Հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աուն ընդունեց ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերու հրամանատար զօր. Տիոտաթօ Ապանիարան եւ անոր յայտնեց, որ Լիթանի գետէն հարաւ լիբանանեան բանակի անդամներուն թիւը այս տարեվերջին պիտի հասնի 10 հազար զինուորի` իսրայէլեան ուժերու հեռացումէն ետք հարաւային սահմանին վրայ անվտանգութեան ու կայունութեան հաստատման համար: Բանակը նաեւ ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն հետ պիտի աշխատի` գործադրելու համար Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 որոշումի բոլոր կէտերը, ինչպէս նաեւ ստանձնելու միջազգային ուժերու դիրքերը, երբ սկսին հարաւէն մինչեւ 2027 թուականի աւարտը աստիճանաբար հեռանալ:
«Լիբանան կապի մէջ է եղբայրական ու բարեկամ պետութիւններուն հետ` համակարգելու համար հարաւէն միջազգային ուժերու հեռացումին յաջորդող փուլը` երաշխաւորելու համար շրջանին մէջ անվտանգութիւնն ու ապահովութիւնը», ըսաւ հանրապետութեան նախագահը:
ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն հրամանատարը իր կարգին նախագահը դրաւ միջազգային ուժերու 2027 թուականի սկիզբը հեռանալ սկսելու ընթացքին որդեգրելիք քայլերուն մթնոլորտին մէջ: