Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Վերադարձ Հայաստան» Հիմնադրամ. «Մեր Ապագան Մեր Հողին Հետ Կապուած Պէտք Է Ըլլայ» Ըսաւ Վարդան Մարաշլեան

October 20, 2014
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

1019_repat2«Ռիփաթ Արմինիա» (Վերադարձ Հայաստան) հիմնադրամի պատուիրակութեան անդամները հանդիպում-զրոյց մը ունեցան հանրութեան հետ կիրակի, 19 հոկտեմբեր 2014-ի, երեկոյեան ժամը 6:00-ին, «Աղբալեան -ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրին մէջ:

Բարի գալուստի խօսքը արտասանեց Լեւոն Աւետանեանը, ապա «Վերադարձ Հայաստան» հիմնադրամի գործադիր տնօրէն Վարդան Մարաշլեան ամփոփ գիծերով ներկայացուց հիմնադրամի ստեղծման առաքելութիւնը, որ է դիւրացնել վերադարձը Հայաստան հաստատուիլ որոշողներուն` հայթայթելով այն բոլոր անհրաժեշտ տեղեկութիւնները, որոնք անհրաժեշտ են տեղափոխուողներուն համար: Այս նպատակով ալ պատուիրակութիւնը այցելած է շարք մը երկիրներ եւ հանդիպած հայութեան տարբեր հատուածներու հետ, ինչպէս` Թեհրան, Լոս Անճելըս, Պէյրութ, Քալիֆորնիա եւ այլուր: Ան ըսաւ, թէ հիմնադրամը ստեղծուած է երկու տարի առաջ` 2012 թուականին եւ կը հետապնդէ երեք նպատակ.

1.- Հայրենադարձութեան գաղափարը տարածել եւ իրականութիւն դարձնել:
2.- Հայաստան տեղափոխուիլ որոշողներուն ուղղութիւններ տալ:
3.- Ստեղծել հայրենադարձութեան նպաստող միջավայր:

Ան աւելցուց, որ հիմնադրամը ունի նաեւ իր կայքը, որով կը տրամադրուի տեղեկատուութիւն եւ անձնական փորձառութիւն բոլոր անոնց, որոնք կը ցանկան հաստատուիլ Հայաստանի մէջ: Ներկայիս հայրենադարձներու ցանցը կը հաշուէ մօտ 700 հոգի, որոնք պատրաստ են օգտակար դառնալու այլոց: Ապա պատուիրակութեան անդամները` Րաֆֆի Գասարճեան, Ճորճ Թապաքեան, Արէն Աբիկեան եւ Արտաշէս Շէրիկեան, հերթաբար ելոյթ ունեցան ներկայացնելով Հայաստան հաստատուելու իրենց անձնական փորձառութիւնը, ապա պատասխանեցին ներկաներու հարցումներուն: Հանդիպման ընթացքին արծարծուած հարցերն ու հիմնական գաղափարները կարելի է խտացնել հետեւեալ կէտերուն մէջ:

«Վերադարձ Հայաստան» հիմնադրամը կ՛ապահովէ կրթական, տնտեսական, մշակութային առաջնահերթ բոլոր տեղեկութիւնները Հայաստանի մասին, կ՛օժանդակէ տնտեսական ծրագիրներու ներդրման, աշխատանքի տեղաւորման, ինչպէս նաեւ մասնագիտական խորհրդատուութիւն կ՛ապահովէ տարբեր կազմակերպութիւններու միջոցով: Փորձի փոխանակման միջոցով առաւել կը դիւրացնէ հայրենադարձութեան հոլովոյթը:

Հայաստան արդէն ունի վերադարձի բազմատեսակ կարելիութիւններ. Հայաստանի տնտեսական շուկան ունի իր առաւելութիւնները. սկսած են զարգանալ տնտեսական նոր ոլորտներ, նոր ճիւղեր, որոնք բարձրորակ մասնագէտներու կարիքը ունին ինչպէս օրինակ` համակարգիչի եւ համացանցի ձեւաւորման, ծրագրաւորման, ճարտարագիտական տարբեր ճիւղերու, ելեկտրական ուժանիւթի եւ նման ոլորտներու:

Հայաստանէն դուրս ոչ մէկ երկրի մտահոգութիւնն է հայ ազգի եւ մշակոյթի պահպանումը, հետեւաբար սփիւռքը դէպի ձուլում կը տանի, իսկ հայ մնալու առումով Հայաստանի կարելիութիւնները անփոխարինելի են:

Հայաստան հաստատուիլ փափաքողները նախ պէտք է այցելեն Հայաստան, ուսումնասիրեն, լաւապէս տեղեակ ըլլան պետական կառավարական բոլոր օրէնքներէն, ապա ձեռնարկեն աշխատանքի, որպէսզի բարդութիւններու չհանդիպին:

Հիմնադրամը իր գործունէութիւնը չի կապեր Սուրիոյ վերջին իրադարձութիւններուն հետ, թէեւ նեցուկ կանգնած է Հայաստան ապաստանած սուրիահայերու:

«Վերադարձ Հայաստան» հիմնադրամը նպատակ ունի գալիք տասնամեակներուն իր գործունէութիւնը լայնօրէն ծաւալել Հայաստանի մէջ:

Նախորդը

Լիբանանի Թեմի Կիրակնօրեայ Վարժարաններ Վերամուտի Սուրբ Պատարագ Եւ Հոգեհանգիստ

Յաջորդը

Անգարա Բուռն Կերպով Կը Հակադարձէ Թեհրանին

RelatedPosts

Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը  Պիտի Հրապարակուի Յառաջիկայ Օրերուն
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Յիշելով «ՈՉ»-ի Շարժումին Յաջողութիւնը

November 24, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի  Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»

November 24, 2026
Բագրատունի. «Անկախութիւնը  Հաւատք Է Ու Կամք»
Գաղութային

Բագրատունի. «Անկախութիւնը Հաւատք Է Ու Կամք»

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.