Գլխաւոր լուրեր

11486_am_1

Մեծ Եղեռնի 100-Ամեակի Ծրագիրները Հայաստանի Կառավարութեան 6 Միլիառ Դրամ Պիտի Արժեն

Յովիկ Աբրահամեան Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի ձեռնարկները պատրաստելու համար Հայաստանի կառավարութիւնը դրամական միջոցներ չի խնայեր` իրականութիւնը ամբողջ աշխարհին աւելի ճոխ ներկայացնելու համար: Այս մասին Ծաղկաձորի մէջ «Բազէ-2014» համահայկական երիտասարդական հաւաքի բացման արարողութեան ընթացքին հաւաքին մասնակիցներուն հետ զրոյցի ընթացքին ըսաւ վարչապետ Յովիկ Աբրահամեան: «Նախագահին կարգադրութեամբ ստեղծուած  յանձնաժողով կայ, բազմաթիւ քայլեր կան, բազմաթիւ ծրագիրներ կան, որոնց համար կառավարութիւնը շուրջ 6 միլիառ դրամէն աւելի...

qMESUuxPcYk6JglcyjDiLkqa8Z

Օհանեան. «19-20 Տարեկան Հայ Զինուորները Փայլուն Կերպով Կատարեցին Հրասայլ Վարելու Դժուարագոյն Վարժութիւնները»

«Ջերմօրէն կը շնորհաւորեմ հայկական բանակի ամբողջ անձնակազմը` 12 պետութիւններու մասնակցութեամբ տեղի ունեցած «Հրասայլային  պիաթլոն-2014» միջազգային մրցումին  հայ հրասայլորդներուն աշխարհի փոխախոյեանի բարձր տիտղոսին արժանանալնուն, անհատական եւ խմբային պայքարին մէջ բարոյական կորովի, կամքի եւ մասնագիտական բարձր արդիւնքներ ցուցաբերելնուն համար», այս մասին ըսուած է Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեանի` «Հրասայլային  պիաթլոն-2014» միջազգային մրցումին  երկրորդ դիրքը  նուաճելու առիթով հայկական հրասայլային անձնակազմերուն ուղղուած շնորհաւորական ուղերձին...

0819_France-Yezidi

Փարիզի Մէջ Հայերը Մասնակցած Են Եզիտիներու Եւ Քիւրտերու Զօրակցութեան Ցոյցին

«Նուվել տ՛Արմենի» կը հաղորդէ, որ 16 օգոստոսին Փարիզի Սեն Լորան եկեղեցւոյ առջեւ «Մենք բոլորս եզիտի ենք», «Ազատ արձակել Օճալանը» եւ «Տագնապ` ցեղասպանութիւն է» կարգախօսերով հաւաքուած է շուրջ 1200 ցուցարար: Շարք մը քրտական եւ եզիտիական կազմակերպութիւններու մասնակցութեամբ Ֆրանսայի քրտական միութիւններու դաշնակցութեան կողմէ կազմակերպուած ցոյցին ընթացքին արտասանուած են շարք մը խօսքեր, որոնք միջազգային ընտանիքին կոչ ուղղած են ուշադրութիւն դարձնելու Իրաքի մէջ քաղաքային...

0818_Arman-Sagatelyan-f

Հայաստանի Հանրապետութեան Արտաքին Գործոց Նախարարութեան Յանձնարարական Տրուած Է Իրաքի Եզիտիներուն Հարցով Զբաղելու Մասին

Արման Սաղաթելեան Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահին կողմէ յանձնարարականներ տրուած են արտաքին գործոց նախարարութեան եւ դիւանագիտական առաքելութիւններու ղեկավարներուն, միջազգային շրջանակներուն մէջ պատշաճ մակարդակով արծարծելու  Իրաքի եզիտի բնակչութեան նկատմամբ շարունակուող զանգուածային բռնութիւններու եւ մարդկային բազմաթիւ զոհերու հարցը: Այս մասին նշուած է Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի մամլոյ քարտուղար Արման Սաղաթելեանի հրապարակած յայտարարութեան մէջ: Նշելով, որ Հայաստան «խորապէս անհանգստացած է» Իրաքի հիւսիսը եզիտի բնակչութեան նկատմամբ շարունակուող...

0818_Francis

Ֆրանչիսկոս Պապը 12 Ապրիլ 2015-ին Հայոց Ցեղասպանութեան 100-Ամեակին Առիթով Պատարագ Պիտի Մատուցէ

«Փրեսնա Արմենիա» կը հաղորդէ, որ Պուէնոս Այրեսի կարտինալ, արքեպիսկոպոս Մարիօ Փոլի կիրակի, 17 օգոստոսին քաղաքի հայ կաթողիկէ Նարեկի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ պատարագի ընթացքին յայտարարած է, որ Ֆրանչիսկոս պապը 12 ապրիլ 2015-ին Վատիկանի Ս. Պետրոս տաճարին մէջ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով պատարագ պիտի մատուցէ: Նարեկի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ հովիւ Փապլու Հաքիմեան «Փրենսա Արմենիա»-ին յայտնած է. «Պապը ընդառաջած է յանուն Հայ...

0818_Roupen-Melkonian-f

«Եթէ Դատապարտուէր Հայոց Ցեղասպանութիւնը, 21-րդ Դարուն Նոր Ցեղասպանութիւններ Չէին Ըլլար» Կ՛ըսէ Ռուբէն Մելքոնեան

Ռուբէն Մելքոնեան Երէկ լրագրողներու հետ հանդիպման ընթացքին թրքագէտ Ռուբէն Մելքոնեան յայտնեց, որ «իբրեւ ցեղասպանութենէն վերապրած ժողովուրդ, հայութիւնը պէտք է անկողմնակալօրէն դատապարտէ Իրաքի հիւսիսը եզիտիներուն նկատմամբ իրականացուող ցեղասպանական գործողութիւնները, որպէսզի 21-րդ դարուն չկրկնուի այն, ինչ որ տեղի ունեցաւ 20-րդ դարուն հայերուն հետ»: Ռուբէն Մելքոնեան աւելցնելով ըսաւ, որ «կարելիութեան սահմաններուն մէջ Հայաստանը եւ հայութիւնը պէտք է նաեւ օգնեն բարեկամ ժողովուրդին»: Մերձաւոր Արեւելքի...

«Ազդակ» Կը Մասնակցի Ս. Փեթերսպուրկի Ցուցահանդէսին

Հանրային բնոյթի հրատարակութիւններ անուանակարգին տակ, հայաստանեան եւ սփիւռքեան մամուլի ցուցահանդէս մը կազմակերպուած է Ս. Փեթերսպուրկի մէջ: Ս. Փեթերսպուրկի հայերու կազմակերպութեան կողմէ «Ազդակ» հրաւէր ստացաւ մասնակցելու այդ ցուցահանդէսին: «Ազդակ»-ի օրաթերթի, բացառիկներու եւ յաւելուածներու օրինակներ մաս պիտի կազմեն այնտեղ ցուցադրուող հայկական մամուլի տարբեր ներկայացուցիչներու շարքին: Տեղին է նշելը, որ ընդհանրապէս սփիւռքահայ դասական մամուլի եւ Ռուսիոյ կամ նոր սփիւռքի ձեւաւորման հետ զարգացող մամուլին...

0817_garen

Միացեալ Նահանգները Կարէն Պետրոսեանի Մահուան Գծով Թափանցիկ Քննութիւն Կատարելու Կոչ Կ՛ուղղեն Ազրպէյճանին

Կարէն Պետրոսեան Միացեալ Նահանգներ խորապէս մտահոգուած են ազրպէյճանական գերութեան մէջ Հայաստանի քաղաքացի Կարէն Պետրոսեանի մահուան եւ այն պնդումներուն վերաբերեալ հաղորդագրութիւններով, որ անոր մահը անբնական պատճառներով եղած է: Այս մասին յայտարարած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը: «Միացեալ Նահանգները անկեղծ ցաւակցութիւն կը յայտնեն Պետրոսեանի ընտանիքին», ըսուած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան հաղորդագրութեան մէջ: Ի պատասխան Կարէն Պետրոսեանի գերեվարման եւ սպանութեան...

0814_ANCA-f

Ուաշինկթընի Հայ Դատի Գրասենեակը Կոչ Կ՛ուղղէ Կանգնեցնելու Ալիեւի Ընթացքը Դէպի Պատերազմ

Ուաշինկթընի Հայ դատի գրասենեակը Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամայի վարչակազմին կոչ կ՛ուղղէ` կանգնեցնելու Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի «ընթացքը դէպի պատերազմ»: 8 օգոստոսին գրասենեակի ղեկավար Արամ Համբարեան եւ ներկայացուցիչ Քէյթ Նահապետեան հանդիպում ունեցած են ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի ամերիկացի համանախագահ Ճէյմս Ուորլիքի հետ եւ անոր կոչ ուղղած ճնշում գործադրելու Միացեալ Նահանգներու կառավարութեան վրայ` զսպելու Ազրպէյճանի անխոհեմ զինուորական նկրտումները: Անոնք ամերիկացի դիւանագէտին փոխանցած...

0817_SAYEDD_1

«Որոշած Ենք Դիմադրել Տահեշ-Ին` Առանց Համախոհութեան Մը Գոյացման Սպասելու» Շեշտեց Սէյիտ Նասրալլա

Սէյիտ Նասրալլա` պատկերասփռուած ճառին պահուն Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա անցեալ ուրբաթ, 15 օգոստոս 2014-ին, երեկոյեան ժամը 8:30-ին, 2006-ի յուլիսեան պատերազմին տարեդարձին առիթով արտասանեց պատկերասփռուած ճառ մը, որուն մէջ կոչ ուղղեց բոլորին գիտակցելու, որ ամբողջ շրջանին գոյութեան սպառնացող վտանգներ կան: Ան հաստատեց, որ պէտք է դիմադրել այս վտանգին` աւելցնելով, որ անոր յաղթելու համար անհրաժեշտ է անոր շուրջ ազգային համախոհութիւն...

0817_52

Ս. Աստուածածնայ Վերափոխման Տօնը Նշուեցաւ Հազարաւոր Հաւատացեալներու Ներկայութեամբ

Շաբաթ, 16 օգոստոս 2014-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Ս. Աստուածածնայ վերափոխման տօնին առիթով, Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին վանքի նորաօծ բացօթեայ Նահատակաց խորանին վրայ Ս. եւ անմահ պատարագ մատուցուեցաւ` հանդիսապետութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսի: Պատարագը մատուցեց Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան: Պատարագի երգեցողութիւնը կատարեց կաթողիկոսարանի «Շնորհալի» երգչախումբը` ղեկավարութեամբ Գարեգին աբղյ. Շխրտըմեանի: Այս տարի խանդավառութիւնը կրկնապատկուած էր, երբ Ս. եւ...

0815_otoman

Պանք Օթոմանի Գրաւման 118-Ամեակին Նուիրուած Ձեռնարկին. «Դաշնակցութիւնը Սովորական Օրերու Կուսակցութիւն Չէ, Դաշնակցութիւնը Ճգնաժամի Կուսակցութիւն Է» Ըսաւ Աւետիս Կիտանեան

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Էտկար Ակնունի» կոմիտէի քարոզչական յանձնախումբին, ուրբաթ, 15 օգոստոս 2014-ի երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Ֆանարի դաշտին վրայ տեղի ունեցաւ Պանք Օթոմանի գրաւման 118-ամեակին նուիրուած ձեռնարկը: Ցոլեր Թալաթինեան Արծիւ Տէր Խաչատուրեան Լիբանանեան եւ հայկական քայլերգներու  յոտնկայս ունկնդրութենէն ետք Ցոլեր Թալաթինեան բացումը կատարեց ձեռնարկին` ողջունելով ներկաները եւ յայտարարելով յայտագիրի գլխաւոր բաժինները: Ապա ան բեմ հրաւիրեց ՀՅԴ «Է. Ակնունի» կոմիտէի ներկայացուցիչ Արծիւ Տէր...

Khemp_Ottoman_Bank

Խմբագրական. Ապրուած Եւ Ապրեցնող Օրեր (Պանք Օթոմանի Գրաւման 118-Ամեակին Առիթով)

Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան կազմակերպած ցուցական կարեւորագոյն աքթերէն կը նկատուի Պանք Օթոմանի գրաւումը: Դրամատան գրաւումը  բռնամիջոցի տեսքով` ունի սակայն յեղափոխական բարոյական արժեհամակարգին պատկանող գեղեցիկ բաղադրիչներ: Քանի մը կարեւոր խորհուրդ Պանք Օթոմանի գրաւման նշումին առիթով կ՛ուրուագծուի, աքթին պատմաքաղաքական արժեւորման հերթական փորձի ընթացքին: Օսմանեան դրամատան գրաւումը կ՛իրականանար Դաշնակցութեան հիմնադրութեան առաջին ժամանակահատուածին: Միայն վեց տարի կը բաժնէ այս հերոսապատումը կուսակցութեան հիմնադրութենէն: Ու պէտք է...

116748SB14

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Ամին Ժեմայէլի

Երէկ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի պատուիրակութիւնը` բաղկացած ընկերներ Յակոբ Խաչերեանէ, Սեպուհ Յովնանեանէ եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիէ, այցելեց Փաղանգաւոր կուսակցութեան նախագահ Ամին Ժեմայէլի: Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան երկու կուսակցութիւններուն միջեւ գործակցութեան եզրեր գտնելու կարելիութիւնները: Արծարծուեցան նաեւ լիբանանեան ներքաղաքական իրադարձութիւնները:  

0814_Davit-Papayan

Ըստ Դաւիթ Բաբայեանի. Սոչիի Հանդիպումէն Ետք Զինադադարի Խախտումները Տասնապատիկ Նուազած Են

Դաւիթ Բաբայեան Հայաստանի, Ազրպէյճանի եւ Ռուսիոյ նախագահներու Սոչիի  հանդիպումէն  ետք, ազրպէյճանական կողմէն  զինադադարի  խախտման դէպքերը նուազած են աւելի քան տասը անգամ: Այս մասին  հարցազրոյցի մը մէջ տեղեկացուց Լեռնային Ղարաբաղի նախագահի աշխատակազմի ղեկավարի տեղակալ Դաւիթ Բաբայեան: «Լարուածութեան մեղմացում կը նկատուի: Իրավիճակը ընդհանուր առմամբ կայուն է: Լարուածութեան մեղմացումը կը նկատուի հիմնականին մէջ այդ խախտումներու  քանակը վերլուծելով: Եթէ ըսենք, մինչեւ  Սոչիի հանդիպումը  օրական...

ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան Անդամը Կ’ընտրուի Համաշխարհային Սկաուտական Կոմիտէի Անդամ

11-14 օգոստոսին Սլովենիոյ մէջ տեղի ունեցաւ Համաշխարհային սկաուտական կոմիտէի Ընդհանուր ժողովը եւ կոմիտէի նոր կազմի ընտրութիւնը: Ժողովին կը մասնակցէին չորս ՀՄԸՄ-ականներ` ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամ Բագրատ Եսայեան, ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ-ի ատենապետ Օշին Փիրումեան, Լիբանանի սկաուտական ֆետերասիոնէն Վաչէ Նաճարեան, Արժանթինի պատուիրակութենէն Սեդա Սեֆերեան: ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամ Բագրատ Եսայեան ընտրուեցաւ Համաշխարհային սկաուտական նորընտիր կոմիտէի անդամ:

IMG_6693

«Գարակէօզեան» Հաստատութեան Ամառնային Դպրոցի Եզրափակիչ Հանդիսութիւն

«Գարակէօզեան» հաստատութեան կազմակերպած ամառնային դպրոցի եզրափակիչ հանդէսը տեղի ունեցաւ հինգշաբթի, 14 օգոստոս 2014-ի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, «Յովհաննէս Պօղոսեան» թատերասրահին մէջ: «Խաղաղութիւն» բնաբանը կրող հանդիսութիւնը սկսաւ Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներով: Բացման ներկայացումով քանի մը աշակերտներ փոխանցեցին հանդիսութեան պատգամը, որ կոչ կ՛ուղղէր դադրեցնելու պատերազմը եւ տարածել խաղաղութիւնը, միաժամանակ յիշելով մանուկներու համաշխարհային իրաւունքներէն` ապահով եւ ուրախ միջավայրի մէջ ապրելու մասին: Հանդիսութեան բացման խօսքը...

Agn_Zinvorner-2

Ակնարկ. Միեւնոյն Համախմբուածութեամբ Նաեւ` Տեղեկատուականը

Ինչպէս ակնկալելի էր Սոչիի եռակողմ հանդիպումէն ետք, շատ արագ նկատուեցաւ լարուածութեան նուազում թէ՛ Արցախ-Ազրպէյճան շփման գիծին եւ թէ՛ Հայաստանի Հանրապետութիւն - Ազրպէյճան պետական սահմանագիծին վրայ: Եթէ ընդունինք քաղաքական այն վարկածը, որուն հիմամբ Սոչիի եռակողմ հանդիպումով նախագահ Փութինը ընդգծեց Ռուսիոյ գերմիջնորդ ըլլալու հանգամանքը եւ բանակցային ղեկը իր ձեռքին պահելու փաստը, ապա այնտեղ արծարծուած բացառապէս խաղաղ միջոցներով տագնապին լուծում բերելու առաջադրանքը, գէթ...

0813Murr–Tashnag-1

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Միշել Մըրի

Երէկ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի պատուիրակութիւնը` բաղկացած ընկերներ Յակոբ Խաչերեանէ, Յովհաննէս Թասլաքեանէ եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիէ, այցելեց խորհրդարանի նախկին փոխնախագահ, երեսփոխան Միշել Մըրի: Քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւնները եւ քաղաքական հրատապ անցուդարձերը:

0813_Հրաչ

Հրաչ Մուրատեանի Սպանութեան Մեղադրեալի Վարկածը Չէ Փոխուած

Պռօշեանի գիւղապետ Հրաչ Մուրատեանի սպանութեան գործով կալանաւորուած, ապա անցեալ տարուան  դեկտեմբերին ազատ արձակուած Արայիկ Պետրոսեան կը շարունակէ մնալ մեղադրեալ, հակառակ այն հանգամանքին, որ անոր վերաբերեալ նախաքննական մարմինը ոչ մէկ գործողութիւն կը կատարէ: Այս մասին  ըսաւ Արայիկ Պետրոսեանի փաստաբան Նորայր Նորիկեան: «Արայիկ Պետրոսեանը  ազատ արձակելու որոշումին մէջ դատախազը սեւով սպիտակի վրայ գրած էր, որ սպանութեան գործին մէջ Արայիկ Պետրոսեանի մասնակցութիւնը  ապացուցուած...

Page 833 of 885 1 … 832 833 834 … 885