Արսալի Մէջ Զինեալ Բախումները Կը Սաստկանան. Կառավարութիւնը Միակամ Կեցուածքով Բանակին Կը Զօրակցի` Մերժելով Հաւատադրժողական Զինեալներուն Հետ Քաղաքական Լուծումի Յանգիլ
Երէկ երրորդ օրն ըլլալով լիբանանեան բանակին եւ Ժապհաթ Նուսրայի ու ՏԱՀԵՇ-ի զինեալներուն միջեւ զինեալ բախումները շարունակուեցան եւ ստացան աւելի սաստիկ բնոյթ: Բանակը իր թնդանօդներով եւ բազմափող հրթիռային համակարգով ռմբակոծեց Արսալի մէջ գտնուող հաւատադրժողական զինեալներուն դիրքերը եւ յառաջխաղացք արձանագրեց` իր հակակշիռին տակ առնելով Արսալի արհեստից վարժարանն ու շրջակայքը, որոնք նախանցեալ օր գրաւուած էին զինեալներուն կողմէ: Բանակը կրցաւ ազատագրել նաեւ Մուսթաուսեֆ կոչուող...


















