Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սահմանադրական Բարեփոխումներու Հայեցակարգը Ներկայացուեցաւ Նախագահ Սարգսեանին

October 17, 2014
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

7f9fe42b8faed885821cc8e70b4d83f6-472x265Սահմանադրական բարեփոխումներու մասնագիտական յանձնախումբը նախանցեալ օր Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահին ներկայացուց յանձնախումբի երեքշաբթի օրուան   նիստին  հաստատուած սահմանադրական բարեփոխումներու  հայեցակարգը:

Նախագահ Սերժ Սարգսեանին նաեւ ներկայացուեցաւ սահմանադրական բարեփոխումներու հայեցակարգի նախագիծին  վերաբերեալ «Ժողովրդավարութիւն` իրաւունքի միջոցով» եւրոպական յանձնաժողովի (Վենետիկի յանձնաժողով) 13 հոկտեմբերի եզրակացութիւնը, որուն «Եզրակացութիւն» բաժինին մէջ մասնաւորապէս, նշուած է.  «Սահմանադրական բարեփոխումներու հայեցակարգի նախագիծը Սահմանադրութեան փոփոխութիւններու ծրարի նախապատրաստման արժէքաւոր եւ յուսալի հիմք է, որ կ՛ամրապնդէ ժողովրդավարական արժէքները եւ կը ստեղծէ իրաւունքի գերակայութեան եւ մարդկային իրաւունքներու նկատմամբ յարգանքի ապահովման անհրաժեշտ պայմաններ: Բարեփոխումներուն նպատակները եւ արտացոլուած ընդհանուր մօտեցումները արժանի են ուժեղ աջակցութեան: Նախագիծին մէջ արտայայտուած իրաւական դիրքորոշումները կը համապատասխանեն Վենետիկի յանձնաժողովի աւանդական մօտեցումներուն»: Վենետիկի յանձնաժողովը, միաժամանակ կ՛ընդգծէ, որ «թէեւ փաստաթուղթը հիմնուած է իրավիճակի համապարփակ իրաւական վերլուծութեան վրայ, կարգ մը այլընտրանքներ նաեւ կը պարունակեն քաղաքական բաղադրիչ, ինչպիսին է խորհրդարանական կառավարման համակարգի ի նպաստ ընտրութիւնը, որ պէտք է լայնօրէն քննարկել երկրին մէջ»: Վենետիկի յանձնաժողովին կարծիքով` «հայեցակարգի նախագիծը կ՛ընձեռէ  բարեփոխումներու կարելիութիւն, որ անպայման պէտք է օգտագործել»:

Սահմանադրական բարեփոխումներու մասնագիտական յանձնախումբը նաեւ հրապարակած է բարեփոխումներու հայեցակարգը եւ ատոր վերաբերեալ Վենետիկի յանձնաժողովին եզրակացութեան անգլերէն բնօրինակն ու ոչ պաշտօնական հայերէն թարգմանութիւնը, ատիկա տեղադրելով Հայաստանի արդարադատութեան նախարարութեան պաշտօնական կայքին մէջ (www.moj.am):  Սահմանադրական բարեփոխումներու հայեցակարգի նախագիծին վերաբերեալ Վենետիկի յանձնաժողովի եզրակացութիւնը նաեւ հասանելի է Վենետիկի յանձնաժողովի պաշտօնական կայքին մէջ (www.venice.coe.int ):

Նախորդը

Սուխումի Հայ Համայնքի Ղեկավարը` Աբխազիոյ Փոխվարչապետ

Յաջորդը

Անգարայի Քաղաքապետը Քիւրտ Անուան Տակ Ծպտուած Հայերը Մեղադրած Է Անկարգութիւններ Հրահրելու Համար

RelatedPosts

Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը  Պիտի Հրապարակուի Յառաջիկայ Օրերուն
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Յիշելով «ՈՉ»-ի Շարժումին Յաջողութիւնը

November 24, 2026
Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.