Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու ամերիկեան «Սի.Պի.Էս. Նիուզ» պատկերասփիւռի կայանին հետ զրոյցի ընթացքին յայտարարեց. «Համաձայնութիւն գոյացուցինք խաղաղութեան առիթ ընծայելու, եւ ծրագիրին քսան կէտերը չափազանց յստակ են»:
«Հարցը միայն գերիներու վերադարձին չի վերաբերիր, այլ անոր կը յաջորդէ նաեւ զինաթափումը եւ զինուորական ներկայութեան վերացումը», նշեց ան:
«Համաձայնութիւն գոյացուցինք ծրագիրին առաջին մասը գործադրելու եւ անոր երկրորդ բաժինի խաղաղ գործադրութեան առիթ ընծայելու», նշեց Իսրայէլի վարչապետը:
«Եթէ երկրորդ բաժինը խաղաղ կերպով չգործադրուի, ապա լսեցի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի խօսքը, թէ դժոխքի դռները պիտի բացուին», աւելցուց Նեթանիահու: