Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Ազգային Ժողովի Նախագահ Աշոտ Ղուլեանի Այցելութիւնը Եւրոպայի Հայ Դատի Յանձնախումբի Գրասենեակ

October 18, 2014
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

1017_Ghoulian_EAFJD-offices4Եւրոպայի Հայ դատի գրասենեակը կը հաղորդէ, որ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեան այցելեց Եւրոպայի Հայ դատի յանձնախումբի գրասենեակը եւ հանդիպում մը ունեցաւ ՀՅԴ Պելճիքայի կոմիտէութեան, Հայ դատի յանձնախումբի, Համազգայինի, ՀՄԸՄ-ի, Երիտասարդական միութեան եւ ՀՕՄ-ի ներկայացուցիչներուն եւ Եւրոպայի Հայ դատի  յանձնախումբի գրասենեակի ներկայացուցիչներու հետ: Հանդիպման ներկայ էին նաեւ ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Վիքի Մարաշլեան, Կեդրոնական վարչութեան անդամ Լիզա Աւագեան եւ «Ոչ մէկ տեղ. աքսորի պատմութիւն» գիրքի հեղինակ Աննա Աստուածատրեան: Աշոտ Ղուլեանին կ՛ընկերակցէին դիւանագէտներ Արմինէ Ալեքսանեան եւ Վարդան Բարսեղեան:

Շուրջ երկու ժամ տեւած հանդիպումին ընթացքին Աշոտ Ղուլեան մանրամասնօրէն ներկայացուց Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան ներկայիս դիմագրաւած մարտահրաւէրները, ինչպէս նաեւ վեր առաւ պետականաշինութեան, ժողովրդավարութեան եւ տնտեսութեան զարգացման մարզերուն մէջ վերջին 20 տարիներուն Արցախի արձանագրած զարգացումը:

Պելճիքայի մէջ գործող հայկական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչները վերստին հաստատեցին իրենց պատրաստակամութիւնը մի՛շտ պատնէշի վրայ գտնուելու Հայաստանի եւ Արցախի անվտանգութիւնն ու բարգաւաճումը ապահովելու համար, իսկ Ղուլեան անքակտելի նկատեց Հայաստան – Արցախ – սփիւռք եռամիասնութիւնը:

Հանդիպման աւարտին Աշոտ Ղուլեան արցախեան շարժման 25-ամեակի յուշանուէր – մետալը յանձնեց Եւրոպայի Հայ դատի յանձնախումբի նախագահ Գասպար Կարապետեանին` Արցախի անկախութեան միջազգային ճանաչման ի խնդիր իր տարած աշխատանքին համար:

Նշենք, որ Արցախի Ազգային ժողովի նախագահը Պրիւքսէլ կը գտնուի մասնակցելու համար «Արցախի ամիս» ձեռնարկներու շարքէն քանի մը հատին` Աննա Աստուածատրեանի գիրքի ներկայացման, ինչպէս նաեւ առաջին անգամ ըլլալով` Եւրոպական խորհրդարանին մէջ Արցախի անկախութեան 23-ամեակին նուիրուած հիւրասիրութեան: Աւելի ուշ Եւրոպայի տարածքին պիտի ցուցադրուի «Թեւանիկ» ժապաւէնը` բեմադրիչ Ջիւան Աւետիսեանի ներկայութեամբ:

 

Նախորդը

Հրապարակուեցաւ Շանթ Յարութիւնեանի Եւ Ընկերներուն Գործով Վճիռը. Յարութիւնեան Դատապարտուեցաւ 6 Տարուան Բանտարկութեան

Յաջորդը

ՀՅԴ-ն Սահմանադրական Փոփոխութիւններու Հայեցակարգին Գծով Իր Առաջարկները Պիտի Ներկայացնէ

RelatedPosts

Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը  Պիտի Հրապարակուի Յառաջիկայ Օրերուն
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Յիշելով «ՈՉ»-ի Շարժումին Յաջողութիւնը

November 24, 2026
Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.