Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Օհանեան. «19-20 Տարեկան Հայ Զինուորները Փայլուն Կերպով Կատարեցին Հրասայլ Վարելու Դժուարագոյն Վարժութիւնները»

August 20, 2014
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

qMESUuxPcYk6JglcyjDiLkqa8Z«Ջերմօրէն կը շնորհաւորեմ հայկական բանակի ամբողջ անձնակազմը` 12 պետութիւններու մասնակցութեամբ տեղի ունեցած «Հրասայլային  պիաթլոն-2014» միջազգային մրցումին  հայ հրասայլորդներուն աշխարհի փոխախոյեանի բարձր տիտղոսին արժանանալնուն, անհատական եւ խմբային պայքարին մէջ բարոյական կորովի, կամքի եւ մասնագիտական բարձր արդիւնքներ ցուցաբերելնուն համար», այս մասին ըսուած է Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեանի` «Հրասայլային  պիաթլոն-2014» միջազգային մրցումին  երկրորդ դիրքը  նուաճելու առիթով հայկական հրասայլային անձնակազմերուն ուղղուած շնորհաւորական ուղերձին մէջ:

«Օգոստոս ամիսը վկայեց ե՛ւ մեր հայրենիքը երիզող մարտական դիրքերուն վրայ, ե՛ւ միջազգային ասպարէզներուն մէջ հայ զինուորին  ունեցած բարձր պատրաստուածութեան մասին: Մերձմոսկովեան «Ալապինօ» զինուորական վարժարանին մէջ, ի տես ամբողջ աշխարհին, 19-20 տարեկան հայ զինուորները փայլուն կերպով կատարեցին հրասայլ վարելու եւ կրակային դժուարագոյն վարժութիւնները, յաղթահարեցին տարբեր արգելքներ եւ դաշնակից ու գործընկեր բանակներուն մէջ կրկին յարգանքով արտասանեցին Հայաստանի Հանրապետութիւն եւ հայկական բանակ անունները:

«Սիրելի՛ հրասայլորդներ,

«Երեսունվեց հրասայլային անձնակազմերու միջեւ լարուած պայքարին մէջ յաջողութիւնն ու յաղթողի իւրայատուկ դափնիները դարձան ձեր հրամանատարներու արհեստավարժութեան, անձնակազմի ուսուցումը ճիշդ եւ հմտօրէն կազմակերպելու, իսկ հայ զինուորին կողմէ  ոչ մէկ դժուարութեան առջեւ ընկրկելով առաջադրանքները կատարելու եւ իր հայրենիքին անունը բարձր պահելու խորհրդանիշ:

«Շնորհակալութիւն կը յայտնեմ բոլորիդ` ձեր վարպետութեան եւ նուիրումին  համար: Վստահ եմ, որ Հայաստանի Հանրապետութեան զինեալ ուժերու իւրաքանչիւր մարտիկ այսօր կը ցանկայ ձեզի նմանիլ եւ հայրենիքին կը ծառայէ այնպէս, ինչպէս դուք», ըսուած է ուղերձին մէջ:

 

 

Նախորդը

Փարիզի Մէջ Հայերը Մասնակցած Են Եզիտիներու Եւ Քիւրտերու Զօրակցութեան Ցոյցին

Յաջորդը

Մեծ Եղեռնի 100-Ամեակի Ծրագիրները Հայաստանի Կառավարութեան 6 Միլիառ Դրամ Պիտի Արժեն

RelatedPosts

Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը  Պիտի Հրապարակուի Յառաջիկայ Օրերուն
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Յիշելով «ՈՉ»-ի Շարժումին Յաջողութիւնը

November 24, 2026
Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.