Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Եռեակի Հանրահաւաքները Չցրուեցին Հանրութեան Մօտ Գոյութիւն Ունեցող Անորոշութիւնը» Կ՛ըսէ Արմէն Ռուստամեան

November 18, 2014
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter
Արմէն Ռուստամեան
Արմէն Ռուստամեան

Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութիւնը տակաւին յստակ որոշում չունի, թէ ինչպէ՛ս պիտի քուէարկէ Հայաստանի` Եւրասիական տնտեսական միութեան  անդամակցութեան: Լրագրողներուն հետ զրոյցին ընթացքին ըսած է ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Ռուստամեան: Ան նշած է. «Մենք միշտ ալ ըսած ենք, որ Եւրասիական տնտեսական միութեան  հետ համագործակցութիւնը մենք դրական կը  գնահատենք, որովհետեւ ատիկա մեր կենսական անհրաժեշտութեան հարցն է: Մենք շատոնց  հասկցած ենք, որ ասիկա մեր անվտանգութեան գլխաւոր բաղադրիչն է, եթէ մէկը ըսէ, որ այլընտրանքը կայ, ես կ՛երթամ այդ այլընտրանքին ուղղութեամբ, բայց այդ այլընտրանքը մեզի չեն առաջարկած»: Ինչ կը  վերաբերի Եւրասիական տնտեսական միութեան  անդամակցութենէն ետք հայկական դրամի արժեզրկման դրամատնային համակարգի վտանգի գօտիին մէջ յայտնուելու նախատեսութիւններուն, պատգամաւորը նշած է, որ բոլոր ձեւի անդամակցութիւններն ալ վտանգներ կը պարունակեն եւ չկայ այդպիսի միութիւն մը, ուր գերիշխանութեան զիջում չըլլայ: Խօսելով Ռուսիոյ դէմ պատժամիջոցներուն եւ ատոր բացասական ազդեցութեան մասին` Ռուստամեան ըսած է. «Ռուսիոյ դէմ պատժամիջոցները չեն նշանակեր, որ մենք պէտք է Ռուսիայէն աւելի շատ խօսինք ատոր մասին, որովհետեւ ես չեմ կարծեր, որ այդ պատժամիջոցները այնպէս կ՛ընեն, որ Ռուսիա իբրեւ գործօն աշխարհի երեսէն չքանայ: Բոլոր լուրերը այդ մասին միշտ չափազանցուած եղած են, աւելի՛ն, բոլոր պատերազմները եղած են Ռուսիոյ դէմ յարձակումով եւ պարտութեամբ: Ասոնք աշխարհաքաղաքական պայքարի հետ կապ ունեցող հարցեր են եւ մենք այդ պայքարին մէջ պէտք է միշտ այնպէս ընենք, որ ոտքի տակ չիյնանք, իսկ ոտքի տակ չիյնալ կը նշանակէ, որ եթէ երկու կողմերուն մէջ պատնէշներ են, անոնց միջեւ պիտի չդեգերիս, դուն պիտի հասկնաս, որ պատնէշի վրայ ես, եթէ անշուշտ չունիս քու փորած խրամատդ»:

«Եռեակի հանրահաւաքները չցրուեցին հանրութեան մօտ գոյութիւն ունեցող անորոշութիւնը: Չեմ կրնար յայտարարել, թէ հանրութիւնը մտահոգող բոլոր հարցերը պատասխաններ ստացած են: Սակայն ատիկա  բնական է. քաղաքական պայքարին մէջ ամէն բան միանգամայն չ՛ըլլար: Հասարակութիւնը պէտք է պատրաստ ըլլայ երկարատեւ պայքարի, սակայն պէտք է նաեւ հասկնայ, թէ ո՛ւր կը տանի այդ պայքարը, իրակա՞ն են արդեօք առաջադրուած խնդիրները եւ համարժէ՞ք են արդեօք այդ խնդիրներուն համար առաջարկուող լուծումները»,  ըսած է Ռուստամեան: Ան նշած է, որ ՀՅԴ-ն բազմիցս յայտարարած է իշխանափոխութեան անհրաժեշտութեան մասին, սակայն անմիջապէս իշխանափոխութիւն պահանջել` գիտնալով, որ ատիկա տեղի պիտի չունենայ, կը նշանակէ մարդոց մէջ ապագայ յուսախաբութիւն սերմանել:

 

Նախորդը

Կառավարութիւնը Կը Փորձէ Աջակցիլ Սահմանամերձ Համայնքներուն

Յաջորդը

Բակօ Սահակեան. «Ազրպէյճանի Գործողութիւնները Ստոր Եւ Ապակառուցողական Են»

RelatedPosts

Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը  Պիտի Հրապարակուի Յառաջիկայ Օրերուն
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Յիշելով «ՈՉ»-ի Շարժումին Յաջողութիւնը

November 24, 2026
Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.