Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Համա-ՀՄԸՄ-ական 10-րդ Բանակումի Յիշատակելի Չորս Օրերը. ՀՄԸՄ-ական Սկաուտներ Կ՛այցելեն Էջմիածին, Սարդարապատ Եւ Սեւանայ Լիճ

August 5, 2014
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

0804_pic131 յուլիսին ընթացք առած համա-ՀՄԸՄ-ական 10-րդ բանակումը անցնող չորս օրերուն ունեցաւ սկաուտական, դաստիարակչական ճոխ յայտագիրներով յիշատակելի պահեր:

Բանակումին երկրորդ օրը, բանակումին մասնակից 18 երկիրներու պատուիրակութիւնները պատրաստեցին եւ ներկայացուցին իրենց երկիրներու պատմութիւնը, մշակոյթն ու խոհանոցը ծանօթացնող տաղաւարներ:

Շաբաթ, 2 օգոստոսի կէսօրէ առաջ, բանակողները ազատ ժամեր անցուցին Երեւանի մէջ: Անոնք այցելեցին մայրաքաղաքի կարգ մը թանգարանները եւ ժողովրդային շուկան` Վերնիսաժը:

Յետմիջօրէին, բանակողները այցելեցին Ս. Էջմիածին եւ ծանօթացան դարաւոր վանքի պատմական բաժիններուն: Այս առիթով վանքի շրջափակին մէջ բանակողները ընդունեց Գէորգեան ճեմարանի տեսուչ Գէորգ եպս. Սարոյեան: Տէրունական աղօթքէն ետք, սրբազանը բարի գալուստ մաղթեց ՀՄԸՄ-ի սկաուտներուն եւ անոնց փոխանցեց Ամենայն հայոց կաթողիկոսին ողջոյնները: Բանակումին խմբապետական կազմը, իր կարգին, Գէորգ եպս. Սարոյեանին փոխանցեց յուշանուէր մը:

0804_pic2Ապա, բանակողները այցելեցին հայ ժողովուրդի վերապրումի խորհրդանիշ Սարդարապատի յուշահամալիրը, ուր յարգանքի իրենց տուրքը ընծայեցին Մայիսեան հանրապետութեան կերտիչներուն: Սարդարապատի գեղակերտ զանգակատան առջեւ 720 սկաուտներ հնչեցուցին «Սարդարապատ»-ն ու «Յառաջ նահատակ»-ը եւ ազգային բարձր տրամադրութիւններով վերադարձան բանակավայր, ուր ընդունեցին ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեանը:

Հրանդ Մարգարեան գօտեպնդիչ խօսքով մը հանդէս եկաւ բանակողներուն դիմաց եւ գնահատեց ՀՄԸՄ-ի դերն ու առաքելութիւնը հայ կեանքին մէջ: Ան թելադրեց ամրօրէն կառչիլ համահայկական այն բոլոր արժէքներուն, որոնք կ՛առաջնորդեն հզօր հայութեամբ հզօր Հայաստանի մը տեսլականին իրականացման (https://www.aztagdaily.com/wp-admin/post.php?post=197603&action=edit):

Կիրակի, 3 օգոստոսը յատկացուեցաւ սկաուտական յայտագիրներու, մրցումներու եւ խաղերու:

Երէկ բանակողները այցելեցին Սեւանայ լիճ եւ ծանօթացան «քաղցրիկ Սեւան»-ի չքնաղ բնութեան, թերակղզիին եւ պատմութեան: Այլ այցելութիւն մըն ալ տուին պատմական Այրիվանք` հոգեպարար պահեր ապրելով:

Համա-ՀՄԸՄ-ական 10-րդ բանակումը կը շարունակուի մինչեւ կիրակի, 10 օգոստոս` սկաուտական սերտուած յայտագիրներով, դէպի Արագած լեռնագնացութեամբ եւ Հայաստանի տեսարժան վայրեր այցելութիւններով:

 

Նախորդը

Համազգայինի 20-րդ Ուսանողական Հաւաքը Աւարտեց Իր Աշխատանքները

Յաջորդը

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Հայաստանի Դեսպանը

RelatedPosts

Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը  Պիտի Հրապարակուի Յառաջիկայ Օրերուն
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Յիշելով «ՈՉ»-ի Շարժումին Յաջողութիւնը

November 24, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի  Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»

November 24, 2026
Բագրատունի. «Անկախութիւնը  Հաւատք Է Ու Կամք»
Գաղութային

Բագրատունի. «Անկախութիւնը Հաւատք Է Ու Կամք»

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.