
Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան երէկ ընդունած է Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Ճոն Հեֆըրնը: Այս մասին կը յայտնեն Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ ծառայութենէն:
Հաղորդագրութեան մէջ ըսուած է, որ հանդիպումին ընթացքին քննարկուած են 12 նոյեմբերին Ազրպէյճանի զինեալ ուժերուն կողմէ կործանած ուղղաթիռի անձնակազմի ճակատագիրը պարզելու եւ դիակները վերադարձնելու ուղղութեամբ միջազգային ջանքերը համակարգելու քայլերը:


