Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախագահ Սարգսեան. «Մինսքի Խմբակի Առաջարկած Սկզբունքները Կրնան Լուծման Առանցք Դառնալ»

July 31, 2014
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter
Հերպըրթ Զալպեր եւ նախագահ Սարգսեան
Հերպըրթ Զալպեր եւ նախագահ Սարգսեան

Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ ընդունեց շրջանային այցելութեամբ Հայաստան գտնուող Հարաւային Կովկասի եւ Վրաստանի ճգնաժամի հարցերով Եւրոպական Միութեան յատուկ ներկայացուցիչ Հերպըրթ Զալպերը:

Ըստ նախագահի մամլոյ գրասենեակին, հանդիպումին ընթացքին Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահը եւ Եւրոպական Միութեան յատուկ ներկայացուցիչը անդրադարձան Հայաստան-Եւրոպական Միութեան յարաբերութիւններուն եւ համագործակցութեան:

Զրուցակիցները միտքեր փոխանակեցին շրջանային խնդիրներու եւ մարտահրաւէրներու, Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի խաղաղ լուծման բանակցային հոլովոյթին վերաբերեալ: Հանրապետութեան նախագահը բարձր գնահատեց, որ Եւրոպական Միութիւնը տարբեր մակարդակներով իր աջակցութիւնը կը յայտնէ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներու միջնորդութեամբ տագնապի խաղաղ եւ միջազգային սկզբունքներու հիման վրայ լուծման:

Սերժ Սարգսեան վերահաստատեց Հայաստանի դիրքորոշումը, ըստ որուն, Հայաստան Լեռնային Ղարաբաղի հիմնահարցի խաղաղ լուծումը կը տեսնէ բացառապէս խաղաղ միջոցներով, ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահողներու ձեւաչափով ընթացող բանակցութիւններուն շրջագիծին մէջ: Մինսքի խմբակը առաջարկեց սկզբունքներ, որոնք, Սերժ Սարգսեանի համոզումով, կրնան տագնապի լուծման առանցք դառնալ: Նախագահը նշեց, որ, ցաւօք, Ազրպէյճան չ՛ընդունիր այդ սկզբունքները, թէեւ կը յայտարարէ հակառակը: Նախագահ Սերժ Սարգսեանի համաձայն, այդ իսկ պատճառով Ազրպէյճանը սադրանքներ կը հրահրէ եւ կը սրէ լարուածութիւնը շփման գիծին վրայ, մշտապէս մերժելով վստահութեան ամրապնդման ուղղուած միջոցառումներուն իրականացումը:

Հանրապետութեան նախագահը ընդգծեց, որ հարցին լուծումը պէտք է տան Հայաստանը, Ազրպէյճանը եւ Լեռնային Ղարաբաղը, Մինսքի խմբակը այդ հոլովոյթին մէջ ընդամէնը միջնորդ է, որ իր լիազօրութիւններուն ծիրին մէջ կ՛ընէ կարելին:

Քասփրչիք. «Մենք Մինսքի Խմբակի
Համանախագահները Տեղեակ Կը Պահենք
Քարվաճառի Մէջ Գերի Ինկած
Ազրպէյճանցիներուն Մասին»

anjey_kasprshik_288104295ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Անճէյ Քասփրչիք ԱՓԱ լրատու գործակալութեան հետ հարցազրոյցի ընթացքին նշած է, որ որոշ ժամանակ առաջ երեք ազրպէյճանցիներ Քարվաճառի շրջանին մէջ կտրած են սահմանագիծը, անոնցմէ երկուքը ձերբակալուած են, իսկ երրորդը` սպաննուած:

Ըստ Քասփրչիքի, այդպիսի գործերով միշտ կը զբաղի Միջազգային կարմիր խաչը, որուն ներկայացուցիչները 26 յուլիսին հանդիպած են երկու ձերբակալուածներուն հետ, անոնցմէ նամակներ տարած են անոնց հարազատներուն եւ կ՛աշխատին երրորդ ազրպէյճանցիին դիակը ընտանիքին վերադարձնելու ուղղութեամբ:

«Անձնական ներկայացուցիչին գրասենեակը ուշադրութեամբ կը հետեւի իրադարձութիւններուն ընթացքին եւ մնայուն կապի մէջ է Միջազգային կարմիր խաչին հետ: Մենք համանախագահները եւ Մինսքի խմբակը տեղեակ կը պահենք իրադարձութիւններու զարգացումներէն», ըսած է Քասփրչիք:

Անդրադառնալով սահմանագիծին վրայ վերջին օրերուն արձանագրուած լարուածութեան` ան յիշեցուցած է, որ 22 յուլիսին Մինսքի խմբակի համանախագահները առանձին հանդիպումներ ունեցած են Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներուն հետ եւ մտահոգութիւն յայտնած են լարուածութեան եւ բռնութեան դէպքերու աճի` ներառեալ հայ-ազրպէյճանական սահմանին վրայ քաղաքայիններու սպանութիւններուն վերաբերեալ:

«Համանախագահները կողմերուն կոչ ուղղած են խուսափելու զոհերէն եւ չյարձակելու գիւղերուն եւ քաղաքային բնակչութեան վրայ: Համանախագահները նաեւ կոչ ուղղած են թուլցնելու լարուածութիւնը եւ զերծ մնալու հրադադարի խախտման դէպքերէն», ըսած է Քասփրչիք:

Խօսելով Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտի Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի նախագահներուն Փարիզ հրաւիրելուն մասին` Քասփրչիք ըսած է, որ համանախագահները վերջին հանդիպումին ընթացքին քննարկած են նաեւ այդ հարցը: «Վերջերս տեղի ունեցած հանդիպումներուն ընթացքին համանախագահները արտաքին գործոց նախարարներուն հետ քննարկած են նախագահներուն հանդիպման հաւանական նիւթը` ընդգծելով Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի նախագահներու հանդիպման կարեւորութիւնը` խաղաղ բանակցութիւններուն մէջ յառաջընթաց արձանագրելու նպատակով», ըսած է ան:

 

Նախորդը

Սէյրան Օհանեան Այցելեց Լեռնային Ղարաբաղի Պաշտպանութեան Բանակ

Յաջորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

RelatedPosts

Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը  Պիտի Հրապարակուի Յառաջիկայ Օրերուն
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Յիշելով «ՈՉ»-ի Շարժումին Յաջողութիւնը

November 24, 2026
Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.