Մհեր Ջուլհաճեանի Անունը Կրող Լսարան` Արցախի Պետական Համալսարանին Մէջ
«Ապառաժ» կը հաղորդէ, որ 29 յուլիսին Արցախի պետական համալսարանին մէջ բացումը կատարուեցաւ արցախեան ազատամարտին ընթացքին զոհուած լիբանանահայ ազատամարտիկ Մհեր Ջուլհաճեանի անունը կրող լսարանին: Լսարանը վերանորոգուած եւ կահաւորուած է Բրիտանիա բնակող Սեւան Արթինի ջանքերով. ան այս անգամ իրեն հետ Արցախ բերած է նաեւ Լոնտոնի ՀՄԸՄ-ականները, որոնք եւս ներկայ եղած են լսարանի հանդիսաւոր բացման արարողութեան: Սեւան Արթին այս առիթով յայտնեց, որ այս...

















