Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Եթէ Դատապարտուէր Հայոց Ցեղասպանութիւնը, 21-րդ Դարուն Նոր Ցեղասպանութիւններ Չէին Ըլլար» Կ՛ըսէ Ռուբէն Մելքոնեան

August 19, 2014
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter
Ռուբէն Մելքոնեան
Ռուբէն Մելքոնեան

Երէկ լրագրողներու հետ հանդիպման ընթացքին թրքագէտ Ռուբէն Մելքոնեան յայտնեց, որ «իբրեւ ցեղասպանութենէն վերապրած ժողովուրդ, հայութիւնը պէտք է անկողմնակալօրէն դատապարտէ Իրաքի հիւսիսը եզիտիներուն նկատմամբ իրականացուող ցեղասպանական գործողութիւնները, որպէսզի 21-րդ դարուն չկրկնուի այն, ինչ որ տեղի ունեցաւ 20-րդ դարուն հայերուն հետ»: Ռուբէն Մելքոնեան աւելցնելով ըսաւ, որ «կարելիութեան սահմաններուն մէջ Հայաստանը եւ հայութիւնը պէտք է նաեւ օգնեն բարեկամ ժողովուրդին»:

Մերձաւոր Արեւելքի մէջ այսօր տեղի ունեցող իրադարձութիւնները փորձագէտը նախ եւ առաջ Արեւմուտքի երկակի քաղաքականութեան դրսեւորում որակեց: «Իրաքի մէջ մեր բարեկամ ժողովուրդին` եզիտիներուն նկատմամբ այսօր ցեղասպանութիւն կ՛իրականացնեն նոյն խմբաւորումները, որոնք կը ծրագրէին իրականացնել նաեւ Քեսապի մէջ եւ գործեցին Սուրիոյ մէջ, որուն ժամանակ Արեւմուտքը ատիկա կը ներկայացնէր իբրեւ ժողովրդավարութեան յաղթարշաւ: Միւս կողմէ` արեւմտեան աջակցութեամբ կազմաւորուած այս խմբաւորումները այսօր Արեւմուտքի համար դարձած են գլխացաւ», յայտնեց թրքագէտը:

Ինչ կը վերաբերի Թուրքիոյ մասնակցութեան, Մելքոնեան ընդգծեց, որ ծայրայեղ իսլամականներուն աջակցելու առումով Թուրքիա անսահման մեծ դերակատարութիւն ունի: «Քեսապի մէջ այդ ծայրայեղ իսլամականները Թուրքիոյ աջակցութեամբ մտած էին, եւ այսօր եզիտիներու ցեղասպանութիւնը իրականացնող իսլամականները Թուրքիոյ անվերապահ աջակցութիւնը ունին: Եւ ճշմարիտ է այն պնդումը, որ եթէ դատապարտուէր Հայոց ցեղասպանութիւնը, ապա նոր ցեղասպանութիւններ տեղի չէին ունենար, եւ որովհետեւ տակաւին ատիկա տեղի չէ ունեցած, մենք անընդհատ ականատես պիտի ըլլանք ցեղասպանական դրսեւորումներու», եզրակացուց ան:

Իրաքի հիւսիսը եզիտիները կանխամտածուած կերպով կը սպաննուին կրօնական պատճառներով, իսկ որեւէ խումբի կանխամտածուած ոչնչացում կրօնական տարբերակիչով` ցեղասպանութիւն է:

 

Նախորդը

Պասիլ Պաշտօնական Այցելութեամբ Մը Մեկնեցաւ Պաղտատ

Յաջորդը

Ֆրանչիսկոս Պապը 12 Ապրիլ 2015-ին Հայոց Ցեղասպանութեան 100-Ամեակին Առիթով Պատարագ Պիտի Մատուցէ

RelatedPosts

Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը  Պիտի Հրապարակուի Յառաջիկայ Օրերուն
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Յիշելով «ՈՉ»-ի Շարժումին Յաջողութիւնը

November 24, 2026
Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.