Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ստեփանակերտի Մէջ Նշուեցաւ Արցախի Հանրապետութեան Անկախութեան 23-Ամեակը

September 3, 2014
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

7879_bԼեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան մայրաքաղաք Ստեփանակերտի մէջ  Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան  եւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան  նախագահ Բակօ Սահակեան, Արցախի Հանրապետութեան հռչակման 23-րդ տարեդարձին մասնակցելու նպատակով Հայաստանէն եկած պաշտօնական պատուիրակութեան, արցախահայութեան եւ արտերկրէն եկած հիւրերու հետ Վերածնունդի հրապարակէն  հանդիսաւոր քայլերթով այցելեցին Ստեփանակերտի յուշահամալիր:

Նախագահ Սերժ Սարգսեան յարգանքի տուրք մատուցեց Ղարաբաղի անկախութեան համար զոհուած հայորդիներու յիշատակին, ծաղիկներ զետեղեց Արցախի Գերագոյն խորհուրդի առաջին նախագահ Արթուր Մկրտչեանի եւ ղարաբաղեան պատերազմի նահատակներու շիրիմներուն:

Նախագահ Սարգսեանի Շնորհաւորական Ուղերձը

Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան շնորհաւորական ուղերձ յղեց Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան անկախութեան տօնին  առիթով:

Ուղերձին մէջ մասնաւորապէս ըսուած է.  «Սիրելի՛ արցախցիներ, կը շնորհաւորեմ ձեզ Լեռնային Ղարաբաղի անկախութեան տօնին առիթով: Արցախի ժողովուրդին  պատմական ընտրութիւնը  այլեւս անշրջելի իրականութիւն է: Ամբողջ հայութեան աջակցութեամբ, եւ նախ եւ առաջ ձեր անկոտրում կամքի, ձեր գերմարդկային ջանքերուն եւ ճիգերուն շնորհիւ, ինչպէս նաեւ մեծագոյն զոհողութիւններու  գնով, դուք ստեղծեցիք եւ կայացուցիք պետականութիւն:

«Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը  այսօր հպարտօրէն կրնայ կանգնիլ աշխարհի բոլոր այն երկիրներուն շարքին, որոնք շահեկանօրէն կը տարբերին իրենց կազմակերպուածութեամբ, հզօր բանակով եւ պետական կուռ կառոյցներով: Արցախի մէջ ժողովրդավարութեան խորացումը, մշակութային եւ կրթական վերելքը, ինչպէս նաեւ տնտեսական աճի կշռոյթները միայն մեզ չեն տպաւորեր: Արցախը ե՛ւ իրեն, ե՛ւ աշխարհին արդէն ապացուցած է, որ կայացած եւ ծաղկուն պետութիւն ըլլալու համար ունի հզօր քաղաքակրթական պաշար:

«Մեզի պարտադրուած պատերազմը եւ սահմաններու երկայնքին  իրականացուող պարբերական սադրանքները ոչինչ են այն հզօր ոգիին համեմատութեամբ, որ կ՛առաջնորդէ արցախցին եւ ամբողջ հայութիւնը:

«Սիրելի՛ հայրենակիցներ, կրկին կը շնորհաւորեմ բոլորս այս մեծ տօնին առիթով: Կը մաղթեմ խաղաղ երկինք եւ յառաջընթաց»:

 

Նախորդը

Լեւոն Հայրապետեան Տեղափոխուած Է Քաղաքացիական Հիւանդանոց

Յաջորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

RelatedPosts

Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը  Պիտի Հրապարակուի Յառաջիկայ Օրերուն
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Յիշելով «ՈՉ»-ի Շարժումին Յաջողութիւնը

November 24, 2026
Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.