
Խորհրդարանական երէկուան ասուլիսներուն ընթացքին, խօսելով սահմանադրական փոփոխութիւններու ծիրին մէջ ներքաղաքական իրավիճակին մասին, Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան քարտուղար Աղուան Վարդանեան նշած է. «Հետզհետէ աւելի կը համոզուիմ, որ մենք հանգիստ կրնայինք այս երկու հոլովոյթները չխառնել իրարու: Քաղաքական ուժերը շատ հանգիստ կրնային ներքաղաքական պայքարը պահել օրակարգի վրայ` զուգահեռ զբաղելով սահմանադրական բարեփոխումներու հարցով, որովհետեւ այս երկու հոլովոյթները իրարու չէին խաչաձեւեր: Ատիկա Հայաստանի ապագային համար աւելի շահեկան կ՛ըլլար: Սակայն այսօր մենք այդ իրավիճակը չունինք»:
Խօսելով ընտրական օրէնսգիրքի փոփոխութեան մասին, ան նշեց, որ 100 տոկոս համամասնական ընտրակարգին անցնիլը միշտ եղած է Դաշնակցութեան գերակայ ուղղութիւններէն մէկը: «Այսօր չկայ Հանրապետական կուսակցութեան կողմէ քայլ ընելու նախաձեռնութիւն: Ես կը յորդորէի Հանրապետական կուսակցութեան շատ խիստ եւ շատ թունդ դէմ չըլլալու 100 տոկոս համամասնական ընտրակարգին, օր մըն ալ իրենք պիտի ըսեն, որ կողմ են 100 տոկոս համամասնականին», ըսած է պատգամաւորը: Անոր խօսքով` եռեակը ներկայացուցած է իր պահանջը, կառավարութիւնն ալ ըսած է, որ կը քննարկէ անոնք, եւ լաւատեղեակ չըլլալով եռեակի եւ իշխանութեան ներքին խմորումներուն, կրնայ փաստել, որ ատիկա ոչ մէկ ձեւով կը հակասէ սահմանադրութիւնը բարեփոխելու ՀՅԴ-ի հետեւողական ջանքերուն:
«Շատեր կը մեղադրեն, թէ այդ տեսակէտով Դաշնակցութիւնը կ՛աջակցի իշխանութեան, բայց ես լրիւ հակառակ տեսակէտը ունիմ, շատ աւելի վատ կ՛ըլլար, եթէ Դաշնակցութիւնը հրաժարէր իր սկզբունքէն, ատիկա չէր ըլլար քաղաքական պատասխանատու ուժի մը դիրքորոշումը», ըսած է Աղուան Վարդանեան` աւելցնելով, որ ՀՅԴ-ն կողմնակից է 100 տոկոս համամասնական ընտրակարգին:
Վարդանեան նաեւ նշած է, որ կառավարութիւնը ոչ թէ պատրաստ է խնդիրներ լուծելու, այլ կը մտածէ ձեւացնել, թէ կ՛ուղղուի դէպի այդ խնդիրներու լուծում, եւ կը փորձէ ժամանակը ձգձգելով` հոլովոյթը երկարացնել: «Ես քիչ յոյս ունիմ, որ կառավարութիւնը ինքնակամ այդ քայլը կ՛ընէ, ատոր համար պէտք է ուժեղացնել ճնշումը», ըսած է Աղուան Վարդանեան:


