Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Համաշխարհային Դրամատունը Պիտի Օգնէ Հայաստանին

October 15, 2014
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

1014_Hovig_WBՈւաշինկթընի մէջ վարչապետ Յովիկ Աբրահամեան տեսակցեցաւ  Համաշխարհային դրամատան  գործադիր կառավարիչ Պերթրան Պատրէի եւ դրամատան փոխնախագահ Լոռա Թաքի հետ:

Վարչապետը բարձր գնահատեց Համաշխարհային դրամատան հետ համագործակցութիւնը եւ նշեց, որ  20 տարուան  գործակցութեան ընթացքին Համաշխարհային դրամատունը կարեւոր դեր ունեցած է Հայաստանի բարեփոխումներու իրականացման հոլովոյթին մէջ,  շուկայական տնտեսութեան անցնելու համար անհրաժեշտ կառոյցներու կայացումէն, կենսական ենթակառոյցներու արդիականացումէն մինչեւ բնակչութեան կենսամակարդակի բարձրացման ուղղուած տնտեսական քաղաքականութեան մշակում եւ իրականացում:

«Յանձնառու մնալով բարեփոխումներու որդեգրուած օրակարգին` մենք պիտի շարունակենք երկրի մրցունակութեան բարձրացման եւ տնտեսութեան զարգացման ուղղուած ջանքերը»,  նշեց Աբրահամեան եւ վստահութիւն յայտնեց, որ Համաշխարհային դրամատան հետ հետագայ համագործակցութիւնը պէտք է ընդլայնի: Մեր ծրագիրները կը շարունակեն պահպանել շրջանի ամէնէն բարձր կատարողական մակարդակը` հետեւողականօրէն զարգացնելով տնտեսութիւնը եւ նուազեցնելով  աղքատութիւնը, ըսած է ան:

Պերթրան Պատրէ, կարեւոր նկատելով գործակցութեան շարունակականութիւնը, նշեց. «Հայաստան  Համաշխարհային դրամատան յուսալի գործընկերն է, եւ մենք  ուրախ ենք շարունակելու համագործակցութիւնը երկարաժամկէտ ծրագիրներ իրականացնելու ուղղութեամբ»:

Լոռա Թաք, գերազանց գնահատելով այս մարզին մէջ Հայաստանի աշխատանքը, շեշտեց.  «Համաշխարհային դրամատունը պիտի շարունակէ օժանդակութիւնը Հայաստանին եւ պիտի օգնէ յառաջ մղելու բարեփոխումները»:

Հանդիպում` Նաեւ Միջազգային Դրամական
Ֆոնտի Տնօրէնին Հետ

1014_Hovig_Christine-LagaradeՎարչապետ Յովիկ Աբրահամեան Միացեալ Նահանգներ աշխատանքային այցելութեան վերջին օրը տեսակցեցաւ Միջազգային դրամական ֆոնտի տնօրէն Քրիսթին Լակարտի հետ: «Մանր տնտեսական հարցերու մէջ Միջազգային դրամական ֆոնտը եղած է եւ կը մնայ Հայաստանի կարեւոր գործընկերը: Այս մարզին կայունութիւնը Հայաստանի անկախացումէն ի վեր երկրի կարեւորագոյն նուաճումներէն է, որուն  տարիներու ընթացքին մեծապէս նպաստած է Միջազգային դրամական ֆոնտը», յայտարարեց վարչապետը:

Աբրահամեան նշեց, որ տարեսկիզբին Միջազգային դրամական ֆոնտի խորհուրդին կողմէ հաստատուած եռամեայ ծրագիրը զարգացման նոր փուլ կը նախանշէ  Հայաստանի տնտեսութեան համար` վստահութիւն յայտնելով, որ ծրագիրի իրականացման շնորհիւ Հայաստան ընդհուպ կը մօտենայ զարգացող շուկաներ ունեցող երկիրներու խումբին:

«Միջազգային դրամական ֆոնտը բոլորին տունն է, եւ Հայաստան այդ ընտանիքին  լիիրաւ անդամն է: Հայաստան  վստահելի գործընկեր է, եւ մենք պիտի շարունակենք համագործակցութիւնը Հայաստանի հետ եւ պիտի օժանդակենք տնտեսութեան զարգացման ուղղուած կառուցային  բարեփոխումներուն»,  յայտարարեց Քրիսթին Լակարտ:

Տեսակցութեան ընթացքին  կողմերը քննարկեցին հետագայ համագործակցութեան առնչուող հարցեր:

 

 

Նախորդը

Հայաստանի Մէջ Ռուսական Ռազմակայանը Լայնածաւալ Ռազմափորձ Կը Կատարէ

Յաջորդը

Նախագահ Սարգսեան Հաստատեց Մարդկային Իրաւունքներու Եւրոպական Դատարանի Մէջ Հայաստանի Դատաւորի Թեկնածուներու Ցանկը

RelatedPosts

Լիբանանահայութիւնը Արժանի Տօնակատարութեամբ Նշեց ՀՅԴ-ի 136-Ամեակը
Գաղութային

Լիբանանահայութիւնը Արժանի Տօնակատարութեամբ Նշեց ՀՅԴ-ի 136-Ամեակը

November 28, 2026
9 Նորագիրներ Միացան ՀՅ Դաշնակցութեան Շարքերուն
Գաղութային

47 Նորագիրներ Միացան Դաշնակցութեան Շարքերուն` Կոչուելով «Արարատ»-ի Սերունդ

November 28, 2026
Սիպիհա. «Ուքրանիան Չի Պատրաստուիր  Ռուսիոյ Սկսած Պատերազմը  Լիպիա Տեղափոխելու»
Գլխաւոր լուրեր

Սիպիհա. «Ուքրանիան Չի Պատրաստուիր Ռուսիոյ Սկսած Պատերազմը Լիպիա Տեղափոխելու»

November 28, 2026
  • Գլխաւոր
  • Մեր մասին
  • Նուիրատուութիւն
  • Կապեր
  • Կապ մեզի հետ
  • PDF արխիւ
Powered by Alienative.net

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։