
«Հայաստանի մէջ բարձր կը գնահատեն Իրանի հետ ձեւաւորուած սերտ, բարի դրացիական յարաբերութիւնները, որոնք խարսխուած են մեր ժողովուրդներուն միջեւ դարաւոր բարեկամութեան հիմքերուն վրայ», յայտարարեց պաշտօնական այցելութեամբ Իրան գտնուող Հայաստանի վարչապետ Յովիկ Աբրահամեան` Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանիի հետ հանդիպումին ընթացքին:
«Հայ-իրանական յարաբերութիւնները կը գտնուին բարձր մակարդակի վրայ եւ կը շարունակեն զարգանալ փոխադարձ վստահութեան մթնոլորտի մէջ: Ձեռքբերուած պայմանաւորուածութիւնները հիմնականին մէջ կ՛իրականացուին, ինչ որ կը վկայէ երկու երկիրներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող բարեկամական եւ գործնական կապերը աւելի խորացնելու երկուստեք վճռականութեան մասին», նշած է Աբրահամեան:
Նախագահ Հասան Ռուհանի իր կարգին նշած է, որ Իրան պատրաստակամ է օժանդակելու հայկական կողմի նախաձեռնութիւններուն, ինչպէս նաեւ միացեալ ծրագիրներու իրականացման:
Զրուցակիցները կարեւոր նկատած են ուժանիւթի, գիւղատնտեսական եւ մշակութային համագործակցութեան խորացումն ու ընդլայնումը:
Վարչապետը նշած է, որ Հայաստանի անդամակցութիւնը Եւրասիական տնտեսական միութեան կարելիութիւն կ՛ընձեռէ ստանձնելու այդ կառոյցի անդամներուն եւ օտարերկրեայ գործարար համայնքներուն համար կապող օղակի դերակատարութիւն: Աբրահամեան նաեւ ընդգծած է, որ Հայաստանի մէջ նպաստաւոր պայմաններ ստեղծուած են ներդրումներու համար:
Հանդիպումին ընթացքին կողմերը անդրադարձած են Լեռնային Ղարաբաղի եւ շրջանային խնդիրներուն: Վարչապետը նշած է, որ Հայաստան հետամուտ է միայն խաղաղ միջոցով խնդիրի լուծման` ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի ծիրին մէջ: Երկուստեք ընդգծուած է շրջանային տագնապներու խաղաղ լուծման կարեւորութիւնը եւ շրջանին մէջ կայունութեան ապահովման անհրաժեշտութիւնը:
Յովիկ Աբրահամեան նախագահ Հասան Ռուհանիին փոխանցած է Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի հրաւէրը` ներկայ գտնուելու 24 ապրիլ 2015-ին Երեւանի մէջ տեղի ունենալիք Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակի ոգեկոչման արարողութեան:
Իրանի նախագահը Հայաստանի նախագահին եւ հայ ժողովուրդին յղած է իր ջերմ բարեմաղթանքները:
Աբրահամեան Տեսակցեցաւ Իրանի
Առաջին Փոխնախագահին Հետ
Թեհրանի մէջ երէկ տեղի ունեցաւ պաշտօնական այցելութեամբ Իրան գտնուող Հայաստանի վարչապետ Յովիկ Աբրահամեանի եւ Իրանի առաջին փոխնախագահ Էսհաղ Ճահանկիրիի հանդիպումը:
«Այսօր կարելի է փաստել, որ հայ – իրանական յարաբերութիւնները կը գտնուին բարձր մակարդակի վրայ եւ կը շարունակեն զարգանալ փոխադարձ վստահութեան մթնոլորտի մէջ», ըսած է Աբրահամեան` համոզում յայտնելով, որ երկու երկիրներուն միջեւ համագործակցութիւնը նաեւ կը նպաստէ շրջանային խաղաղութեան եւ կայունութեան ամրապնդման:
Ճահանկիրի նշած է, որ երկու երկիրներուն տնտեսական յարաբերութիւնները կը զիջին գոյութիւն ունեցող քաղաքական երկխօսութեան բարձր մակարդակին, եւ վստահութիւն յայտնած է, որ Հայաստանի վարչապետին պաշտօնական այցելութիւնը կը նպաստէ տնտեսական համագործակցութեան աշխուժացման:
Աբրահամեան իր կարգին ըսած է, որ Հայաստանի` Եւրասիական տնտեսական միութեան միանալուն մասին համաձայնագիրը նոր հեռանկարներ կը բանայ երկրի տնտեսութեան հետագայ զարգացման, ինչպէս նաեւ կարելիութիւններ` օտարերկրեայ ներդրումներու համար:
Հայաստանի կառավարութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու վարչութիւնը կը հաղորդէ, որ կողմերը նաեւ անդրադարձած են ռազմավարական նշանակութիւն ունեցող ծրագիրներու իրականացման ընթացքին եւ անոնց հեռանկարներուն:
Հանդիպման աւարտին Աբրահամեան Ճահանկիրիին պաշտօնական այցելութեամբ Հայաստան հրաւիրած է:
Նաեւ Հանդիպում` Զարիֆի Հետ
Երէկ վարչապետ Յովիկ Աբրահամեան նաեւ հանդիպում ունեցած է Իրանի արտաքին գործոց նախարար Մոհամետ Ճաւատ Զարիֆի հետ:
Հանդիպման ընթացքին քննարկուած են շրջանային խնդիրներուն եւ երկկողմ համագործակցութեան վերաբերող հարցեր:
Կողմերը կարեւոր նկատած են շրջանի կայունութիւնը եւ անվտանգութիւնը, տագնապներու խաղաղ միջոցով լուծումը:
Զրուցակիցները նաեւ անդրադարձած են Հայաստանի` Եւրասիական տնտեսական միութեան անդամակցութեան հարցին, կարեւոր նկատած են համագործակցութիւնը միջազգային կառոյցներուն մէջ:
Կողմերը նաեւ քննարկած են երկկողմանի հետաքրքրութիւն ներկայացնող այլ հարցեր եւս:


