«Փրեսնա Արմենիա» կը հաղորդէ, որ Պուէնոս Այրեսի կարտինալ, արքեպիսկոպոս Մարիօ Փոլի կիրակի, 17 օգոստոսին քաղաքի հայ կաթողիկէ Նարեկի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ պատարագի ընթացքին յայտարարած է, որ Ֆրանչիսկոս պապը 12 ապրիլ 2015-ին Վատիկանի Ս. Պետրոս տաճարին մէջ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով պատարագ պիտի մատուցէ:
Նարեկի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ հովիւ Փապլու Հաքիմեան «Փրենսա Արմենիա»-ին յայտնած է. «Պապը ընդառաջած է յանուն Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ Ներսէս Պետրոս ԺԹ. կաթողիկոս պատրիարքին` ցեղասպանութեան ճանաչման համար պատարագ մը մատուցելու հրաւէրին»:


