
Հայաստանի Ազգային ժողովի երէկուան արտակարգ նիստին, երբ կը քննարկուէր կառավարութեան ներկայացուցած` սահմանամերձ համայնքներուն արտօնութիւններ տալու մասին հարցը, Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան պատգամաւոր Արծուիկ Մինասեան նշեց, որ կառավարութեան ներկայացուցած այդ օրէնքը անպայման ողջունելի է: «Յուսամ` այս դրական հատուածը կը պահպանէք, իսկ այստեղէն ներկայացուող առաջարկները նպատակ ունին միայն ու միայն բարելաւելու օրէնքը: Բացի ատկէ, ասիկա այն նախագիծն է, որ միասնականութեան լաւ նախագիծ կրնայ ըլլալ, որովհետեւ դէպի այդ գիւղերը բազմաթիւ այցելութիւններ եղան, խոստումներ ու ակնկալութիւններ ձեւաւորուեցան, եւ շատ լաւ է, որ կառավարութիւնը իր խոստումին տէր կը կանգնի, որուն կապակցութեամբ ալ թոյլ տուէք նաեւ շնորհակալութիւն յայտնել», ըսած է պատգամաւորը: Ան կարեւոր նկատած է, որ կառավարութեան ներկայացուցած երկու օրինագիծերը սահմանամերձ համայնքներու վերաբերեալ ըլլան մէկ ամբողջական ծրարով, նաեւ կարելիութիւն ստեղծուի, որ տարուան մէջ երկու անգամ խորհրդարանը անդրադառնայ այդ խնդիրին: «Գոյութիւն ունի հաշուետուական մեքանիզմ օրէնքի կատարման վիճակի աստիճանի մասին: Շատ լաւ կ՛ըլլար, որ խորհրդարանը ինքնաշխատ կերպով ներգրաւուի այս նախագիծին մէջ շատ լաւ կ՛ըլլայ, որ այդպիսի դրոյթ ներառուի, եւ տարուան մէջ կառավարութիւնը Ազգային ժողովին ներկայացնէ օրէնքի կատարման ընթացքին վերաբերեալ տեղեկատուութիւն», ըսած է Արծուիկ Մինասեան:


