Գլխաւոր լուրեր

Կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» Հրատարակչատան Գրատարածի. Երկրորդ Տարին Ըլլալով` Հայաստանեան Հրատարակութիւններու Ցուցահանդէսի Բացման Հանդիսութիւն

Կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան գրատարածին, երկրորդ տարին ըլլալով «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ երէկ` երեքշաբթի, 14 հոկտեմբեր 2014-ին տեղի ունեցաւ հայաստանեան հրատարակութիւններու ցուցահանդէսի բացման հանդիսութիւնը, ինչպէս նաեւ` Համազգայինի հրատարակութիւններու զեղչ-վաճառքը: Այս ցուցահանդէսին կը մասնակցին նաեւ Պոլիսէն եւ Լիբանանէն հայկական հրատարակչատուներ` իրենց հաւաքածոներով: Արազ Մարոնեան-Սերոբեան Սէյրանուհի Գեղամեան Ցուցահանդէսին բացման առիթով Համազգայինի անունով բացման խօսքը արտասանեց Արազ Մարոնեան-Սերոբեան: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց ցուցահանդէսի...

1013_Serj_Kaspar

Նախագահ Սարգսեան Գասպար Կարապետեանին Յանձնեց Մխիթար Գոշի Մետալը

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագար Սերժ Սարգսեան երէկ ընդունեց ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ դատի գրասենեակի նախագահ Գասպար Կարապետեանը: Հանրապետութեան նախագահը Գասպար Կարապետեանին, ծաւալած հայանպաստ ակնառու գործունէութեան համար, յանձնեց Հայաստանի Հանրապետութեան պետական բարձր պարգեւ` Մխիթար Գոշի մետալ, որով ան պարգեւատրուած էր Անկախութեան տօնին առիթով: Նախագահը շնորհաւորեց եւ հետագայ յաջողութիւն մաղթեց Գասպար Կարապետեանին: ԱՊՀ-ի Գաղթի Մարմիններու Ղեկավարներուն Հետ Հանդիպում Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ ընդունեց...

121014EleniTheocharus-Info

Արցախի Մէջ. Նախագահ Բակօ Սահակեան Ընդունեց Էլենի Թէոխարուսը

Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան 12 հոկտեմբերին ընդունեց Եւրոպական խորհրդարանի երեսփոխան, Եւրոպական Միութիւն-Հայաստան բարեկամական խումբի ղեկավար Էլենի Թէոխարուսը: Այս մասին կը տեղեկացնէ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի տեղեկատուութեան գլխաւոր վարչութենէն: Հանդիպման ընթացքին արծարծուեցան Եւրոպա-Արցախ փոխադարձ գործակցութեան, շրջանային հոլովոյթներուն եւ ազրպէյճանական-ղարաբաղեան տագնապի լուծման վերաբերող շարք մը հարցեր: Նախագահ Սահակեան նշեց, որ Եւրոպայի հետ յարաբերութիւններու զարգացումը կը հանդիսանայ Արցախի արտաքին քաղաքականութեան օրակարգի...

1013_Hovig-Aprahamian_Arm.Community

Աբրահամեան. «Հայաստան – Արցախ – Սփիւռք Եռամիասնութեան Մէջ Է Մեր Յաջողութեան Միակ Գրաւականը»

«Հայրենիք - սփիւռք գործակցութիւնը Հայաստանի կառավարութեան կարեւորագոյն ռազմավարական ուղղութիւններէն է», յայտարարած է վարչապետ Յովիկ Աբրահամեան Ուաշինկթընի մէջ հայ համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ հանդիպման ընթացքին: «Այսօր մենք սփիւռքահայուն գործընկերութիւն կ՛առաջարկենք, պատրաստ ենք կարելիութիւններ ընձեռելու ներդրումներ կատարելու համար, կը ստեղծենք կառուցակարգեր, որպէսզի սփիւռքահայերը հայրենիքի մէջ կարենան շահութաբեր գործունէութիւն ծաւալել: Հայաստանի կառավարութիւնը ատոր երաշխիքը կու տայ»,  ըսած է վարչապետը` շարունակելով. «Հայաստան անբաժանելի է սփիւռքէն,...

IMG_4916

Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» Հրատարակչատան Հրաւէրով. Հայաստանի Հրատարակիչներու Պատուիրակութիւնը Հասաւ Պէյրութ

Երէկ երեկոյեան Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան գրատարածի հրաւէրով Լիբանան հասաւ Հայաստանէն հրատարակիչներու պատուիրակութիւն մը, որուն մաս կը կազմեն Մկրտիչ Կարապետեան` Հայաստանի հրատարակիչներու ազգային միութեան նախագահ եւ  «Էդիտ Պրինտ» հրատարակչատան տնօրէն, Սէյրանուհի Գեղամեան` Հայաստանի մշակոյթի նախարարութեան ներկայացուցիչ, Էմին Մկրտչեան` «Զանգակ» հրատարակչութեան գործադիր տնօրէն, Արամ Մեհրապեան` «Պրինտ ինֆօ-Սարգիս Խաչենց» հրատարակչատան ծրագիրի ղեկավար, Խաչիկ Վարդանեան` «Բուքինիստ» գրահրատարակչատան տնօրէն, Մատլեն Յովսէփեան` «Խնկօ Ապոր» մանկական...

1013_tatoul

Հարցազրոյց Թաթուլ Յակոբեանի Հետ

Երկուշաբթի, 13 հոկտեմբերին, «Ազդակ»-ի «Արսէն Չաղլասեան» ժողովասենեակին մէջ տեղի ունեցաւ հարցազրոյց հայրենի լրագրող եւ «Ազդակ»-ի աշխատակից Թաթուլ Յակոբեանի հետ: Հարցազրոյցը վարեց «Ազդակ»-ի միջազգային լուրերու խմբագիր Վահրամ Էմմիեան: Հարցազրոյցին ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ Եւրասիական տնտեսական միութեան Հայաստանի անդամակցութեան առնչուող տարբեր հարցերու` այդ անդամակցութեան Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան փոխլրացման վարդապետութեան վրայ ունենալիք ազդեցութիւնը, Ազրպէյճանի հետ սերտ յարաբերութիւններ ունեցող երկիրներէ բաղկացած միութեան մը մէջ տիրելիք...

սերպիա

Նոր Էջ` Հայ – Սերպական Յարաբերութիւններուն Զարգացման Մարզին Մէջ. Սերպիոյ Նախագահը Այցելեց Ծիծեռնակաբերդի Յուշահամալիր

Նախագահ Սերժ Սարգսեանի հրաւէրով ուրբաթ, 10 հոկտեմբերի երեկոյեան պաշտօնական այցելութեամբ Հայաստանի Հանրապետութիւն հասաւ Սերպիոյ Հանրապետութեան նախագահ Թոմիսլաւ Նիքոլիչը: Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի նստավայրին մէջ շաբաթ օր տեղի ունեցաւ Սերպիոյ նախագահի դիմաւորման պաշտօնական արարողութիւնը, որուն յաջորդեց երկու երկիրներու նախագահներուն երկկողմանի հանդիպումը: Նախագահ Սերժ Սարգսեան յոյս յայտնեց, որ Սերպիոյ նախագահին այցելութիւնը  նոր խթան կը հաղորդէ հայ-սերպական քաղաքական երկխօսութեան եւ երկկողմանի համագործակցութեան օրակարգը յառաջ...

1012_artsakh-gibros

ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական Կոմիտէն Հիւրընկալեց Եւրոպական Խորհրդարանի Երեսփոխան Էլենի Թէոխարուսը

Երէկ ՀՅ Դաշնակցութեան Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի գրասենեակին մէջ  հիւրընկալուեցաւ Կիպրոսը ներկայացնող Եւրոպական Միութեան խորհրդարանի երեսփոխան, Եւրոպական խորհրդարանին մէջ Եւրոպական Միութիւն - Հայաստան  բարեկամութեան խումբի նախագահ դոկտ. Էլենի ԹԷոխարուսը: Էլենի ԹԷոխարուսին կ՛ընկերակցէին իր օգնական Իոաննիս Խարալամպիտիսը եւ ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ դատի յանձնախումբի նախագահ Գասպար Կարապետեանը: Հանդիպումին ներկայ էին ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Դաւիթ Իշխանեան, ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի անդամներ Լեռնային...

1012_armen-f

«Անյապաղ Իշխանափոխութեան Զոհերը Որո՞նք Պիտի Ըլլան» Հարց Կու Տայ Արմէն Ռուստամեան

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեանը յայտնեց, թէ ինք գիտէր, որ Գագիկ Ծառուկեան կ՛ուզէ նախագահ դառնալ: Այդ պատճառով էր, որ Դաշնակցութիւնը կ՛ուզէր փոխել սահմանադրութիւնը: «Մենք ըսած էինք, որ նախագահի պաշտօնը այդ լիազօրութիւններով պէտք է վերացնել հիմա, ոչ թէ նախագահի աթոռէն ետք, որովհետեւ նախագահի աթոռին եկողը, իր գալէն ետք բացարձակապէս չի մտածեր այդ համակարգը փոխելու մասին», ըստ «Ա1 փլիւս»-ի յայտնեց...

1012_Sitin-Kurd—2

Պէյրութի Մէջ. Քիւրտերը Արաբունարի Զօրակցութեան Ցոյց Մը Կատարեցին

Ցուցարարներէն մաս մը Լիբանանի քիւրտերը երէկ առաւօտեան կատարեցին բազմամարդ բողոքի ցոյց մը, որ սկսաւ Քոլայի հրապարակէն եւ հասաւ ԷՍՔՈՒԱ-ի կեդրոն: Քիւրտերը զօրակցութիւն յայտնեցին Արաբունարին եւ բողոքեցին ՏԱՀԵՇ-ի եւ անոր գործած ահաբեկչութիւններուն դէմ: Ցուցարարները պահանջեցին դէպի Արաբունար ապահով անցքեր բանալ եւ կոչ ուղղեցին ճնշում բանեցնելու թրքական կառավարութեան վրայ` նկատի ունենալով, որ ան կը ձերբակալէ Արաբունարը պաշտպանող երիտասարդները: «Թրքական իշխանութիւնները սուրիական յեղափոխութեան...

«Սեպուհ Շահպազեան Կրթական Ֆոնտ»-ի Մրցանակաբաշխութիւն` Ազգային Առաջնորդարանին Մէջ

Երէկ` կիրակի, 12 հոկտեմբերին, Ս. Նշան Մայր եկեղեցւոյ մէջ Ս. պատարագի աւարտին կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն, վաղամեռիկ Սեպուհ Շահպազեանի մահուան ԺԳ. տարելիցին առիթով: Հոգեհանգստեան պաշտօնին նախագահեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ միաբաններէն Յուսիկ Ծ. վրդ. Մարտիրոսեան, որ կը ներկայացնէր Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանը: Հոգեհանգստեան արարողութեան աւարտին Ազգային առաջնորդարանի դահլիճին մէջ տեղի ունեցաւ «Սեպուհ Շահպազեան ֆոնտ»-ի մրցանակաբաշխութիւնը: Ազգային առաջնորդարանի Ուսումնական խորհուրդին...

1010_Minsk1

Հայաստան Ստորագրեց Եւրասիական Տնտեսական Միութեան Անդամակցութեան Համաձայնագիրը

Երէկ Պիելոռուսիոյ մայրաքաղաք Մինսքի մէջ ԱՊՀ-ի վեհաժողովին յաջորդած Եւրասիական գերագոյն տնտեսական խորհուրդի նիստին ընթացքին յայտարարուեցաւ Եւրասիական տնտեսական միութեան Հայաստանի անդամակցութեան մասին: 1 յունուար 2015-էն պիտի սկսի գործել Եւրասիական տնտեսական միութիւնը, որուն կ՛անդամակցի նաեւ Հայաստան: Հայաստանի նախագահը շնորհակալութիւն յայտնեց Պիելոռուսիոյ` նշելով, որ վերջին տասնամեակին աւանդաբար այդ երկրին մէջ կ՛ընդունին բոլորին համար կարեւոր վճիռները: Նախագահ Սերժ Սարգսեան ըսաւ, թէ համոզուած է, որ...

10406390_956908520993100_6724995391988764119_n

Եւրոպական Պատուիրակութիւնը` Հայաստանի Մէջ

9 հոկտեմբերին Եւրոպական խորհրդարանին մէջ Եւրոպական Միութիւն - Հայաստան բարեկամութեան խումբի նախագահ, եւրոպացի երեսփոխան դոկտոր Էլենի Թէոխարուս այցելեց Հայաստան: Անոր կ՛ընկերակցէին իր խորհրդատուն` դոկտոր Իոաննիս Խարալամպիտիս, Պելճիքայի Լէօվենի կաթողիկէ համալսարանի դասախօս Պեռնար Քուլի եւ Եւրոպայի Հայ դատի յանձնախումբի նախագահ Գասպար Կարապետեան: Երեւանի մէջ պատուիրակութիւնը այցելեց Հայոց ցեղասպանութեան յուշակոթող` Ծիծեռնակաբերդ, ապա հանդիպումներ ունեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային...

1010_Hrant-Markarian-f

Եւրոպական Խորհրդարանի Անդամ Էլենի Թէոխարուսի Այցելութիւնը ՀՅԴ Կեդրոնատեղի

Եւրոերեսփոխան դոկտ. Էլէնի Թէոխարուս եւ ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեան   Եւրոպական Միութեան խորհրդարանի անդամ (Եւրոպայի ժողովրդական կուսակցութիւն, Կիպրոս), Եւրոպական խորհրդարանին մէջ Եւրոպական Միութիւն - Հայաստան բարեկամութեան խումբի նախագահ դոկտ. Էլենի Թէոխարուս, 10 հոկտեմբեր 2014-ին այցելեց Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան «Քրիստափոր Միքայէլեան» կեդրոն եւ հանդիպում մը ունեցաւ ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեանի հետ: Դոկտ. Թէոխարուսին կ՛ընկերակցէին իր օգնականը` Իոաննիս Խարալամպիտիս եւ...

1537774_10152886996492873_2248752113657355231_o

Յունաստանի Դեսպանը Այցելեց Անթիլիաս

Ուրբաթ, 10 հոկտեմբեր 2014-ի առաւօտուն, Անթիլիասի մայրավանքի վեհարանի գրասենեակին մէջ, Արամ Ա. կաթողիկոս ընդունեց Լիբանանի մէջ Յունաստանի դեսպան Քաթրին Պուրան: Դեսպանը եկած էր շնորհաւորելու վեհափառ հայրապետը` Յունաստան կատարած իր յաջող այցելութեան առիթով: Դեսպան Պուրան վեհափառ հայրապետին փոխանցեց Յունաստանի վարչապետին եւ վեհափառ հայրապետին միջեւ տեղի ունեցած շինիչ հանդիպումին արդիւնքները, ինչպէս նաեւ քաղաքական ու կրօնական ղեկավարութեան մեծապէս դրական տպաւորութիւնները: Արամ Ա. կաթողիկոս...

1010_shoushi-f

ՀՅԴ «Շուշի» Կոմիտէ. Յատուկ Հանդիսութիւն` Նուիրուած «Արցախ Ֆոնտ»-ին

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Շուշի» կոմիտէին, երէկ` ուրբաթ, 10 հոկտեմբերի երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Ռաուտայի ակումբին մէջ յատուկ հանդիսութեամբ մը Լիբանանի «Արցախ ֆոնտ»-ի անդամներուն յանձնուեցաւ «Չկրակուած փամփուշտներ» ժապաւէնի վաճառքէն գոյացած գումարը: Այս առիթով բարի գալուստի խօսք արտասանեց Կիրակոս Գարակէօզեան, ապա խօսք առաւ ՀՅԴ «Շուշի» կոմիտէի «Արցախ ֆոնտ»-ի ներկայացուցիչ Վազգէն Յակոբեան, որ նշեց, թէ Արցախի տարածքը 12,000 քմ է, իսկ բնակչութիւնը` միայն 145,000, այդ...

1009_summit

Այսօր Պիտի Որոշուի Հայաստանի` Եւրասիական Տնտեսական Միութեան Անդամակցութեան Ճակատագիրը

Նախագահ Սերժ Սարգսեան աշխատանքային այցելութեամբ այսօր կը մեկնի Պիելոռուսիոյ Հանրապետութիւն` մասնակցելու համար Մինսքի մէջ տեղի ունենալիք ԱՊՀ-ի մասնակից պետութիւններու ղեկավարներու եւ Եւրասիական տնտեսական գերագոյն խորհուրդի նիստերուն: Պիելոռուսիոյ մայրաքաղաքին մէջ այսօր տեղի կ՛ունենան ԱՊՀ-ի եւ Եւրասիական տնտեսական միութեան վեհաժողովները: Հայաստանցիներուն համար հիմնականը համարկումն է` արդեօք Հայաստան կը միանա՞յ Եւրասիական միութեան, արդեօք այս միութեան անդամ Պիելոռուսիա եւ Ղազախստան կ՛ընդունի՞ն Հայաստանը, թէ՞ անդամակցութեան...

B13CB5E4-DC23-441E-892A-150888091990_w640_r1_s

Նալբանդեան Մասնակցեցաւ ԱՊՀ-ի Նիստին

Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան երէկ  մասնակցեցաւ Մինսքի մէջ տեղի ունեցած ԱՊՀ-ի մասնակից պետութիւններու  արտաքին գործոց նախարարներու խորհուրդի նիստին: Օրակարգի  վրայ էին շուրջ երկու տասնեակ հարցեր, որոնց շարքին նաեւ` այսօր տեղի ունենալիք ԱՊՀ-ի վեհաժողովի քննարկման ներկայացուելիք փաստաթուղթերու եւ ԱՊՀ-ի ձեւաչափին մէջ իրականացուող բազմակողմ համագործակցութեան վերաբերեալ հարցեր: ԱՊՀ-ի  երկիրներու արտաքին գործոց նախարարները վաւերացուցին Համաշխարհային Բ. պատերազմի  յաղթանակի 70-ամեակին առիթով...

1009_MUFTI-PATR-ARAM-1

Արամ Ա. Կաթողիկոս Տար Ֆաթուայի Մէջ

Հինգշաբթի, 9 հոկտեմբեր 2014-ի առաւօտուն, Արամ Ա. կաթողիկոս, ընկերակցութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի եւ կաթողիկոսարանի միջեկեղեցական յարաբերութեանց վարիչ Յուսիկ Ծ. վրդ. Մարտիրոսեանի, պաշտօնական այցելութիւն տուաւ Լիբանանի հանրապետութեան միւֆթիի կեդրոնը` Տար Ֆաթուա: Այցելութեան նպատակն էր շնորհաւորել հանրապետութեան նորընտիր Միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիանը: Հանդիպման ընթացքին վեհափառ հայրապետն ու նորընտիր միւֆթին քննարկեցին ընդհանրապէս շրջանի ու յատկապէս Լիբանանի առնչուած շարք...

20141009_095539

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Լիբանանահայ Օգնութեան Խաչի Շրջանային Վարչութիւնը

Հինգշաբթի, 9 հոկտեմբեր 2014-ի առաւօտուն, Արամ Ա. կաթողիկոս իր գրասենեակին մէջ ընդունեց այցելութիւնը տասնմէկ հոգիներէ բաղկացած Լիբանանահայ օգնութեան խաչի Շրջանային վարչութեան: Այցելութեան նպատակն էր ստանալ վեհափառ հայրապետին օրհնութիւնը եւ թելադրանքները: Շրջանային վարչութիւնը ներկայացուց վարչութեան յառաջիկայ երկամեակի ծրագիրները: Անդրադարձաւ հայ աշակերտներու եւ ուսանողներու կրթանպաստին, ծերունիներու խնամքին, կարիքաւոր ընտանիքներու օգնութեան, «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի գործունէութեան, շեշտը դրաւ Լիբանան ապաստան գտած սուրիահայերու օժանդակութեան...

Page 822 of 885 1 … 821 822 823 … 885