Սպիտակ տունը յայտարարած է, որ կը պատրաստուի հայ որբերու գործած գորգը 18-23 նոյեմբերին ցուցադրել նախագահական նստավայրի այցելուներու սրահին մէջ: Լուրը մեծ արձագանգ ստացած է թրքական մամուլին մէջ: Սպիտակ տան այդ քայլը մեկնաբանուած է իբրեւ Թուրքիոյ հասցէագրուած ուղերձ:
Մասնաւորապէս թրքական «Էլազիկտանհապեր» լրատու կայքը կը նշէ, որ հայկական գորգի ցուցադրումը կարելի է դիտարկել Անգարայի եւ Ուաշինկթընի միջեւ Ինճիրլիք խարիսխին շուրջ բանակցութիւններու ծիրին մէջ: Միացեալ Նահանգներ կ՛ուզեն խարիսխը օգտագործել ՏԱՀԵՇ ահաբեկչական կազմակերպութիւնը հարուածելու համար: Իբրեւ այս տեսակէտի հիմնաւորում, կը նշուի, որ հայ որբերու գորգը Հայոց ցեղասպանութեան խորհրդանիշ դարձած է, եւ այդ գորգին ցուցադրումը բազմիցս խոչընդոտած է Սպիտակ տունը` մերժելով ատիկա հանել իր պահեստէն:


