Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան 16 նոյեմբերին ընդունած է ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ, դեսպան Անճէյ Քասփրչիքը: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուած են Լեռնային Ղարաբաղի եւ Ազրպէյճանի զինեալ ուժերու սահմանագիծին վրայ տիրող իրավիճակին վերաբերող հարցեր: Անդրադառնալով վերջերս վարժական թռիչք իրականացնող պաշտպանութեան բանակի ուղղաթիռը հարուածելու դէպքին, նախագահ Սահակեան Ազրպէյճանի գործողութիւնները անուանած է ստոր եւ ապակառուցողական: Երկրին ղեկավարը նշած է, որ Ազրպէյճանի այդպիսի կեցուածքը կը վտանգէ կայունութեան եւ խաղաղութեան պահպանումը շրջանին մէջ եւ կը խոչընդոտէ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի միջնորդական ջանքերը: Բակօ Սահակեան կարեւոր նկատած է միջազգային հանրութեան խիստ եւ հասցէագրուած գնահատականի անհրաժեշտութիւնը` միաժամանակ նշելով, որ Ազրպէյճանի այսպիսի սադրիչ գործողութիւնները անպատասխան պիտի չմնան:
ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ, դեսպան Անճէյ Քասփրչիք երէկ տեսակցած է Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան պաշտպանութեան բանակի հրամանատար Մովսէս Յակոբեանի հետ` քննարկելու համար ուղղաթիռի դէպքին եւ անձնակազմի ճակատագիրին հետ կապուած հարցեր:
Յակոբեան յոյս յայտնած է, որ ԵԱՀԿ իր բոլոր կարելիութիւնները կ՛օգտագործէ` չէզոք գօտիին մէջ կործանուած ուղղաթիռի անձնակազմին ճակատագիրը վերջնականապէս պարզելու եւ ատկէ բխող միւս հոլովոյթները իրականացնելու համար, կը տեղեկացնէ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ ծառայութիւնը:


