Երէկ` կիրակի, 3 օգոստոսի կէսօրին, Երեւանի մէջ ՀՄԸՄ գործակցութեան յուշագիր մը ստորագրեց Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարութեան հետ:
Ստորագրութեան արարողութիւնը տեղի ունեցաւ պաշտօնական հանդիպումով մը, որուն ներկայ գտնուեցան նախարար Հրանուշ Յակոբեան, նախարարութեան տարբեր բաժանմունքներու պատասխանատու դէմքեր եւ ՀՄԸՄ-ական բազմանդամ պատուիրակութիւն մը, բաղկացած` Կեդրոնական վարչութեան ինը անդամներէ եւ «Մարզիկ» պաշտօնաթերթի խմբագիրէն:
Հանդիպումին ընթացքին նախարար Հրանուշ Յակոբեան եւ ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Գառնիկ Մկրտիչեան արտասանեցին խօսքեր եւ շեշտեցին Հայաստան¬սփիւռք գործակցութեան ամրապնդման ու ընդլայնման անհրաժեշտութիւնը: Նախարար Յակոբեան իր խօսքին մէջ մեծապէս գնահատեց ՀՄԸՄ-ի դերը հայ երիտասարդութեան ներգրաւման եւ ազգային դաստիարակութեան գործին մէջ: Այս առիթով ան փոխանցեց հայրենի պետութեան պատրաստակամութիւնը աջակցելու հայրենիքի մէջ ՀՄԸՄ-ի իրականացնելիք ծրագիրներուն:
Իր կարգին, ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Գառնիկ Մկրտիչեան անդրադարձաւ ՀՄԸՄ-ի համահայկական կառոյցին եւ սկաուտական թէ մարզական մարզերուն մէջ կատարած լայնածաւալ աշխատանքներուն: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց նախարար Յակոբեանին` հայրենի պետութեան կողմէ ՀՄԸՄ-ի Բիւրականի բանակավայրին կից նոր հողաշերտի մը յատկացման եւ արդիական բանակավայրի մը կառուցման համար:
Պաշտօնական խօսքերէն ետք տեղի ունեցաւ ազգային հրատապ հարցերու քննարկում-զրոյց: Նախարար Յակոբեան ՀՄԸՄ-ի պատասխանատուներուն հետ արծարծեց Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի նախապատրաստութիւններուն, հայախօսութեան նահանջի երեւոյթին եւ առհասարակ նոր սերունդին հայեցի դաստիարակութեան վերաբերող հարցեր:
Աւարտին, նախարար Հրանուշ Յակոբեան եւ ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Գառնիկ Մկրտիչեան ստորագրեցին գործակցութեան յուշագիր մը, որ կ՛առաջադրէ Հայաստան-սփիւռք գործակցութեան զարգացման հեռանկարները եւ կ՛ընդգծէ հայ երիտասարդութեան դերակատարութեան եւ մասնակցութեան բարձրացումն ու ընդլայնումը, մարզամշակութային, կրթադաստիարակչական եւ ազգային ծրագիրներու իրականացումը:


