Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Քուոտիթէ. «Արցախի Ձայնը Պէտք Է Այժմ Ալ Լսելի Ըլլայ Միջազգային Հանրութեան Կողմէ»

September 3, 2014
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

0901_NA-SeimasՆախանցեալ օր Ստեփանակերտ հասաւ Լիթուանիոյ Հանրապետութեան խորհրդարանի` Սէյմասի Արցախի Հանրապետութեան հետ բարեկամութեան խումբի պատուիրակութիւնը, որուն կազմին մէջն էին խումբի նախագահ Տալիա Քուոտիթէն, անուանի քաղաքական գործիչ եւ լրագրող Ռիմվիտաս Վալաթքան:

Սէյմասի պատուիրակութիւնը տեսակցեցաւ Արցախի խորհրդարանի Լիթուանիոյ հետ բարեկամութեան խումբի անդամներուն հետ: Հանդիպման ընթացքին կողմերը քննարկեցին հետագայ համագործակցութեան հիմնական ուղղութիւնները, որոնք կը վերաբերին օրէնսդրական, կրթական, գիտական, մշակոյթի եւ առողջապահութեան մարզերուն: Լիթուանիա-Արցախ բարեկամական խումբի պատուիրակութիւնը երէկ նաեւ տեսակցեցաւ Արցախի Ազգային ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեանի հետ:

Ողջունելով պատուիրակութեան անդամները, խորհրդարանի ղեկավարը կարեւոր նկատեց  Լիթուանիոյ Սէյմասին մէջ Արցախի հետ բարեկամութեան խումբի ստեղծումը` նշելով, որ ատիկա Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Ազգային ժողովին  համար միջխորհրդարանական համագործակցութեան նոր մակարդակ էր:

Լիթուանիա-Արցախ բարեկամութեան խումբերու նախագահներ Տալիա Քուոտիթէ  եւ Վահրամ Աթանէսեան Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նախագահին ներկայացուցին աշխատանքային քննարկման արդիւնքները:

Լիթուանիոյ խորհրդարանի պատուիրակութեան ղեկավար Տալիա Քուոտիթէ իր խօսքին մէջ նշեց, որ բարեկամութեան խումբի ստեղծման ժամանակ իրենք առաջնորդուած  են այն գաղափարով, որ նախկին Խորհրդային Միութեան մէջ ազատութեան դրօշը առաջին բարձրացնողը Արցախը եղած է եւ Արցախի ձայնը պէտք է այժմ ալ լսելի ըլլայ միջազգային հանրութեան կողմէ:

Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեան Լիթուանիա-Արցախ բարեկամութեան խումբի նախագահ Տալիա Քուոտիթէն պարգեւատրեց Ղարաբաղեան շարժման 25-ամեակին նուիրուած  յուշամետալով:

Լիթուանիոյ Սէյմասի պատուիրակութեան  ընկերացած են Լիթուանիոյ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Արա Այվազեան եւ «Լիթուանիա -Հայաստան ֆորում»-ի համադրող Արմէն Հայրապետեան:

Հանդիպում Միրզոյեանի Հետ

0901_IMG_0777Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան արտաքին գործոց  նախարար Կարէն Միրզոյեան եւս նախանցեալ օր ընդունեց Լիթուանիոյ Հանրապետութիւն-Արցախի Հանրապետութիւն պատգամաւորական բարեկամութեան խումբի նախագահ Տալիա Քուոտիթէի գլխաւորած պատուիրակութիւնը:

Ըստ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու վարչութեան, արտաքին գործոց նախարարը ողջունած է հիւրերը, կարեւոր նկատելով խումբին գործունէութիւնը Արցախի եւ Լիթուանիոյ միջեւ յարաբերութիւններու զարգացման առումով:

Հանդիպման ընթացքին  նաեւ  քննարկուած են բարեկամութեան խումբի գործունէութեան ծիրին մէջ կարգ մը գործնական ծրագիրներու իրականացման կարելիութիւններն ու հեռանկարները:

Կարէն Միրզոյեան նաեւ անդրադարձած է ազրպէյճանական-ղարաբաղեան տագնապի խաղաղ լուծման հոլովոյթի ներկայ հանգրուանին, ինչպէս նաեւ  Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան միջազգային ճանաչման ուղղութեամբ վերջին շրջանին արձանագրուած ձեռքբերումներուն: Այս ծիրին մէջ  նախարարը ընդգծած  է, որ Լիթուանիոյ խորհրդարանին մէջ Արցախի հետ խորհրդարանական բարեկամութեան խումբի ստեղծումը կարեւոր ներդրում է Արցախի ժողովուրդին  ազատութեան ձգտումներուն  նկատմամբ միջազգային աջակցութեան գործին մէջ:

 

 

Նախորդը

Լիբանանի Նախագահական Ընտրութիւնը Յետաձգուեցաւ 23 Սեպտեմբերին

Յաջորդը

Ըստ Ազրպէյճանի Մէջ Իրանի Դեսպանին. «Ղարաբաղեան Անլոյծ Տագնապը Բացասաբար Կ՛ազդէ Շրջանի Կայունութեան Վրայ»

RelatedPosts

Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը  Պիտի Հրապարակուի Յառաջիկայ Օրերուն
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Յիշելով «ՈՉ»-ի Շարժումին Յաջողութիւնը

November 24, 2026
Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.