
Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Շահան արք. Սարգիսեան երէկ` ուրբաթ, 14 նոյեմբերին, կէսօրուան ժամը 12:00-ին, Երեւանի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ հանդիպում ունեցաւ հայաստանաբնակ սուրիահայ ժողովուրդի զաւակներուն հետ:
Հաւաքին ներկայ եղան աւելի քան 600 սուրիահայեր, որոնք եկած էին լսելու առաջնորդ սրբազանին պատգամը:
Հոգեհանգստեան աղօթքէն ետք, սրբազան հայրը շնորհակալութիւն յայտնեց ներկայ բազմութեան, որ այսքան կարճ ժամանակամիջոցի մը ընթացքին կրցաւ համախմբուիլ եւ ներկայ ըլլալ` իր բնորոշումով ոչ սովորական հանդիպման: «Սուրիական հայրենիքէն դուրս ենք, սակայն կը հանդիպինք մեր պապենակա՛ն հողին վրայ», ըսաւ սրբազանը` ողջունելով ներկաները, ապա անդրադառնալով յատկապէս Հայաստան հաստատուած սուրիահայերուն, ան յայտնեց. «Մենք փախչող ժողովուրդ չենք, մենք վերադարձող ժողովուրդ ենք, մենք կը վերադառնանք մեր արմատներուն, եւ կ’ուզեմ, որ մեր ոտքերը ամուր ըլլան այստեղ եւ արմատ նետեն հայրենիքին մէջ»:
Սրբազան հայրը անդրադարձաւ նաեւ Սուրիոյ մէջ ապրող հայութեան իրավիճակին, անոր գոյատեւելու կամքին եւ ապրելու վճռակամութեան, «հակառակ տիրող պայմաններուն մեր դպրոցները չփակուեցան, մենք կեանքին կը նայինք լաւատեսութեամբ, յուսահատիլը հակաքրիստոնէական է, մենք Սուրիոյ մէջ «կանք եւ պիտի լինենք» ու կը շարունակենք, մենք անտէր անտիրական չենք, մենք Աստուծոյ եւ ազգի տիրութիւնը ունինք, այո՛ դժուարութիւններ կան, եւ մեզի համար են, մենք պիտի յաղթահարենք այդ դժուարութիւնները»:
Աւարտին Բերիոյ թեմի առաջնորդը հանդիպման ներկայ սուրիահայերուն մաղթեց, որ հայրենիքին մէջ բարգաւաճին` խնդրելով աղօթել Սուրիոյ, սուրիահայութեան եւ սուրիաբնակ իրենց եղբայրներուն եւ քոյրերուն համար:


