Համազգայինի ուսանողական հաւաքին մասնակիցները չորեքշաբթի երեկոյեան յատուկ հանդիսութեամբ Երեւանի մէջ փակումը կատարեցին հաւաքին եւ երէկ` 31 յուլիսին մեկնեցան Արցախ:
Նախորդող օրերուն հաւաքի մասնակիցները ունեցած էին բաւական ճոխ եւ բազմաբնոյթ առօրեայ:
Կիրակի, 27 յուլիսին, անոնք եւս նշեցին Վարդավառը, մասնակից դարձան տօնակատարութիւններուն եւ առաւօտեան ժամերէն սկսեալ ջուրով խաղեր վայելեցին:
Կէսօրին ֆորումականները այցելեցին Սարդարապատ հերոսամարտի յուշակոթող եւ ազգագրութեան թանգարան: Երեկոյեան հանդիպում տեղի ունեցաւ «Դէպի Հայք» հիմնարկի տնօրէն Սեւան Քապաքեանի եւ «Ռիփաթ Արմինիա»-ի տնօրէն Վարդան Մարաշլեանի հետ: Ֆորումականները հայրենադարձութեան եւ հայրենիքի մէջ կամաւոր աշխատանք տանելու մասին իրենց հարցումները ուղղեցին օրուան հիւրերուն:
Երկուշաբթի, 28 յուլիսին հաւաքին մասնակիցները մեկնեցան Ծաղկաձոր եւ բարձրացան ճոպանուղի:
Ապա, անոնք այցելեցին Ծաղկաձորի «Տիրամայր Հայաստան»-ի ճամբարը, եւ ամբողջ օր մը անցուցին ճամբարին մասնակցող ծնողազուրկ ու կարիքաւոր պատանիներուն հետ: Անոնք ծանօթացան իրարու, միասին ճաշեցին ու խաղացին, եւ նուիրատուութիւն կատարեցին:
Երեկոյեան, ֆորումականները ներկայ գտնուեցան Ռուբէն Հախվերտեանի ելոյթին, որմէ ետք միասնաբար ընթրեցին Երեւանի ճաշարաններէն մէկուն մէջ:
Երեքշաբթի, 29 յուլիսին, ուսանողական հաւաքի մասնակիցները այցելեցին Ջիւանիի աշուղական դպրոց, ուր դպրոցի տնօրէն Թովմաս Պօղոսեան դասախօսեց ազգային նուագարաններու մասին:
Ապա, անոնք այցելեցին Սաղմոսավանք, Տառերու պուրակ, Արագած, Ամբերդ եւ ճաշեցին Արագածի լանջին: Երեկոյեան, ֆորումականները վայելեցին Երեւանի գիշերային կեանքը:
Չորեքշաբթի, 30 յուլիս 2014-ը, 20-րդ հաւաքի վերջին օրն էր Երեւանի մէջ: Առաւօտեան, Ֆորումի մասնակիցները այցելեցին Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարութիւն եւ տեսակցեցան նախարար Հրանուշ Յակոբեանի հետ:
Կէսօրէ ետք տեղի ունեցաւ հաւաքի եզրափակիչ հանդէսը` Համազգայինի թատերասրահին մէջ: Ուսանողները հանդէս եկան երգով, պարով, նուագով, ասմունքով եւ թատերական ներկայացումով մը: Հանդիսութեան աւարտին տեղի ունեցաւ վկայագիրներու բաշխում: Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան անունով խօսք առաւ Թամար Հաշէօլեան եւ պարգեւատրեց դոկտ. Հրանդ Մարգարեանն ու Զեփիւռ Օհաննէսեանը` իբրեւ երախտագիտութիւն հաւաքի ծրագրաւորումին եւ գործադրումին իրենց ունեցած երկար տարիներու ներդրումին համար:
Երեկոյեան տեղի ունեցաւ վերջին ընթրիքը Երեւանի մէջ, որուն ներկայ էին նաեւ Հայաստան գտնուող նախկին ֆորումականներ:


