Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախագահ Սարգսեան Համանախագահներուն Հետ Քննարկեց Փարիզի Մէջ Տեղի Ունենալիք Հանդիպումը

October 18, 2014
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

8733_bՀայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ ընդունեց ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներ Իկոր Փոփովը (Ռուսիա), Փիեռ Անտիոն (Ֆրանսա), Միացեալ Նահանգներու համանախագահի օգնական Տէյվիտ Սալվոն եւ ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Անճէյ Քասփրչիքը:

«Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան ղարաբաղեան տագնապի խաղաղ լուծման բանակցային հոլովոյթի հետագայ քայլերը, ներառեալ` հոկտեմբեր ամսուան աւարտին Փարիզի մէջ տեղի ունենալիք Ֆրանսայի, Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի նախագահներու եռակողմ հանդիպումին վերաբերող հարցեր: Անդրադարձ կատարուեցաւ բանակցային հոլովոյթին չնպաստող խնդիրներուն: Այդ ծիրին մէջ նախագահ Սերժ Սարգսեան մտահոգիչ նկատեց յատկապէս բարձր մակարդակի բանակցութիւններէն առաջ ազրպէյճանական կողմէն դրսեւորուող ապակառուցողական մօտեցումը», փոխանցեց նախագահի մամլոյ ծառայութիւնը:

Նախագահ Սարգսեան վերահաստատեց Հայաստանի պատրաստակամութիւնը` ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներուն հետ շարունակելու բանակցային խաղաղ ճամբով տագնապի լուծման ուղղուած ջանքերը:

Նալբանդեան. «Ազրպէյճան
Պատրաստ Չէ Տագնապի Լուծման»

1017_Nalbandian_Minsk-groupԼեռնային Ղարաբաղի տագնապի խաղաղ լուծման հոլովոյթի, Ֆրանսայի, Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի նախագահներու` հոկտեմբեր ամսուան աւարտին Փարիզի մէջ նախատեսուած հանդիպման նախապատրաստական աշխատանքներուն շուրջ քննարկումները շարունակուեցան ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներ Իկոր Փոփովի, Փիեռ Անտրիոյի եւ ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Անճէյ Քասփրչիքի հետ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանի հանդիպումին ընթացքին:

Ըստ արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ եւ տեղեկատուութեան վարչութեան, Նալբանդեան համանախագահներուն ուշադրութեան յանձնեց այն փաստը, որ Փարիզի մէջ նախագահներու հանդիպման ընդառաջ ազրպէյճանական զինեալ ուժերուն կողմէ բազմապատկուած են զինադադարի խախտումները, ինչ որ դարձած է Պաքուի սովորական գործելաոճը` ղարաբաղեան տագնապի լուծման նուիրուած բարձր մակարդակի հանդիպումներէն առաջ:

Հինգշաբթի երեկոյեան Երեւանի մէջ տեղի ունեցած հանդիպումին ընթացքին Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարը շեշտեց, որ Ազրպէյճան, ձեւացնելով, որ իբրեւ թէ պատրաստ է սկսելու խաղաղութեան համաձայնագիրի մշակումը, մէկ կողմէ կը փորձէ տագնապին շուրջ քննարկումները տեղափոխել այլ հարթակներ, միւս կողմէ` ձախողութեան մատնել միջնորդութեան միջազգային լիազօրութիւն ունեցող ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահութեան հովանիին  ներքեւ տագնապի լուծման հիմնարար սկզբունքներու համաձայնեցման ուղղուած վերջին տարիներու բանակցային հոլովոյթը, որուն ծիրին մէջ տեղի ունեցած են բազմաթիւ վեհաժողովներ, հրապարակուած են ամէնէն բարձր մակարդակով յայտարարութիւններ, տեղի ունեցած են բազմաթիւ հանդիպումներ: Նախարարը շեշտեց, որ Ազրպէյճան իրականութեան մէջ իր ապակառուցողական քայլերով ցոյց կու տայ, որ պատրաստ չէ տագնապի խաղաղ լուծման:

Նալբանդեան նաեւ համանախագահներուն եւ ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչին ուշադրութեան յանձնեց այն, որ նոյն նպատակով ազրպէյճանական կողմը, ցանկալին իրականութեան տեղ մատուցելով, մտացածին յայտարարութիւններ կ՛ընէ, որ իբրեւ թէ համանախագահներուն կողմէ առաջարկուած է մասնագէտներու մակարդակով բանակցութիւններ սկսիլ լուծման` Պաքուի համար նախընտրելի տարրերու շուրջ: Ըստ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարին, վերոյիշեալ փաստով, Փարիզի մէջ տեղի ունենալիք հանդիպումէն առաջ, Ազրպէյճան անգամ մը եւս ցոյց կու տայ իր անլուրջ մօտեցումը:

Էդուարդ Նալբանդեան վերահաստատեց Հայաստանի պատրաստակամութիւնը` Մինսքի խմբակի համանախագահներուն հետ շարունակելու միացեալ ջանքերը` ուղղուած ղարաբաղեան տագնապի բացառապէս խաղաղ լուծման:

Նախորդը

Նախագահ Սարգսեան Սահմանադրական Բարեփոխումներու Վերաբերեալ Իր Դիրքորոշումը Պիտի Յայտնէ 2015 Թուականի Փետրուար-Մարտ Ամիսներուն

Յաջորդը

Ազատ Ոճի Ըմբիշներէն Կազմուած Հայկական Պատուիրակութիւնը Մեկնեցաւ Տաղստան

RelatedPosts

Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը  Պիտի Հրապարակուի Յառաջիկայ Օրերուն
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Յիշելով «ՈՉ»-ի Շարժումին Յաջողութիւնը

November 24, 2026
Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.