Սեւրի Դաշնագիրին 94-Ամեակին Առիթով. «Սեւրի Պարտամուրհակը Պէտք Է Տեղափոխել Իրաւական Դաշտ» Ըսաւ Մելիք Գարագաւորեան
Լենա Պալեան Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Իշխան» կոմիտէի քարոզչական յանձնախումբին, երէկ` ուրբաթ, 8 օգոստոս 2014-ի երեկոյեան ժամը 8:30-ին, «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ տեղի ունեցաւ Սեւրի դաշնագիրին 94-ամեակին նուիրուած ձեռնարկը: Լիբանանեան եւ հայկական քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք, ձեռնարկին բացումը կատարեց Լենա Պալեան: Սեւրի դաշնագիրին հակիրճ պատմականը ներկայացնելով` Պալեան շեշտեց այս դաշնագիրին պատմական կարեւորութիւնը` ընդգծելով, որ իւրաքանչիւր հայ, մանաւանդ իւրաքանչիւր դաշնակցական մեծ գործ ունի...


















