Գլխաւոր լուրեր

0813_kahwaji_arsal

Արսալի Եւ Լապուէի Մէջ Զօր. Քահուաժի Ստուգեց Բանակին Դիրքերը

Զօր. Քահուաժի` Արսալի մէջ Լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժի երէկ ուղղուեցաւ Արսալ, ուր ստուգեց շրջանին մէջ դիրքաւորուած լիբանանեան բանակին զօրամասերը: Զօր. Քահուաժի այցելեց նաեւ Լապուէ, ուր ստուգեց բանակի Ը. զօրամասին դիրքերը: Զօր. Քահուաժիի այս այցելութիւնը յաջորդեց Պեքաայի եւ յատկապէս Արսալի մէջ բանակին կողմէ ՏԱՀԵՇ-ի եւ Ժապհաթ Նուսրայի ահաբեկիչներուն դէմ մղուած կռիւին: Զօր. Քահուաժի Արսալի մէջ հաստատեց, որ բանակին քաջութեան եւ...

HMEM-EMBLEM-f

Հաղորդագրութիւն

ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութիւնը քառամեայ նստաշրջանի (2011-2015) իր երրորդ լիագումար նիստը գումարեց 3-5 օգոստոս 2014-ին, Երեւանի մէջ: Կեդրոնական վարչութիւնը նախ եւ առաջ անդրադարձաւ երկրորդ լիագումարով տրուած որոշումներու գործադրութեան եւ հետապնդելի կարգ մը գործունէութիւններուն: Ապա` կարեւոր նկատելով միութեան կազմակերպական հոլովոյթը, լսեց շրջաններու եւ մեկուսի շրջաններու մասին ամփոփ զեկուցում մը եւ, հիմնուելով կարգ մը շրջաններու դիմագրաւած դժուարութիւններուն վրայ, յետ քննարկման կատարեց եզրայանգումներ` ամէնէն...

0812_salam_HHT

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Վարչապետ Սալամի Եւ Սլէյման Ֆրենժիէի

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի պատուիրակութիւնը` բաղկացած ընկերներ Յակոբ Խաչերեանէ, Սեպուհ Յովնանեան է եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիէ, երէկ այցելեց վարչապետ Թամմամ Սալամի: Քննարկուեցան լիբանանեան ընդհանուր իրադարձութիւնները եւ կառավարութեան իրավիճակը` ընդգծելով նախագահական ընտրութեան կարեւորութիւնը եւ բանակին հանդէպ զօրակցութիւնը: Պնաշհիի Մէջ Նոյն պատուիրակութիւնը այցելեց նաեւ Պնաշհի, ուր հանդիպում մը ունեցաւ Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէի հետ: Ներկայ գտնուեցաւ...

dinTnmV4FJATTrrtqvFF6V8SQV-f

Օհանեան Շնորհակալութիւն Կը Յայտնէ Երիտասարդներուն

Սէյրան Օհանեան Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան Երիտասարդութեան միջազգային օրուան առիթով երիտասարդներուն յղեց ուղերձ մը, որուն մէջ մասնաւորապէս կ՛ըսուի.   «Սիրելի՛ երիտասարդներ, Հայկական բանակը, որ հսկայական զոհողութիւններու գնով կայացաւ եւ յաղթեց արցախեան ազատամարտին մէջ, իսկ տագնապալի այս օրերուն իր հերոսական առաքելութիւնը փայլո՛ւն կերպով կատարելու ատեն ամէն վայրկեան իր թիկունքին զգաց իսկապէս համաժողովրդական աջակցութիւն, Հայաստանի եւ Արցախի մեծագոյն երիտասարդական կառոյցն է:...

0811_schiff-sherman

Ամերիկացի Քոնկրեսականներ Դատապարտած Են Ազրպէյճանի Վերջին Օրերու Յարձակումները

Շիֆ եւ Շըրմըն «Ասպարէզ» կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսի անդամները արձագանգած են Ազրպէյճանի` Լեռնային Ղարաբաղի սահմանին վրայ կատարած յարձակումին եւ կոչ ուղղած են երկարատեւ խաղաղութիւն հաստատելու: Քոնկրեսականներ Էտըմ Շիֆ, Պրետ Շըրմըն եւ Տէյվիտ Չիչիլինէ հրապարակած են յայտարարութիւններ Ազրպէյճանի կողմէ զինադադարի խախտման վերջին դէպքերուն կապակցութեամբ: «Երկու տասնամեակ Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդը կ՛ապրի Ազրպէյճանի արձակազէններու կրակոցին մնայուն սպառնալիքին տակ, իսկ Ազրպէյճան կը...

0812_Ozdemir

Գերմանական Կուսակցութիւններ Դէմ Են «Էրտողանի Թուրքիոյ»` Եւրոպական Միութեան Անդամակցութեան

Ճեմ Էօզտեմիր «Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ Գերմանիոյ իշխող Քրիստոնեայ ընկերային միութիւն կուսակցութիւնը Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի Թուրքիոյ նախագահ ընտրուելէն ետք հրապարակած է յայտարարութիւն մը, որուն մէջ կուսակցութեան ընդհանուր քարտուղար Անտրէաս Շոյեր կը նշէ, որ այսուհետեւ Թուրքիան պէտք է վերջնականապէս հրաժարի Եւրոպական Միութեան լիիրաւ անդամ դառնալու գաղափարէն: «Էրտողանի Թուրքիան Եւրոպայի մէջ գործ չունի», յայտարարած է Շոյեր եւ ընդգծած, որ Էրտողան իր իշխանութիւնը...

10460666_353796394772372

Կրկին Հրթիռաձգութիւն` Նոր Գիւղի Մէջ. Երեք Զոհերու Մարմինները Յանձնուեցան Հողին

«Բերիոյ նիուզ» կը հաղորդէ, որ 11 օգոստոս 2014-ի երեկոյեան ժամերուն զինեալ խմբաւորումներու կողմէ կազի տակառով շինուած հրթիռ մը նետուեցաւ Ազգային Քարէն Եփփէ ճեմարանի կողքին գտնուող ազգապատկան «Օշական» շէնքի պողոտային վրայ: Բարեբախտաբար մարդկային վնասներ չկան: Նոյն ժամերուն, սուրիական բանակի զինեալ ուժերու միաւորներու եւ զինեալ խմբաւորումներու միջեւ տեղի կ՛ունենային ծանր բախումներ յատկապէս Պոսթան փաշայի շրջանին մէջ: 9 օգոստոս 2014-ի երեկոյեան ժամը 9:00-էն...

լօ1-f

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Ուալիտ Ժոմպլաթի

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի պատուիրակութիւնը` բաղկացած ընկերներ Յակոբ Խաչերեանէ, Սեպուհ Յովնանեանէ, Յովհաննէս Թասլաքեանէ եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիէ, երէկ յետմիջօրէին այցելեց Քլեմանսօ, ուր հանդիպում մը ունեցաւ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթի հետ: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան տեղական եւ շրջանային իրադարձութիւնները:

7746_b

Սարգսեան. «Սահմանային Միջադէպերը Նոյն Ուժգնութեամբ Պիտի Չշարունակուին»

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի կարծիքով, Սոչիի հանդիպումէն ետք հայ-ազրպէյճանական սահմանին վրայ տեղի ունեցող միջադէպերը նոյն ուժգնութեամբ պիտի չշարունակուին: Կիրակի օր Սոչիի մէջ տեղի ունեցած Հայաստանի, Ազրպէյճանի եւ Ռուսիոյ նախագահներու հանդիպումէն ետք «Արմնիուզ»-ին տուած հարցազրոյցին մէջ պատասխանելով այն հարցումին, թէ կա՞յ կարելիութիւն, որ սահմանային միջադէպերը նոյն ուժգնութեամբ  շարունակուին, նախագահ Սարգսեան ըսաւ. «Ես չեմ կարծեր, որ նոյն ուժգնութեամբ պիտի շարունակուին, որովհետեւ ...

0811_Hovig-Aprahamian_HMEM

Հայաստանի Վարչապետը Ընդունած Է ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան Պատուիրակութիւնը

Հայաստանի վարչապետ Յովիկ Աբրահամեան ընդունած է Հայ մարմնակրթական ընդհանուր միութեան (ՀՄԸՄ) Կեդրոնական վարչութեան պատուիրակութիւնը: Ողջունելով հիւրերը` վարչապետ Աբրահամեան բարձր գնահատած է կառոյցին դերը հայապահպանութեան աշխատանքներուն մէջ եւ կառավարութեան անունով պատրաստակամութիւն յայտնած է աջակցելու իւրաքանչիւր ողջմիտ առաջարկի գործադրութեան: ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Գառնիկ Մկրտիչեան նախ Յովիկ Աբրահամեանին ներկայացուցած է Կեդրոնական վարչութեան անդամները, ապա անդրադարձած է 31 յուլիսին Երեւանի մէջ` դէպի Հանրապետութեան...

090814HovikAbrahamyan-Info

Արցախի Մէջ. Նախագահ Բակօ Սահակեան Ընդունեց Վարչապետ Յովիկ Աբրահամեանը

Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան 9 օգոստոսին ընդունեց Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Յովիկ Աբրահամեանին գլխաւորած պատուիրակութիւնը, որուն կազմին մէջն էին Հայաստանի Ազգային ժողովի եւ կառավարութեան խումբ մը անդամներ: Քննարկուեցան Արցախի եւ Հայաստանի տնտեսական համագործակցութեան վերաբերող հարցեր: Յատուկ ուշադրութիւն դարձուեցաւ նաեւ սահմաններուն վրայ տիրող իրավիճակին: Երկուստեք նշուեցաւ, որ Հայաստան եւ Արցախ կողմնակից են ազրպէյճանական-ղարաբաղեան տագնապի խաղաղ լուծման, միաժամանակ անհրաժեշտութեան պարագային միասին պիտի...

0811Artsrun-Hovhannisyan

«Պիտի Բարձրացնենք Բանակի Մարտունակութիւնը Անկախ Այն Բանէն, Որ Քաղաքական Ինչպիսի՛ Զարգացումներ Տեղի Կ’ունենան» «Ազդակ»-ին Եւ «Վանայ Ձայն»-ին Ըսաւ Արծրուն Յովհաննիսեան

Երէկ «Ազդակ» եւ «Վանայ ձայն» միացեալ հարցազրոյց մը ունեցան Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ քարտուղար Արծրուն Յովհաննիսեանի հետ: Պատասխանելով այն հարցումին, թէ ինչպիսի՞ տարբերութիւններ գոյութիւն ունին վերջերս արձանագրուած զինադադարի խախտումներուն եւ նախորդ դրութեան միջեւ, եւ արդեօք աւելի ճիշդ պիտի չըլլա՞ր զանոնք բնութագրել իբրեւ հետեւակ ուժերու միջեւ սահմանափակ պատերազմ, Յովհաննիսեան ըսաւ. «Այո, այս վերջին խախտումները ամէնէն լայնածաւալն էին եւ ինչ որ...

FCEF3CF8-B11F-41A5-83B7-CE5050E27E8F

Ակնարկ. Առաջնայինի Եւ Առանձնայատուկի Միջեւ

Այն ինչ հրապարակուեցաւ եւ կը շարունակուի հրապարակուիլ Սոչիի մէջ կայացած Ռուսիոյ, Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Ազրպէյճանի նախագահներուն հանդիպման մասին արտակարգ որեւէ նորութիւն չի փոխանցեր: Ակնկալելիօրէն անգամ մը եւս խօսուած է խաղաղ կարգաւորման, պատերազմական գործողութիւններէ զերծ մնալու եւ փոխզիջումներով խաղաղութեան հասնելու անհրաժեշտութեան մասին: Բանակցային խորապատկերին վրայ երեւցող հիմնական եւ ուշադրութիւն գրաւող բաժինը հանդիպման վայրն է, գերմիջնորդի ներկայութիւնն ու կատարած շատ լուրջ կշռադատուած...

0810Sarkissian-Aliyev

Սոչիի Մէջ` Սարգսեան-Փութին- Ալիեւ Եռակողմ Հանդիպում

Երէկ Սոչիի մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի, Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի եւ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի եռակողմ հանդիպումը: Հայաստանի նախագահի մամլոյ գրասենեակը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուած է. «Հանդիպումին ընթացքին քննարկուած են Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման, ինչպէս նաեւ վերջին օրերուն Ազրպէյճանի կողմէ հրահրուած լարուածութեան իբրեւ հետեւանք հայ-ազրպէյճանական սահմանին եւ շփման գիծին վրայ ստեղծուած իրավիճակին առնչուող խնդիրները: «Ռուսիոյ...

0810Hovig

Յովիկ Աբրահամեանի Գլխաւորած Պատուիրակութիւնը Այցելած Է Զինուորական Յենակէտերը

Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Յովիկ Աբրահամեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը 9 օգոստոսին Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւն այցելութեան ընթացքին, Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարար Մովսէս Յակոբեանի ընկերակցութեամբ այցելած է պաշտպանութեան բանակի զինուորական յենակէտերը: Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ ծառայութեան տարածած հաղորդագրութեան համաձայն, Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետը եւ անոր ընկերակցող անձնակազմը հանդիպումներ ունեցած են դիրքապահ զինուորականներուն հետ, հարցուցած են սահմանին վրայ տիրող իրավիճակին մասին եւ ծանօթացած...

kochig

Զրոյց` Ասպետ Գոչիկեանի Հետ

Շաբաթ, 9 օգոստոսին «Ազդակ»-ի «Արսէն Չաղլասեան» ժողովասենեակին մէջ տեղի ունեցաւ զրոյց մը` Պոսթոնի «Պենթլի» համալսարանին մէջ միջազգային յարաբերութիւններու եւ քաղաքական գիտութեանց աւագ դասախօս, «Արմինիըն Ռիվիու»-ի գլխաւոր խմբագիր Ասպետ Գոչիկեանի հետ: Զրուցավարն էր «Ազդակ»-ի միջազգային լուրերու խմբագիր Վահրամ Էմմիեան: Զրոյցին ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ Եւրասիական տնտեսական միութեան կազմութեան, Ուքրանիոյ տագնապին, վերջերս Ռուսիոյ կողմէ Ազրպէյճանի սպառազինութեան մատակարարման, հայ-ազրպէյճանական սահմանագիծին վրայ արձանագրուող զինադադարի խախտումներուն...

0810hmem

Համա-ՀՄԸՄ-ական 10-րդ Բանակումը Հասաւ Իր Աւարտին

10 օրեր Արագածի լանջերուն` Բիւրականի մէջ բանակելէ ետք, 9 օգոստոսին Համա-ՀՄԸՄ-ական 10-րդ բանակումը հասաւ իր աւարտին: Աւելի քան 750 բանակողներ 10 անմոռանալի օրեր անցուցին հայրենիքի մէջ` հաղորդակից դառնալով հայրենի օդին եւ ջուրին հետ եւ իրենց կառչածութիւնն ու հարազատութիւնը ամրապնդելով հայրենիքին նկատմամբ: Բանակումի վերջին օրը ընթացք առաւ շրջաններուն միջեւ յուշանուէրներու փոխանակումով: Յետմիջօրէի ժամը 5:00-էն ետք, Երեւան գտնուող ծնողներ եւ բարեկամներ այցելեցին...

Հայկական Դիւանագիտութիւնը Եւ Սեւրի Պատմական Նշանակութիւնը

Խմբագրական. Սեւրը Առանցք` Հատուցման Իրաւական Թղթածրարին

Սեւրի դաշնագիրն ու ուիլսընեան իրաւարար վճիռը մեր իրաւական պահանջատիրութեան գագաթնակէտը կարելի է նկատել: Սակայն իրաւական այս փաստաթուղթը, որ ըստ միջազգային օրէնքի փորձագիտական մեկնաբանութիւններուն, անբեկանելի է  եւ առ այդ կը շարունակէ պահել իր վաւերականութիւնը, այլ կարեւոր խորհուրդ եւ ուղերձ կը փոխանցէ: Իրաւական մեր պահանջատիրութիւնը կրնայ բարձրակէտի հասնիլ, հայ իրաւագիտական  միտքը կրնայ փայլուն թղթածրար պատրաստել, ուր մեր պահանջատիրութեան եւ միջազգային օրէնքի իրաւական...

0808_Aoun_HHT

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէն Այցելեց Զօր. Միշել Աունի

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի պատուիրակութիւնը` բաղկացած ընկերներ Յակոբ Խաչերեանէ, Սեպուհ Յովնանեանէ, Րաֆֆի Աշգարեանէ եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիէ, երէկ այցելեց Ռապիէ, ուր հանդիպում մը ունեցաւ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի հետ: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան շրջանային իրադարձութիւնները, յատկապէս լիբանանեան զարգացումները` ընդգծելով լիբանանեան ազգային միասնականութիւնը պահպանելու անհրաժեշտութիւնը: Նշենք, որ վարչապետ Թամմամ Սալամ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը...

0808_Garen-Bedrossian1

Ազրպէյճանի Պաշտպանութեան Նախարարութիւնը Կը Յայտարարէ. «Ազրպէյճանի Մէջ Գերեվարուած Կարէն Պետրոսեան Մահացաւ»

Ազրպէյճանական Haqqin.az կայքը կը հաղորդէ, որ Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը հրապարակած է տեղեկութիւն մը, ըստ որուն, քանի մը օր առաջ գերեվարուած Կարէն Պետրոսեան «յանկարծամահ եղած է»: Կը նշուի. «Պետրոսեանի մահուան պատճառը եղած է սրտանօթային սուր անբաւարարութիւնը»: Կը հաղորդուի նաեւ, որ հայ գերիին մահուան մասին արդէն տեղեակ պահուած է Միջազգային կարմիր խաչի ազրպէյճանական ներկայացուցչութիւնը: Յիշեցնենք, որ Տաւուշի մարզի Չինարի գիւղի բնակիչ 31-ամեայ...

Page 834 of 885 1 … 833 834 835 … 885