար Գիւղը. Ամբողջ Գիւղը Ծուխի Մէջ Էր

Ազրպէյճանական կողմի ռմբակոծութեան պատճառով շաբաթավերջին Տաւուշի մարզի սահմանամերձ չէզոք հատուածին մէջ հրդեհ բռնկեցաւ: Հակառակորդը մօտ 2 ժամ ռմբակոծեց սահմանամերձ Այգեպար, Ներքին Կարմիրաղբիւր եւ Բարեկամաւան գիւղերը, որոնք զգալի վնասներ կրած են: «Երկիր»-ի հետ զրոյցի մը ընթացքին Այգեպար գիւղի գիւղապետ Անդրանիկ Այդինեան յայտնեց, որ «ամբողջ գիւղը ծուխի մէջ է, ազրպէյճանական կողմը անկանոն կերպով կրակած է Այգեպարի վրայ: Գիւղի տուներէն մէկը հրկիզուած է,...

Page 842 of 885 1 … 841 842 843 … 885