Երկուշաբթի, 20 հոկտեմբերին, «Ազդակ»-ի «Արսէն Չաղլասեան» ժողովասենեակին մէջ տեղի ունեցաւ հարցազրոյց` «Վերադարձ Հայաստան» հիմնադրամի հիմնադիրներէն Րաֆֆի Գասարճեանի եւ Ճորճ Թապաքեանի հետ: Հարցազրոյցը վարեց «Ազդակ»-ի պատասխանատու խմբագիրներէն Նորա Բարսեղեան:
Զրոյցին ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ նման հիմնադրամի մը հաստատման տուն տուող պատճառներուն. հիմնադիրները դիտել տուին, որ իրենց ապրած անձնական փորձառութենէն մեկնած ուզած են ստեղծել այնպիսի կառոյց մը, որ օգտակար պիտի ըլլայ Հայաստան հաստատուիլ փափաքողներուն, որպէսզի անոնք սխալ ուղիով չսկսին իրենց նոր հանգրուանը, տեղեկութիւններու չգոյութեան պատճառով մեծ դժուարութիւններու չհանդիպին եւ անոնց հայրենիք վերադարձը կարելի եղածին չափ հեզասահ ընթանայ: Անոնք դիտել տուին, որ իրենց հիմնադրամին ճամբով արդէն իսկ մեծ թիւով անձեր այսօր կրցած են աւելի դիւրին կերպով Հայաստան հաստատուիլ, տարբեր մարզերու առնչուող իրենց հարցերը լուծել: Անոնք յատկապէս խօսեցան վերջին տարիներուն Սուրիոյ մէջ տիրող պատերազմական կացութեան պատճառով Հայաստան հաստատուած սուրիահայութեան վերաբերող հարցերուն, զանոնք լուծելու առնչութեամբ ի գործ դրուած ճիգերուն մասին:
Րաֆֆի Գասարճեան եւ Ճորճ Թապաքեան յայտնեցին, որ հայրենիքի մէջ հաստատուելու ճամբուն վրայ ձախողութեան հանդիպած անձերը իբրեւ օրինակ պէտք չէ առնել, բնական է, որ բազում դժուարութիւններ կան, սակայն իրենց հիմնադրամը կը փորձէ այդ հարցերուն իրազեկ դարձնել սփիւռքահայը, անոր խորհուրդներ եւ ուղղութիւն տալ, հայրենիքի մէջ ապրելու եւ գործելու ձեւերուն մասին տեղեկութիւն փոխանցել:
Զրոյցին ընթացքին «Վերադարձ Հայաստան» հիմնադրամի հիմնադիրները կոչ ուղղեցին երիտասարդութեան Հայաստան հաստատուելու երազին կառչած մնալու եւ քաջ գիտնալու, որ իրենք պատրաստ են հոն օժանդակող ձեռք ըլլալու եւ անհրաժեշտ ցուցմունքները տալու:
Հարցազրոյցի տեսերիզը յառաջիկայ օրերուն պիտի տեղադրուի «Ազդակ»-ի կայքին վրայ, ինչպէս նաեւ անոր բովանդակութիւնը լոյս պիտի տեսնէ թերթին մէջ:


