Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արցախի Հանրապետութեան Անկախութեան 23-Ամեակին Առիթով. Արցախեան Ազատամարտին Նուիրուած «Թեւանիկ» Ժապաւէնի Ցուցադրութիւն

September 3, 2014
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

0902_tevanig1Արցախի Հանրապետութեան անկախութեան հռչակման 23-րդ տարեդարձին առիթով, ՀՅԴ «Նիկոլ Աղբալեան» կոմիտէին կազմակերպութեամբ երէկ` երեքշաբթի 2 սեպտեմբեր 2014-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, «Սիթի մոլ»-ի մէջ ցուցադրուեցաւ Ջիւան Աւետիսեանի «Թեւանիկ» ժապաւէնը:

Հայաստանի քայլերգով ձեռնարկին բացումը կատարուեցաւ, ապա բացման խօսքով հանդէս եկաւ Սագօ Գասապեան, որ նշեց, թէ ինչպէ՛ս արցախեան պատերազմին շատ երազներ կորսուեցան, բայց ամէն գնով կարելի եղաւ ազատութիւնը կերտել: «Ներկայիս մղուող պատերազմները քարոզչական բնոյթ ունին, հետեւաբար Ջիւան Աւետիսեանի «Թեւանիկ» ժապաւէնը լաւագոյն միջոցներէն մէկն է քարոզարշաւին», նկատել տուաւ ան, ապա բացուած նկատեց քարոզչամարտի զօրակոչը, որուն բոլորը պէտք է նիւթապէս ու բարոյապէս աջակցին:

Արցախեան պատերազմի տարիները ներկայացնող ժապաւէնը 80 վայրկեան տեւողութեամբ երեք մասով կը պատմէր երեք պատանիներու կեանքը: Ամէն մէկ դերասան կը մարմնաւորէր մարդկային անկախ ճակատագիր մը: Ներկաները ոչ միայն դիտեցին, այլ նաեւ ապրեցան ու զգացին արցախեան պատերազմի սարսափն ու արհաւիրքը:

0902_tevanigՑուցադրութեան աւարտին հանդիսատեսի երկար ծափահարութիւններէն ետք խօսք առաւ բեմադրիչ Ջիւան Աւետիսեան: Պատերազմը տեսած ու ապրած բեմադրիչի երազանքը եղած է տեսածն ու ապրածը պատկերել ու ամբողջ աշխարհին ներկայացնել: Ան արցախեան պատերազմէն առնուած տարբեր ժամանակներն ու տարբեր վայրերու մէջ տեղի ունեցած դէպքերը յաջողած է մէկտեղել ու ներկայացնել աշխարհին «Թեւանիկ» ժապաւէնով: Ապա ան շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր ներկաներուն, իր աշխատակազմին, Հայաստանի Ազգային շարժապատկերի կեդրոնին եւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան կառավարութեան:

Խօսք առաւ նաեւ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան: Ան գնահատեց բեմադրիչը եւ անոր մեծ գործը, որ անձնական փորձառութեան եւ բարձր արուեստի արտացոլումն է: Արցախի բարբառը երբեք արգելք չեղաւ երկխօսութիւնները հասկնալու, նշեց առաջնորդ սրբազանը, այլ պատկերները իրենք կը խօսէին ու կը պատմէին բոլորին հասկնալի լեզուով, ճակատագիրներու եւ կորսուած երազներու լեզուով: Ան յայտնեց նաեւ, որ Արցախի Հանրապետութեան անկախութեան 23-րդ տարեդարձին առիթով ներկայացուած այս ժապաւէնը իր պատգամը տուաւ լիբանանահայութեան, որ իր արիւնը խառնած է նաեւ Արցախի հողին` տալով նահատակներ, որոնց յիշատակը յարգեցինք նաեւ մեր մասնակցութեամբ այսօր:

Լիբանանի մէջ «Թեւանիկ»-ի ցուցադրութեան առիթով յուշանուէրով մը պարգեւատրուեցաւ բեմադրիչ Ջիւան Աւետիսեան:

Պէտք է նշել, որ ցուցադրութեան հասոյթը ամբողջութեամբ պիտի տրամադրուի բեմադրիչ Ջիւան Աւետիսեանին եւ իր աշխատակազմին, որպէսզի յառաջիկային կարելի ըլլայ բեմադրել ու նկարահանել «Վերջին բնակիչը» ժապաւէնը:

Աւարտին վաճառուեցան «Թեւանիկ» ժապաւէնի խտասալիկները:

 

 

Նախորդը

Փինկ Փոնկ. Արաբական Ազգային Խումբերու Աղջկանց 24-րդ Ախոյեանութիւն. Լիբանան Տիրացաւ Պրոնզ Մետալին

Յաջորդը

Թուրքիոյ Մէջ Տասնեակներով Ոստիկաններ Ձերբակալուած Են` «Իշխանութիւնը Տապալելու Մտադրութեան» Մեղադրանքով

RelatedPosts

Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը  Պիտի Հրապարակուի Յառաջիկայ Օրերուն
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Յիշելով «ՈՉ»-ի Շարժումին Յաջողութիւնը

November 24, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի  Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»

November 24, 2026
Բագրատունի. «Անկախութիւնը  Հաւատք Է Ու Կամք»
Գաղութային

Բագրատունի. «Անկախութիւնը Հաւատք Է Ու Կամք»

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.