Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ակնարկ. Միեւնոյն Համախմբուածութեամբ Նաեւ` Տեղեկատուականը

August 14, 2014
| Անդրադարձ, Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Agn_Zinvorner-2Ինչպէս ակնկալելի էր Սոչիի եռակողմ հանդիպումէն ետք, շատ արագ նկատուեցաւ լարուածութեան նուազում թէ՛ Արցախ-Ազրպէյճան շփման գիծին եւ թէ՛ Հայաստանի Հանրապետութիւն – Ազրպէյճան պետական սահմանագիծին վրայ: Եթէ ընդունինք քաղաքական այն վարկածը, որուն հիմամբ Սոչիի եռակողմ հանդիպումով նախագահ Փութինը ընդգծեց Ռուսիոյ գերմիջնորդ ըլլալու հանգամանքը եւ բանակցային ղեկը իր ձեռքին պահելու փաստը, ապա այնտեղ արծարծուած բացառապէս խաղաղ միջոցներով տագնապին լուծում բերելու առաջադրանքը, գէթ որոշ ժամանակի համար պէտք է առարկայանար: Նախապատերազմական վիճակի մթնոլորտի ստեղծումը պարզապէս պէտք էր գերմիջնորդի հանգամանքի դերակատարութիւնը ցուցադրելու համար եւ ըստ այնմ ուղերձներ յղելու: Պաքուն ալ պիտի գիտակցէր այս բոլորէն ետք, թէ հիմա առաջադրանքը թայմ աութ առնելն էր եւ նմանատիպ տարողութեամբ գործողութիւններու չձեռնարկելը:

Այս մէկը որեւէ ձեւով չի նուազեցներ հայկական ռազմական գործօնի դերը, որ փաստուեցաւ  նախասոչիական շրջանին: Ներթափանցման փորձերը ոչ միայն ետ մղուեցան, այլ ստացան համարժէք պատասխաններէն աւելին: Հակառակորդը համոզուեցաւ, որ գործ ունի իրօք մարտունակութեամբ յատկանշուող բանակի հետ, որ թոյլ չի տար իր սահմանէն ներս ներթափանցման որեւէ փորձ:

Հայոց բանակի ցուցաբերած պատշաճ եւ արհեստավարժ հակադարձութիւններուն մասին պիտի շարունակուի գրուիլ տակաւին: Արժէ այս բոլորին մէջ կեդրոնանալ ներազգային այն արտակարգ կարեւոր երեւոյթին վրայ, որ շատ արագ ձեւաւորուեցաւ ե՛ւ իբրեւ մթնոլորտ, ե՛ւ իբրեւ ընդհանուր հոգեբանութիւն, ե՛ւ գիտակցական մակարդակ հայրենիքի մէջ: Կարելի է ըսել, որ երկար ժամանակէ ի վեր նման մթնոլորտ չէր գոյացած հայրենիքի պետական, քաղաքական եւ հասարակական շրջանակներուն մօտ: Ստեղծուած իրավիճակը շատեր համեմատեցին 88-եան օրերու ստեղծուած համազգային տրամադրութիւններուն հետ: Գուցէ նոյնացման փորձը շատ համոզիչ չթուի, այսուհանդերձ կարելի չէ չնկատել, որ այո՛, դրական առումով արտակարգ իրավիճակ ստեղծուեցաւ հայկական սահմանէն ասդին:

Ազգային ժողովի խմբակցութիւններու միացեալ յայտարարութիւնը, իշխանամէտ եւ ընդդիմադիր պատգամաւորներու եւ քաղաքական գործիչներու սահմանամերձ շրջաններ մեկնումը, սահմանապահ զինուորին կողքին ըլլալը, տակաւին` բազմաթիւ կամաւորներու դէպի սահման մեկնումի պատրաստակամութիւնն ու այդ ուղղութեամբ առնուած քայլերը, պարզապէս օրինակներ են ստեղծուած միակամ այդ մթնոլորտի առարկայացման:

Բարացուցական էր հայրենի մտաւորականութեան ամէնէն փայլուն դէմքերէն եւ տարիներ շարունակ Դաշնակցութեան ղեկավարութեան մաս կազմած Ռուբէն Յովսէփեանի բնութագրումը. «Տեսա՛ք, թէ մի ակնթարթում Հանրապետութիւնը ինչպէս վերածուեց Հայրենիքի»:

Ա՛յս է հայկական կողմի անյաղթահարելի առաւելութիւնը: Այս պարագային, մեր հակառակորդը ունի այլ առաւելներ. քարիւղ, ծով, փեթրոտոլար, քանակ, միջոցներ: Չունի սակայն հիմնականը` սեփական հայրենիքի համար մղուող պատերազմի անմնացորդ նուիրուելու պատրաստակամութիւնը: Եւ չունի ա՛յս առաջադրանքին շուրջ անվերապահ համախմբուելու  կամքը:

Հայկական համախմբուածութեան ընդհանուր մթնոլորտին մէջ այս հանգրուանին ներգրաւուեցաւ նաեւ հայկական տեղեկատուադաշտը: Առաջին անգամ ըլլալով քննադատութեան, բացայայտումի, դատապարտանքի սլաքները միանշանակ ուղղուեցան հակառակորդին եւ զօրակցութիւնը արձանագրուեցաւ համընդհանուր` պետական համապատասխան գերատեսչութիւններուն:

Լարուածութեան նուազումին առընթեր, կը թուի, որ մեր տեղեկատուադաշտը վերստին սկսած է ենթարկուիլ փորձութիւններու` տեղ տալով հակառակորդի քարոզչամեքենային պատկանող արտադրութիւններու պատճէնահանումներուն:

Չմոռնանք. ընդամէնը թայմ աութ է, որ առնուած է Պաքուի կողմէ: Եւ թայմ աութը զուտ ռազմական գործողութիւններուն կը վերաբերի: Մինչ, կ՛ահագնանան ապատեղեկատուական  ներթափանցման գործողութիւնները: Անոնք պէտք չէ հատեն հայկական տեղեկատուադաշտի սահմանը, ճիշդ այնպէս, ինչպէս չկրցան հատել հայկական պետական սահմանը:

Երբ հակառակորդին կողմէ ռազմական թէ տեղեկատուական յարձակողապաշտ մօտեցում կայ, պաշտպանողական համակարգը իր բոլոր բաժանմունքներով ամէն բանէ առաջ համախմբուելու եւ համախմբելու ահազանգը կը հնչեցնէ: Այդպէ՛ս շարժեցաւ հայկական կողմը պետական, քաղաքական եւ հասարակական առումներով: Պատճառ չկայ, որ նոյն վարքագիծին չհետեւի եւ նոյնպէս չշարժի նաեւ տեղեկատուական բաժինը:

«Ա.»

Նախորդը

«Սեպտեմբերին Հայաստան-Թուրքիա Սահմանի Բացման Վերաբերեալ Լուրը Անհիմն Է» Կ՛ըսէ Թիւրքօղլու

Յաջորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

RelatedPosts

Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը  Պիտի Հրապարակուի Յառաջիկայ Օրերուն
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Յիշելով «ՈՉ»-ի Շարժումին Յաջողութիւնը

November 24, 2026
Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.