Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական. Ընդլայնել Ճանաչման Աշխարհագրութիւնը

August 29, 2014
| Անդրադարձ, Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

0828California-SenateՔալիֆորնիոյ օրէնսդիր իշխանութեան կամքին միանալով նոյն նահանգին ծերակոյտը եւս միաձայնութեամբ ճանչցաւ Արցախի անկախութիւնը, ճանաչման շարքին դառնալով Միացեալ Նահանգներու հինգերորդ նահանգը:

Քալիֆորնիան Միացեալ Նահանգներու կարեւորագոյն նահանգներէն է, եւ իր ճանաչումը Արցախի Հանրապետութեան կ՛ընկալուի իբրեւ ամերիկեան քաղաքական կարեւորագոյն միջավայրերէն մէկուն որդեգրած դիրքորոշումը:

Եթէ մտաբերենք նաեւ Աւստրալիոյ Նիւ Սաութ Ուէյլզ նահանգի համապատասխան որոշումը, արդէն կը սկսինք տեսնել քաղաքային եւ նահանգային մակարդակներու վրայ Հայ դատի յանձնախումբերու եւ գրասենեակներու կողմէ սկսուած ճանաչման երկրորդ գերակայ ուղղութիւնը:

Արդէն իսկ կային նախադրեալներ, որ ճանաչումէն հատուցում ռազմավարական կարեւոր ուղիի որդեգրումը սկսած էր ուաշինկթընեան կեդրոններու մէջ արդիւնաւորուիլ եւ կրօնական ու հոգեւոր կառոյցներու պահանջատիրութեան առաջին քայլերը նկատուիլ:

Հիմա, նման ժամանակահատուածի ամերիկեան կարեւորագոյն նահանգներէն մէկուն կողմէ այս միաձայն որոշումը անպայման կարեւոր հանգրուան կը նկատուի Արցախի Հանրապետութեան իրաւական ճանաչման աշխատանքներուն մէջ: Եւ պատահական հակազդեցութիւն չէ այն գնահատականը, որ պաշտօնական Ստեփանակերտը թէ՛ նախագահի մամլոյ պատասխանատուին եւ թէ՛ արտաքին գործոց նախարարին ճամբով արժանի գնահատական կու տայ կատարուածին մասին:

Արցախի նախագահի մամլոյ բանբերը յայտնած է,  որ ասիկա կը փաստէ, որ մենք ճիշդ ուղղութեամբ կը շարժինք եւ հետագային ալ պէտք է ունենանք յաջողութիւններ. ըստ Դաւիթ Պապայեանի Ստեփանակերտը ճանաչման ուղղութեամբ պիտի շարունակէ աշխատիլ եւ ամէն ինչ ի գործ պիտի դրուի  ընդլայնելու համար  ճանաչման աշխարհագրութիւնը:

Մինչ  արտաքին գործոց նախարար Կարէն Միրզոյեան կը յայտարարէր, որ Քալիֆորնիոյ այս որոշումը կը հաստատէ Արցախի Հանրապետութեան միջազգային ընտանիքին մաս կազմելու անհրաժեշտութիւնը:

Պարզ է, որ պաշտօնական Ստեփանակերտը ոչ միայն կը քաջալերէ եւ կ՛ողջունէ Հայ դատի յանձնախումբերու որդեգրած Արցախի ճանաչման աշխարհագրութեան ընդլայնման վարքագիծը, այլ նաեւ զայն կը նկատէ նախահանգրուանը` միջազգային ճանաչումին:

Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը զբաղած էր մտահոգութիւն յայտնելով եզիտիներու դէպի Արցախ տարհանման հաւանականութեան կամ աւելի ճիշդը այդ ուղղութեամբ Ստեփանակերտի յայտարարած պատրաստակամութեան վերաբերեալ, երբ «կը պայթէր» ճանաչումի լուրը: Մինչ այդ սակայն թրքական, ազրպէյճանական եւ հրէական քաղաքական խմբաւորումները համակարգած էին իրենց լոպիստական սլաքները տապալելու համար բանաձեւի ընդունումը: Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը յայտնած էր, որ որեւէ պետութեան նահանգ իրաւունք չունի նման որոշումներ կայացնելու: Կամ Լոս Անճելըսի մէջ Ազրպէյճանի գլխաւոր հիւպատոսութիւնը յայտարարութիւն տարածած էր, ուր անընդունելի կը նկատէր Քալիֆորնիոյ ծերակոյտի որոշումը: Հասկնալի է, որ որոշումը անընդունելի է Պաքուի համար: Բայց երբ դաս կը տրուի պետութեան մը նահանգին, թէ իրաւունք ունի կամ չունի այս կամ այն բանաձեւն ու որոշումը ընդունելու, այդ պարագային անընդունելի կը նկատուի տուեալ պետութեան եւ նահանգին կողմէ:

Եւ այստեղ 23/0 յարաբերակցութիւնը, այսինքն` միաձայնութիւնը  կը պարտադրէ իրողութեան պատկերին հետ հաշուի նստիլը անշուշտ նախ Պաքուին եւ ապա ամերիկեան դաշնակցային մակարդակի ղեկավարութեան: Մանաւանդ որ այնտեղ կոչ կայ նաեւ ամերիկեան քոնկրեսին սատարելու Արցախի միջազգային ճանաչումին:

Հակառակ այլ քաղաքական  խմբաւորումներու աջակցութեան Ազրպէյճանը որեւէ կէտ չյաջողեցաւ արձանագրել այս պայքարին մէջ: Բոլոր նախադրեալները կը յուշեն, որ նահանգային մակարդակի վրայ Արցախի անկախութիւնը պաշտօնապէս ճանչցնելու արշաւը պիտի շարունակուի մեծ թափով:  Աւստրալիական թէ ամերիկեան նահանգները կրնան յաջորդել իրարու: Եւ այս ռազմավարութիւնը կը յուշէ, որ արագ առաւելներ ձեռք ձգելով կրնայ ընդարձակուիլ տարբեր ցամաքամասերու քաղաքային թէ նահանգային մակարդակներու վրայ նորանոր ճանաչումներու աշխարհագրութիւնը:

Քալիֆորնիոյ այս վերջին որոշումին մէջ Պաքուի ապահոված 0 արդիւնքը տարբեր հանգամանքներ ունի: Նախ անշուշտ Հայ դատի յանձնախումբի նպատակաուղղուած եւ բարձր արհեստավարժութիւն ձեռք ձգած աշխատանքը, նահանգին հայաշատութիւնը եւ հայկական գործօնի նկատառումը: Գուցէ նաեւ Պաքուի որդեգրած ռազմատենչութիւնը, կացինահարումը, սահմանային ոտնձգութիւնները, խաղաղ գործընթացները արգելակելու անվերջ փորձերը: Այս բոլորին արդիւնքը` 23/0 յարաբերակցութեամբ հայկական յաղթանակը:

 

Նախորդը

Կիրօ Մանոյեան. «Նալբանդեանի Անգարա Այցելութիւնը Ողջունելի Չէ»

Յաջորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

RelatedPosts

Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը  Պիտի Հրապարակուի Յառաջիկայ Օրերուն
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Յիշելով «ՈՉ»-ի Շարժումին Յաջողութիւնը

November 24, 2026
Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.