
Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան պատգամաւոր Արծուիկ Մինասեան երէկ հարցազրոյցի մը ընթացքին անդրադարձաւ նպատակային ընկերային վճարումին: Ան նշեց, որ ոչ իշխանական քառեակը քննարկած է նոր օրէնքը Սահմանադրական դատարանին մէջ անգամ մը եւս վիճարկելու հարցը, սակայն խորքային քննարկումներ տակաւին պէտք է ըլլան այդ հարցին կապուած, երբ դիմումը վերջնականապէս պատրաստ ըլլայ: «Նախնական քննարկումներուն մէջ կար դիրքորոշում մը, որ այո՛, պէտք է դիմենք Սահմանադրական դատարանին, թէեւ որոշ տարակուսանք մեր գործընկերներուն մօտ կարծես թէ տակաւին կայ: Դաշնակցութիւնը կը փորձէ մեր գործընկերներուն հիմնաւորել Սահմանադրական դատարանին դիմելու անհրաժեշտութեան մասին, թէկուզ այն պատճառով, որ ասիկա պայքար է, որ չ՛ենթադրեր վայրկենական յաջողութիւն: Ես այս պայքարին մէջ եմ 2003-էն եւ պատկերացուցէք, եթէ ես հիմա յոգնած ըլլայի եւ չուզէի պայքարիլ: Կը նշանակէ պէտք է ձեռքերս լուայի եւ մէկ կողմ քաշուէի, իսկ ես այդպէս չեմ պատկերացներ: Ասիկա հետեւողական պայքար է ոչ միայն անոր համար, որ անուանական ըսենք` իշխանութիւնը սխալ է, այլ ասիկա գաղափարական, սկզբունքային, մեր ներկայ եւ ապագայ սերունդներու իրաւունքներուն մասին է, ուրեմն պէտք է իշխանութեան ներկայացուցիչներուն եւ հասարակութեան ցոյց տանք, որ որքան արատաւոր է այս օրէնքը», ըսաւ Արծուիկ Մինասեան, որ միաժամանակ նշեց Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան տեսակէտը, որ յստակ պէտք է բողոքարկել անգամ մը եւս Սահմանադրական դատարանին մէջ կենսաթոշակային նոր օրէնքը: Ըստ Մինասեանի, հիմնական հարցադրումները հետեւեալներն են, որ նպատակային ընկերային վճարումը, ըստ էութեան, ոչինչ փոխած է երեւոյթին մէջ, սեփականութեան իրաւունքի խախտման առումով, նաեւ նպատակային ընկերային վճարումը իր մէջ կը պարունակէ իրաւական լուրջ խտրականութեան տարրեր ե՛ւ տարիքային, ե՛ւ ոլորտային առումներով: Եւ վերջապէս, օրէնք ընդունուած է ընթացակարգային լուրջ խախտումներով: Ի դէպ, Մինասեան «Կուտակային կենսաթոշակներու մասին» օրէնքի ընդունման ընթացակարգային խախտումներուն վերաբերեալ նամակ ուղարկած է արդարադատութեան նախարարին:


