Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայաստանի Հանրապետութեան Արտաքին Գործոց Նախարարութեան Յանձնարարական Տրուած Է Իրաքի Եզիտիներուն Հարցով Զբաղելու Մասին

August 19, 2014
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter
Արման Սաղաթելեան
Արման Սաղաթելեան

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահին կողմէ յանձնարարականներ տրուած են արտաքին գործոց նախարարութեան եւ դիւանագիտական առաքելութիւններու ղեկավարներուն, միջազգային շրջանակներուն մէջ պատշաճ մակարդակով արծարծելու  Իրաքի եզիտի բնակչութեան նկատմամբ շարունակուող զանգուածային բռնութիւններու եւ մարդկային բազմաթիւ զոհերու հարցը:

Այս մասին նշուած է Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի մամլոյ քարտուղար Արման Սաղաթելեանի հրապարակած յայտարարութեան մէջ:

Նշելով, որ Հայաստան «խորապէս անհանգստացած է» Իրաքի հիւսիսը եզիտի բնակչութեան նկատմամբ շարունակուող զանգուածային բռնութիւններու փաստով, Հայաստանի նախագահի մամլոյ բանբերը յայտարարած է. «Որեւէ ազգային եւ կրօնական փոքրամասնութեան եւ մասնաւորապէս Իրաքի եզիտիներուն նկատմամբ բռնութեան կիրարկումը բացարձակապէս անընդունելի է, եւ միջազգային հանրութիւնը պէտք է անյապաղ քայլերու ձեռնարկէ զանոնք ժամ առաջ դադրեցնելու, տուժածներուն աջակցութիւն ցուցաբերելու եւ մարդասիրական օգնութիւն տրամադրելու համար»:

Սաղաթելեան նաեւ տեղեկացուցած է, որ նախագահ Սարգսեան Հայաստանի վարչապետին հետ երէկ քննարկած է Հայաստանի կողմէ տրամադրուող մարդասիրական օգնութեան նախապէս ծրագրուած ծաւալները աւելցնելու հարցը, որ Հայաստանի կառավարութիւնը յառաջիկայ օրերուն պիտի լուծէ:

«Խնդիրը պիտի շարունակէ մնալ պաշտօնական Երեւանի ուշադրութեան առարկան, եւ Հայաստանի Հանրապետութիւնը իր ուժերուն չափով հետեւողականօրէն պիտի աջակցի փորձանքի մատնուած բարեկամ եզիտի ժողովուրդին», ըսուած է յայտարարութեան մէջ:

Յայտնենք, որ նախապէս Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութիւնը Իրաքի եզիտիներուն 50 հազար տոլարի մարդասիրական օժանդակութիւն տրամադրելու որոշում տուած էր:

 

Նախորդը

Վրաստանի Եւ Ազրպէյճանի Պաշտպանութեան Նախարարները Քննարկեցին Շրջանային Հարցեր

Յաջորդը

Ռուսական Ֆութպոլ. Ռուսլան Քորեան Կերտեց Լուչ Էներկիայի Յաղթանակը

RelatedPosts

Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը  Պիտի Հրապարակուի Յառաջիկայ Օրերուն
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Յիշելով «ՈՉ»-ի Շարժումին Յաջողութիւնը

November 24, 2026
Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.