Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախագահ Սարգսեան Կարեւոր Նկատեց Սեփական Ճակատագիրը Տնօրինելու Լեռնային Ղարաբաղի Ժողովուրդին Իրաւունքը

October 17, 2014
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter
Զալպեր եւ նախագահ Սարգսեան
Զալպեր եւ նախագահ Սարգսեան

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ  ընդունեց Հարաւային Կովկասի եւ Վրաստանի ճգնաժամի հարցերով Եւրոպական Միութեան յատուկ ներկայացուցիչ Հերպըրթ Զալպերը: Նախագահը կարեւոր նկատեց Եւրոպական Միութեան շարունակական աջակցութիւնը Հայաստանի մէջ ընթացող բարեփոխումներուն: Հանդիպման զրուցակիցները անդրադարձան բանակցային հոլովոյթի վերջին զարգացումներուն` Սոչիի եւ Նիւփորթի վեհաժողովներուն, ինչպէս նաեւ  ամրան Հայաստանի հետ սահմանին եւ Արցախի հետ սահմանագիծին վրայ զինադադարի խախտման հետեւանքով յառաջացած լարուածութեան սրման:

Նախագահ Սերժ Սարգսեան եւ Եւրոպական Միութեան յատուկ ներկայացուցիչը երկուստեք համոզում յայտնեցին, որ խաղաղ բանակցային ուղիով Լեռնային Ղարաբաղի հարցի լուծման միակ կարելի ձեւաչափը ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակն է: Զալպեր վերահաստատեց Եւրոպական Միութեան պատրաստակամութիւնը` շարունակելու աջակցութիւնը բարձր մակարդակով բանակցութիւններու շարունակութեան եւ բոլոր այն գործնական քայլերուն, որոնք կրնան ձեւաւորուիլ խաղաղ բանակցային հոլովոյթին մէջ եւ նպաստել տագնապի լուծման:

Հայաստանի նախագահը շեշտեց, որ հարցին արդար լուծման առանցքը Ղարաբաղի ժողովուրդին կողմէ կամքի ազատ արտայայտութեան միջոցով սեփական ճակատագիրը տնօրինելու իրաւունքն է:   Եւրոպական Միութեան յատուկ ներկայացուցիչը շնորհակալութիւն յայտնեց նախագահ Սերժ Սարգսեանին` այս հանգրուանին մէջ  բանակցութիւններու արդիւնքներուն  վերաբերեալ սպառիչ տեղեկութիւններուն եւ յատուկ պարզաբանումներուն համար` նշելով, որ ստացած տեղեկութիւնները կը զեկուցէ Եւրոպական Միութեան անդամ պետութիւններուն: Հանդիպման ընթացքին զրուցակիցները միտքեր փոխանակեցին նաեւ այս ամսեվերջին Փարիզի մէջ Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտի նախաձեռնութեամբ տեղի ունենալիք Ֆրանսայի, Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի նախագահներու եռակողմ հանդիպումէն ակնկալութիւններուն վերաբերեալ:

Նախագահ Սարգսեան. «Նոյն Ոգիով Շարունակեցէ՛ք,
Եւ Ձեզ Աւելի Կը Սիրեն»

Նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ ընդունեց տեղեկատուական արհեստագիտութեան մարզին մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան  նախագահի 2014 թուականի կրթական պարգեւներուն արժանացած ուսանողները եւ աշակերտները:   Նախագահի նստավայրին մէջ  տեղի ունեցած պարգեւատրման հանդիսաւոր արարողութեան ընթացքին նախագահ Սերժ Սարգսեան մրցանակակիրներուն յանձնեց անոնց շնորհուած պարգեւները: Իւրաքանչիւր վկայագիրի հետ երիտասարդները ստացան յուշանուէր մը եւ դրամական պարգեւ: Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի տարեկան կրթական պարգեւին այս տարի արժանացան 26 ուսանողներ եւ 16 աշակերտներ: Նկատի առնելով Հայաստանի մէջ տեղեկատուական արհեստագիտութեան զարգացման համալսարանական կրթական համակարգին մէջ ունեցած մեծագոյն ներդրումը, ինչպէս նաեւ «Սինոփսիս Արմենիա» ընկերութեան 10-ամեակին առիթով «Սինոփսիս» ընկերութեան նախագահ, գլխաւոր գործադիր տնօրէն Չի-Ֆուն Չան եւս արժանացաւ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի կրթական պարգեւին: Պարգեւատրման արարողութեան ընթացքին նախագահ Սերժ Սարգսեան շնորհաւորեց բարձր յառաջադիմութիւն ցուցաբերած եւ նախագահի 2014 թուականի կրթական պարգեւներուն արժանացած ուսանողները եւ աշակերտները` անոնց մաղթելով յաջողութիւն:

«Նոյն ոգիով շարունակեցէ՛ք, եւ ձեզ շատ աւելի կը սիրեն», ըսաւ նախագահ Սերժ Սարգսեան իր արտասանած խօսքին մէջ:

Նախորդը

Սպիտակ Տունը Պիտի Ցուցադրէ Հայ Որբերու Գորգը

Յաջորդը

Մրցանակ` Արցախի Նախագահին

RelatedPosts

Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը  Պիտի Հրապարակուի Յառաջիկայ Օրերուն
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Յիշելով «ՈՉ»-ի Շարժումին Յաջողութիւնը

November 24, 2026
Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.