Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ազգային-Ժողովրդական Երգերու Մեկնաբան Լեւոն Գաթրճեանի Մեծարանքի Երեկոյ

October 22, 2014
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

1021_katerԵրկար տասնամեակներէ ետք, լիբանանահայ երաժշտասէր հանրութիւնը, երէկ` երեքշաբթի, 21 հոկտեմբեր 2014-ի երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Պուրճ Համուտի «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ վերյիշեց ու ապրեցաւ Լիբանանի նախապատերազմեան 1960-ական ու 1970-ական թուականներու մշակութային քաղցր յիշատակները: Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի եւ միութենական ներկայացուցիչներու ներկայութեան Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան կազմակերպած հանրայայտ երգիչ Լեւոն Գաթրճեանի մեծարանքի երեկոն իւրայատուկ նախընթաց մը եղաւ լիբանանահայ մշակոյթի վերակենդանացման առումով:

Ալին Նաքքաշեան
Ալին Նաքքաշեան
Բժիշկ Թորոս Թորանեան
Բժիշկ Թորոս Թորանեան

Ձեռնարկին բացումը կատարեց Ալին Նաքքաշեան, որ Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան անունով ողջունեց ներկաները` ներկայացնելով օրուան մեծարեալ արուեստագէտ Լեւոն Գաթրճեանին  հակիրճ կենսագրականը: Յիշելով, որ 2005-ին Արամ Ա. վեհափառին կողմէ Ս. Մեսրոպ Մաշտոց շքանշանով պարգեւատրուած է մեծարեալը, Նաքքաշեան երախտագիտական խօսքեր ուղեց անոր եւ Սեդօ Պաղտասարեանին, իրենց բերած ներդրումին համար հայ մշակոյթի ծաղկումին մէջ: Ապա ան բեմ հրաւիրեց Գաթրճեանը: Ներկաներու բուռն ծափողջոյններուն ներքեւ Լեւոն Գաթրճեան բեմ բարձրացաւ ու իր երբեմնի շատ սիրելի ազգային ու ժողովրդական երգերով մեծապէս խանդավառեց ներկաները, որոնք իւրաքանչիւր երգին ծափերով անոր կրկնութիւնը պահանջեցին: Ապա խօսք առաւ օրուան բանախօս, հրապարակագիր եւ գրող բժիշկ Թորոս Թորանեան, որ ամփոփ կենսագրականով մը ներկայացուց եւ յիշեցուց Լեւոն Գաթրճեանի ներդրումը հայ երաժշտութեան մէջ` ընդգծելով, որ «Լեւոն Գաթրճեանը մեծարելով` կը մեծարենք հայ երգին ուժը, առաքելութիւնը»: Ան նշեց, որ Գաթրճեանի երաժշտական «գանձանակը» կ՛ընդգրկէ շուրջ հինգ հարիւր երգեր: Բարձր գնահատելով թրքախօսութեան դէմ Գաթրճեանի «երաժշտական» պայքարը` Թորանեան յիշեցուց, թէ Եղեռնի սերունդին մեծ մասը թրքախօս էր, որովհետեւ հայկական կարգ մը շրջաններու մէջ (ինչպէս` Այնթէպ) թուրքեր լեզուները կը կտրէին բոլոր անոնց, որոնք հայերէն կը խօսէին, իսկ կարգ մը այլ շրջաններու մէջ (ինչպէս` Կիւրին) թուրքերը իրե՛նք հայերէն կը խօսէին: Թորանեան թուեց այդ շրջանին երաժշտական մարզին մէջ իրենց ներդրումը բերած դէմքեր, ինչպէս` Աշոտ Պատմագրեան, Բարսեղ Կանաչեան եւ շատ ուրիշներ: Ան նաեւ մէջբերեց դէպք մը, ուր անգլիացի միսիոնարներէն պատուելի մը, 12 հայ մանկատի որբուհիներ կը տանի «փրկելու» համար զանոնք եւ թէ ինչպէ՛ս օր մը Թորանեան նշեալ պատուելիի տան մէջ կը հանդիպի այդ 12 որբուհիներէն մէկուն` Շուշանին, որ հայերէն չէր գիտեր, բայց կ՛երգէր «Գետակի վրայ թեքուել է ուռին» միակ երգը, որ կը կամրջէր նշեալ որբուհիները, առանց իսկ այդ երգին իմաստը հասկնալու: «Ահա հայ երգին ուժը», ընդգծեց Թորանեան:

1021_kater1

1021_kater4Այս առիթով իր սրտի խօսքը ըսաւ նաեւ Շահէ եպս. Փանոսեան, որ իր կարգին դրուատեց Լեւոն Գաթրճեանի երաժշտական երկարամեայ վաստակը` նշելով , որ ինք հոն ներկայ է յատկապէս Արամ Ա. վեհափառին թելադրանքով եւ «ստուգելու», թէ Գաթրճեան իր կուրծքին կը կրէ՞ր վեհափառ հայրապետին իրեն պարգեւած շքանշանը: «Գաթրճեան ուխտաւորի ջերմեռանդ ուղեւորութեամբ դէպի Լիբանան կը վերադառնայ ու այսօր աւելի կայտառ է եւ մեծ պատրաստակամութեամբ տրամադիր է շարունակելու իր առաքելութիւնը», ըսաւ Շահէ եպս. Փանոսեան` շնորհաւորհելով մեծարեալը եւ մաղթելով, որ ան երկար մնայ հայ երգի բեմին վրայ: Սրբազան հայրը նաեւ բարձր գնահատեց Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան այս նախաձեռնութիւնը եւ շնորհակալութիւն յայտնեց անոր: Իր կարգին, երգերու իր ներկայացման մէջ մերթ ընթ մերթ ներկաներուն ուղղելով իր խօսքը, Գաթրճեան յայտնեց, թէ ինք վերանորոգ ոգիով տրամադիր է շարունակելու իր սկսած առաքելութիւնը: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց իրեն ի պատիւ այս ձեռնարկին նախաձեռնողներուն եւ կազմակերպողներուն: «Արուեստի իմ առաջին քայլերս հոս առի եւ հոս կը վերադառնամ», շեշտեց ան: Ապա սրբազան հայրը, Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Սեպուհ Այնթէպլեան յատուկ յուշանուէրով մը պատուեցին մեծարեալը: Այս առիթով ներկաներուն ցուցադրուեցան Գաթրճեանի Երեւանի մէջ ունեցած մէկ երգահանդէսէն հատուածներ եւ այս առիթով իրեն հասցէագրուած գնահատանքի ու մեծարանքի խօսքերը: Աւարտին մէկէ աւելի ներկայացուցիչներ ծաղկեփունջերով բեմ բարձրացան ու շնորհաւորեցին Գաթրճեանը:

 

Նախորդը

Աննա Շահնազարեան. «Ես Տակաւին Որոնումներու Մէջ Եմ»

Յաջորդը

Խըրխըզիստան Մտադիր Է 1 Յունուար 2015-ին Մաքսային Միութեան Եւ Եւրասիական Տնտեսական Միութեան Միանալու

RelatedPosts

Ղալիպաֆ. «Մեր Եօթը Պայմաններու  Կատարումէն Առաջ Բանակցութիւններ  Տեղի Պիտի Չունենան»
Գլխաւոր լուրեր

Ղալիպաֆ. «Մեր Եօթը Պայմաններու Կատարումէն Առաջ Բանակցութիւններ Տեղի Պիտի Չունենան»

November 25, 2026
Պաքու Բարձր Կը Գնահատէ Հայաստանի  Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծէն Անկախութեան  Հռչակագիրին Յղման Վերացումը
Գլխաւոր լուրեր

Պաքու Բարձր Կը Գնահատէ Հայաստանի Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծէն Անկախութեան Հռչակագիրին Յղման Վերացումը

November 25, 2026
Պաքուի Մէջ Պահուող Հայ Պատանդները` Ֆրանսայի Նիս Քաղաքի Պատուոյ Քաղաքացիներ
Գլխաւոր լուրեր

Պաքուի Մէջ Պահուող Հայ Պատանդները` Ֆրանսայի Նիս Քաղաքի Պատուոյ Քաղաքացիներ

November 25, 2026
  • Գլխաւոր
  • Մեր մասին
  • Նուիրատուութիւն
  • Կապեր
  • Կապ մեզի հետ
  • PDF արխիւ
Powered by Alienative.net

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։