
Նախկին նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ Եարզէի իր բնակարանին մէջ ընդունեց երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար Ապտել Մութթալեպ Հըննաուին, Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունին եւ երեսփոխաններ Անթուան Զահրան ու Ժամալ Ժարրահը:
Հանդիպումներուն ընթացքին Սլէյման ընդգծեց, որ առեւանգեալ զինուորներուն թղթածրարին անհրաժեշտ կարեւորութիւնը պէտք է ընծայել եւ զայն քաղաքական լարուածութենէն հեռացնել` նկատի ունենալով, որ անիկա անխտիր բոլորին կը վերաբերի:
Զօր. Սլէյման հաստատեց, որ Լիբանանի կառավարութիւնը ամէն ջանք ի գործ կը դնէ վերջ տալու համար այս թղթածրարին եւ վերստանձնելու համար զինուորները` պահպանելով լիբանանեան պետութեան հեղինակութիւնը:
Ան շեշտեց, որ նախագահական ընտրութիւնը երկրին անլոյծ մնացած ապահովական, քաղաքական, սահմանադրական թէ տնտեսական խնդիրներուն բանալին է` աւելցնելով, որ այնքան ատեն որ նախագահական ընտրութիւնը կ՛ուշանայ, երկրին հարցերը պիտի բարդանան:
Զօր. Սլէյման կոչ ուղղեց երեսփոխաններուն ուղղուելու խորհրդարան եւ կատարելու իրենց ազգային եւ սահմանադրական պարտականութիւնը:
Սլէյման ընդունեց նաեւ Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Փաթրիս Փաուլին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան բանակին զինման մանրամասնութիւնները:


