«Ազդակ»-ի Մասնակցութեամբ` Հայ Մամուլի Ցուցահանդէսի Բացումը Կատարուեցաւ Ս. Փեթերսպուրկի Մէջ
16 հոկտեմբերին Ս. Փեթերսպուրկի մէջ տեղի ունեցաւ «Աշխարհի հայ մամուլը» ցուցահանդէսի բացման պաշտօնական արարողութիւնը: Ձեռնարկին սկիզբը «Փեթերսպուրկի հայեր» շրջանային հասարակական կազմակերպութեան նախագահ Ալեքսանտր Նազարով կարդաց Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեանի ողջոյնի նամակը: Ս. Փեթերսպուրկի Ազգութիւններու տան տնօրէնը շնորհաւորեց ներկաները մամուլի տօնին առիթով: «Հիւպատոս» ամսագիրի գլխաւոր խմբագիր Օլեկ Դաւթեան երախտագիտութեան խօսքեր ուղղեց ձեռնարկի կազմակերպիչներուն, որոնք ներկայացուցին հարիւր հրատարակութիւն` հաւաքուած տասնչորս...



















